28 Հունվար, Դշ. Առաջավորաց Պահքի Գ օր

Կայէն, Աբէլ եւ մենք

Կայէն եւ Աբէլ Ադամին եւ Եւային առաջին երկու զաւակներն էին։ Կայէն երկրագործ էր, իսկ Աբէլ՝ հովիւ (Ծն 4.2)։ Երկուքն ալ Տիրոջ ընծայ բերին. Տէրը ընդունեց Աբէլին ընծան, իսկ Կայէնին ընծան՝ մերժեց։ Ասիկա պատճառ եղաւ որ Կայէն սպաննէ Աբէլը։ Գանք հիմա յաւելեալ մանրամասնութեանց։

Կայէնի կատարած սպաննութիւնը ընդհանրապէս կը վերագրուի իր եղբօր նկատմամբ իր ունեցած նախանձին, եւ ասիկա ճիշդ է, բայց պէտք է փնտռել այդ նախանձին բուն պատճառը։ Այդ նախանձին պատճառը Աբէլին աստուածսիրութիւնն էր։ Աբէլ Աստուծոյ կապուած եւ զԱստուած սիրող անձ մըն էր, մինչդեռ Կայէն այդպիսին չէր։ Ասիկա ենթադրութիւն չէ հարկաւ, այլ՝ Աստուածաշունչով փաստարկելի իրողութիւն։

Բնագիրը ուշադրութեամբ կարդացողը երկու բան կը նշմարէ.-

  1. Ծն 4.3-ին մէջ կը կարդանք. «Ժամանակ մը յետոյ Կայէն երկրի պտուղէն Տիրոջը ընծայ բերաւ»։ Կայէն ե՞րբ Տիրոջ ընծայ բերաւ։ Բնագիրը կ՚ըսէ. «Ժամանակ մը յետոյ»։ Այս բառերը ցոյց կու տան որ Աստուած Կայէնին կեանքին մէջ առաջնահերթ տեղ չէր գրաւեր։ Եթէ Աստուած Կայէնին համար առաջնահերթ ըլլար՝ Կայէն «ժամանակ մը յետոյ» երկրի պտուղէն պիտի չբերէր Աստուծոյ, այլ պտուղներուն հասուննալէն անմիջապէս ետք։

«Ժամանակ մը յետոյ»։ Այս բառերը Աստուծոյ ընծայ բերելու արարողութեան յետաձգման ակնարկութիւն են։ Ընծան շուտով, անմիջապէս կամ արագօրէն չբերուեցաւ, այլ՝ «ժամանակ մը յետոյ»։

Գալով Աբէլին, բնագիրը մեզի չ՚ըսեր որ Աբէլ «ժամանակ մը յետոյ» իր ընծան բերաւ։ Աբէլ առանց ժամանակ կորսնցնելու, իր տրամադրութեան տակ եղող «ոչխարներուն անդրանիկներէն ու անոնց պարարտներէն բերաւ»։

  1. Երկրորդ կէտը որուն ուշադրութիւն պէտք է դարձնել, այն է՝ որ Աբէլին համար կ՚ըսուի, թէ ան «ոչխարներուն անդրանիկներէն ու անոնց պարարտներէն բերաւ» (Ծն 4.4)։ Մինչդեռ, Կայէնին պարագային մեզի չ՚ըսուիր եթէ երբեք բերուած պտուղը լաւագոյնէն եւ ամենէն ընտիրէն էր։

«Անդրանիկ» եւ «պարարտ» բառերը, ցոյց կու տան որ Աստուած Աբէլին կեանքին ու սրտին մէջ գրաւած էր ամենէն տաքուկ եւ ամենէն թանկարժէք տեղը։ Աբէլ խոտելի ու անարգ ոչխար չընծայեց Աստուծոյ, այլ՝ անոնց «անդրանիկներէն ու պարարտներէն»։ Ան որ կը սիրէ զԱստուած Աբէլեան սիրով՝ պէտք է իր կեանքին լաւագոյնը տայ անոր։ Ինչպէս ըսի, Կայէն բաւական ժամանակ անցնելէ յետոյ Տիրոջ ընծայ բերաւ, իսկ Աբէլ՝ անմիջապէս, շուտով, անյապաղ։ Աբէլ լաւագոյնէն բերաւ, իսկ Կայէն՝ ոչ։ Ասիկա հարկաւ իր հետեւանքը ունեցաւ։ Հետեւանքը եղաւ այն՝ որ «Տէրը Աբէլին ու անոր ընծային նայեցաւ, բայց Կայէնին ու անոր ընծային չնայեցաւ» (Ծն 4.4-5)։

Եթէ Աստուած ընծայողը մերժէ, անոր հետ միասին՝ ընծան ալ կը մերժէ, իսկ եթէ ընծայողը ընդունի՝ ընծան ալ կ՚ընդունի։ Չի կրնար պատահիլ որ Աստուած ընծայողը ընդունի եւ ընծան մերժէ կամ ընծան ընդունի եւ ընծայողը մերժէ։ Աստուած որեւէ ընծայ չ՚ընդունիր եթէ երբեք ընծայողը ինքզինք չէ ընծայած Աստուծոյ։

Աշխարհ իր ամբողջ լիութեամբ Աստուծոյ կը պատկանի (Սղ 24.1). հետեւաբար մարդը չի կրնար Աստուծոյ տալ բան մը որ Աստուծոյ չի պատկանիր։ Բայց կան բաներ որոնք Աստուծոյ չեն պատկանիր այնքան ատեն երբ զանոնք չենք յանձնած իրեն, ինչպէս օրինակ՝ մեր սիրտը, հոգին, միտքը, մէկ խօսքով՝ մեր կեանքը, մեր համակ էութիւնը։ Աստուծոյ ընծայ տալը կրնայ պարտականութեան եւ շահադիտական նկատառումներու արտայայտութիւն ըլլալ, իսկ մեր սիրտն ու հոգին Աստուծոյ յանձնելը՝ սիրոյ եւ վստահութեան արտայայտութիւն է։ Աբէլ սէր ու վստահութիւն ունէր Աստուծոյ նկատմամբ, իսկ Կայէն՝ երբեք։

Աբէլ մօտիկ ու մտերիմ էր Աստուծոյ, իսկ Կայէն՝ ոչ։ Հետագային Կայէնի սերունդը ճանչցուեցաւ իբրեւ անաստուածապաշտ սերունդ, իսկ Աբէլի սերունդը՝ աստուածապաշտ։ Կայէն չսպաննեց Աբէլը պարզապէս որովհետեւ Աստուած ընդունեց անոր ընծան եւ մերժեց իր ընծան։ Ան սպաննեց Աբէլը, Աստուծոյ հետ իր ունեցած մտերմութեան համար, Աստուծոյ հանդէպ իր ցուցաբերած հաւատքին համար, իրմէ տարբեր ըլլալուն համար եւ իրմէ տարբեր կեանք մը ապրելուն համար։

Նայինք մեր այսօրուան։ Այսօր նաեւ աստուածապաշտ մարդիկը կը հալածուին անաստուածապաշտ եւ անաստուած մարդոց կողմէ։ Այսօր, աշխարհիս չորս կողմերը զՔրիստոս դաւանող հաւատացեալներէն շատեր չարչարանքներու կ՚ենթարկուին եւ նոյնիսկ կը սպաննուին։

Այսօր, մեր կեանքին մէջ կան Աբէլներ որոնք իրենց ամենէն լաւն ու ամենէն թանկագինը կ՚ընծայեն Աստուծոյ։ Կան նաեւ Կայէններ, որոնք խոտելին ու անարգը կ՚ընծայեն Աստուծոյ։ Կայէններ՝ որոնք փոխանակ հետեւին Աբէլներու օրինակին եւ իրենք զիրենք նուիրեն Աստուծոյ, ընդհակառակը, կը հալածեն զանոնք։

Ո՛չ միայն Կայէնի բերած ընծան խոտելի էր, այլ նաեւ՝ Կայէնը ինք։ Յովհաննէս առաքեալ կը վկայէ որ Կայէն սպաննեց Աբէլը «որովհետեւ իր գործերը չար էին, մինչ եղբօր գործերը՝ բարի» (Ա.Յհ 3.12)։ Եթէ բերողը չար մէկն է, իր կողմէ բերուածը չի կրնար հաւատքի արտայայտութիւն նկատուիլ։ Աստուած բերողին սրտին կը նայի եւ ո՛չ թէ բերուածին քանակին։ Բերուածը չէ որ կը ճշդէ մարդուն արդար կամ անարդար ըլլալը, այլ բերողին հաւատքն ու ներքին տրամադրութիւնը։

Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Իր հաւատքով էր որ Աբէլ Կայէնէն շա՛տ աւելի լաւ զոհ մատուցանեց Աստուծոյ, եւ այդ հաւատքին համար ալ Աստուած վկայեց իր արդար ըլլալուն մասին, ընդունելով իր մատուցած նուէրները» (Եբր 11. 4)։ Աստուած մեր ձեռքին մէջ եղած նուէրին նայելէ առաջ՝ մեր սրտին մէջ եղած հաւատքին ու սիրոյն է որ կը նայի։

 

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

 

15.12.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․