Որքա՜ն մարդիկ կան որոնք իրենց ամբողջ սիրտով կը հաւատան թէ իրենք փրկուած են կամ փրկութեան արժանի։ Եթէ ասոնցմէ մէկուն կամ միւսին մօտենանք եւ հարց տանք թէ ի՞նչ բանը իրեն կը վստահեցնէ թէ ինք փրկուած մըն է, ան պիտի պատասխանէ ըսելով. «Ես ամէն օր Սուրբ Գիրք կը կարդամ։ Ես ամէն Կիրակի եկեղեցի կ՚երթամ եւ Սուրբ Հաղորդութիւն կը ստանամ։ Ես երկար տարիներէ ի վեր այսինչ կամ այնինչ հոգեւոր ժողովարանը կը յաճախեմ։ Ես… Ես… Ես…»։
Ո՜հ, այս ես-ը քանի՜ քանի՜ հազարաւոր մարդոց տունը քանդած է։ Այս ես-ը ապացոյց մըն է մեր կորսուած ըլլալուն եւ ո՛չ թէ մեր փրկութեան։ Երբ Քրիստոս վերադառնայ այս աշխարհ դատաստանի համար, անհամար թիւով եկեղեցի յաճախող մարդիկ պիտի աղաղակեն ըսելով. «Տէ՛ր, չէ՞ որ մենք ամէն Կիրակի եկեղեցի կու գայինք։ Չէ՞ որ մենք միշտ մարմինդ եւ արիւնդ կը ճաշակէինք։ Չէ՞ որ մենք Սուրբ Գիրքդ կը կարդայինք եւ ուրիշներուն ալ կը թելադրէինք կարդալ»։ Եւ այսպէս, «չէ՞ որ մենք»-երու անհուն շարք մը պիտի լսուի։ Տէրը այդպիսիներուն պիտի պատասխանէ ըսելով. «Բնա՛ւ ձեզ չեմ ճանչնար։ Հեռացէ՛ք ինձմէ դուք բոլորդ, որ չարիք կը գործէիք» (Մտ․ 7.23)։
Այսօր որքա՜ն որքա՛ն Փարիսեցիներ կան մեր մէջ որոնք Փարիսեցիացած են կամայ, իսկ ոմանք ալ՝ ակամայ։ Փարիսեցիներ, որոնք աղօթքի ընթացքին իրենց ձեռքերը կ՚երկարեն դէպի Աստուած, բայց կը զլանան զանոնք երկարել դէպի իրենց ինկած եւ անօթի եղբայրը։ Փարիսեցիներ, որոնք իրենց ծունկերը կը խոնարհեցնեն եկեղեցիներուն մէջ Աստուծոյ ներկայութեան, բայց անդին, կ՚անարգեն եւ կ՚ոտնակոխեն խոնարհն ու հեզը։ Փարիսեցիներ, որոնք եկեղեցի մտնելնուն պէս մոմ կը վառեն, առանց անդրադառնալու որ նախ իրենց սիրտերուն մէջ Յիսուսի սէրն ու հաւատքն է որ պէտք է արծարծեն։ Փարիսեցիներ, որոնք պատարագի ներկայ կ՚ըլլան կամ պատարագ կը մատուցանեն, բայց սակայն երբեք չեն քաշուիր նուազագոյն շահի կամ չնչին հաշիւի համար պատարագելու իրենց եղբայրը կամ քոյրը։
Փարիսեցիները ձեւապաշտութեան, ձեւականութեան եւ ծիսակատարութեան մէջ անմրձելի էին։ Քրիստոս իրենց այս վերաբերմունքին համար խի՛ստ կերպով յանդիմանեց զիրենք (Մտ․ 23)։ Աստուած չի հանդուրժեր ձեւապաշտութիւն, ձեւականութիւն, չոր ու ցամաք ծիսակատարութիւն եւ բարեպաշտական արտաքին կերպեր։ Ծէսը կը մեռնի՛ երբ Աստուծոյ Հոգին բացակայ է անկէ։ Ծիսակատարը կը դառնայ ձեւապաշտ եւ կեղծաւոր երբ իր կատարածը հաւատքի արդիւնք չէ։ Աշխարհի մէջ ո՛չ ոք փրկուած է եւ ո՛չ ոք պիտի փրկուի ծիսակատար, խորհրդակատար, քարոզիչ կամ քարոզ լսող ըլլալուն համար։
Ո՛չ մնայուն կերպով եկեղեցի յաճախողը իր եկեղեցագնացութեամբ թող պարծի եւ ո՛չ ալ եկեղեցիէն ներս առաւօտէն մինչեւ իրիկուն Աստուծոյ աղաղակողը։ Ո՛չ յարատեւօրէն Սուրբ Գիրք կարդացողը թող հպարտանայ եւ ո՛չ ալ Սուրբ Գիրք քարոզողը։ Ո՛չ մոմ վառողը թող կարծէ որ զԱստուած կը գոհացնէ եւ ո՛չ ալ ինքզինք վառողը (Ա.Կր․ 13.3)։ Ո՛չ Աստուծոյ մասին խօսող եկեղեցականը թող ենթադրէ որ ինք զԱստուած կը ճանչնայ եւ ո՛չ ալ ուրիշները Աստուծոյ բերող մը թող խորհի որ ինք Աստուծոյ եկած անձ մըն է։
Աստուծոյ համար երբեք կարեւորութիւն չի ներկայացներ թէ քանի՛ անգամ եկեղեցի գացած ենք, քանի՛ անգամ Սուրբ Գիրքը կարդացած ենք, քանի՛ անգամ Սուրբ Հաղորդութիւն ստացած ենք, քանի՛ անգամ եւ քանի՛ անհատներու օգնած ենք, քանի՛ մարդ կրցած ենք իրեն բերել, քանի՛ քարոզ տուած կամ լսած ենք, քանի՛ աղօթատեղիներ գացած ու աղօթած ենք։ Աստուծոյ համար մէ՛կ բան կարեւոր է. ընդունա՞ծ ենք իր Որդին իբրեւ մեր անձերուն Տէրն ու Փրկիչը։
Աստուծոյ մասին խօսող ամէն մարդ Աստուծոյ սրտին խօսող մը չէ։ Եկեղեցի եկող ամէն անհատ Աստուծոյ եկող մը չէ։ Եկեղեցիին անդամ եղող մը Քրիստոսի չէ որ անդամ եղած կ՚ըլլայ։ Հաղորդութիւն ստացող իւրաքանչիւր անձ Աստուծոյ հետ հաղորդութիւն ունեցող մը չէ։ Ո՛չ մեր թափած արցունքները կրնան իբրեւ փաստ ծառայել որ մենք Աստուծոյ զաւակներն ենք եւ ո՛չ ալ մեր ծունկի գալը անոր խաչին ներքեւ։ Ո՛չ մեր բարձրացուցած ձեռքերը ապացոյց են որ մենք իսկապէս զԱստուած պաշտողներ ու փառաբանողներ ենք եւ ո՛չ ալ մեր երգած հոգեւոր երգերը։
Քրիստոս կ՚ըսէ. «Ճշմարիտ երկրպագուները հոգիով եւ ճշմարտութեամբ պիտի պաշտեն Հայրը, որովհետեւ Հայրն ալ կ՚ուզէ որ իր երկրպագուները այդպիսին ըլլան» (Յհ․ 4.23)։ Ի՞նչ է Քրիստոսի ըսել ուզածը այստեղ։ Իր ըսել ուզածը այն է, որ Աստուած իր երկրպագուներուն մէջ սի՛րտ եւ հոգի՛ կ՚ուզէ տեսնել եւ ո՛չ թէ պարզապէս շարժող շրթունք եւ ծնրադրող ծունկ։ «Ճշմարտութեամբ պիտի պաշտեն Հայրը»։ Դժբախտութիւն է տեսնել մարդիկ, հոգեւորական թէ աշխարհական, որոնք ճշմարիտ Աստուածը ստութեամբ կը պաշտեն։ Կրօնասէր կամ կրօնաւոր ըլլալ բնա՛ւ չի նշանակեր աստուածասէր ըլլալ։
Պօղոս առաքեալ խօսքը ուղղելով Աթենացիներուն, ըսաւ. «Ո՜վ Աթենացիներ, կը տեսնեմ որ ծայր աստիճան կրօնասէր էք ամէն ինչով. որովհետեւ երբ կը պտըտէի եւ աչքէ կ՚անցընէի ձեր պաշտամունքի վայրերը, տեսայ բագին մը, որուն վրայ գրուած էր "Անծանօթ Աստուծոյ"։ Ահա, ինչ որ դուք առանց ճանչնալու կը պաշտէք՝ նոյնը կը քարոզեմ ես ձեզի» (Գրծ․ 17.22)։ Համաձայն այս բառերուն, մեր կրօնասիրութիւնը փաստ մը չէ որ մենք աստուածասէր եւ զԱստուած ճանչցող մարդիկ ենք։ Տուեալ բառերով առաքեալը մեզ կրօնասիրութենէ դէպի աստուածսիրութիւն եւ աստուածճանաչողութիւն կը հրաւիրէ։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից