Խա՛չը եղա՛ւ աշխարհակեցոյց հացին փուռը

Խա՛չը եղա՛ւ մարդկութեան դատապարտութեան կնիքին լուծիչը։ Եղա՛ւ պարտուած մարդիկը անպարտելի դարձնողը։ Եղա՛ւ Աստուծոյ սէրը ճառագայթող արեգակը։ Խա՛չը եղա՛ւ Աստուծոյ փա՛ռքը արտացոլացնող երկինքը։ Եղա՛ւ գերեզմանները արդարներուն հոգիներէն դատարկող Աստուծոյ փողը։ Եղա՛ւ աշխարհակեցոյց Հացին փուռը։ Խա՛չը եղա՛ւ ցօղարձակ ամպ մեղքով տոչորող սիրտերուն համար։ Եղա՛ւ անդորրացնող ամպհովանի։ Եղա՛ւ անմահատու սկիհ։

Այո՛, խա՛չը եղաւ այս բոլորը եւ այս բոլորէն աւելի՛ն, ահա թէ ինչո՛ւ Պօղոս առաքեալ համարձակաբարբառ կերպով կ՚ըսէ. «Քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ» (Գղ 6.14)։ Խաչով պարծիլը, խաչին մասին պանծալի ճառեր արտասանելը չէ։ Ուրիշ բան է խօսիլ խաչի զօրութեան մասին եւ ուրիշ բան է խաչով զօրանալը։ Տարբեր բան է խաչին անյաղթահարելիութիւնը գովաբանելը եւ տարբեր բան է խաչով անյաղթահարելի դառնալը։

Եթէ երբեք առաքեալը Քրիստոսի խաչափայտին մէջ պարզ փայտի մը կտորէն անդին ուրիշ բան չտեսնէր, պիտի չպարծենար անով եւ ո՛չ ալ զանիկա Աստուծոյ զօրութեան նշանը պիտի նկատէր (Ա.Կր 1.18)։ Ան սակայն, պարծեցա՛ւ խաչով եւ զանիկա Աստուծոյ զօրութեան նշանը նկատեց, որովհետեւ անոր մէջ տեսա՛ւ երկնքին եւ երկնայինին յաղթանակը երկրին եւ երկրայինին դէմ։ Տեսա՛ւ Չարին կապուիլն ու չարագործներուս արձակուիլը։ Տեսա՛ւ մարդկութեան նորոգութիւնը։

Տեսա՛ւ յաղթող Սատանային պարտութիւնը եւ պարտուած մարդուն յաղթութիւնը։ Խաչին մէջ տեսա՛ւ վերականգնումը մեղքով ջախջախուած մարդուն եւ ջախջախումը մեղքով ջախջախող Սատանային։ Տեսա՛ւ անմահացումը մահուան դատապարտուած մարդուն եւ մահացումը անմահութեան ձգտող Չարին։ Տեսա՛ւ Աստուծոյ զօրութիւնը եւ պարծեցա՛ւ այդ զօրութեամբ։ Պարծեցաւ եւ հրաւիրեց որ ամբողջ աշխարհ պարծենայ անով։ Առաքեալը պարծեցա՛ւ  եւ  հպարտացա՛ւ խաչով, զօրացա՛ւ եւ քալե՛ց խաչով, յաղթե՛ց եւ յաղթել սորվեցուց խաչով։ Խաչո՛վ էր որ նոր կեանքին հիմը դրուեցաւ եւ խաչո՛վ է որ յաւիտենական կեանքին «բացումը» պիտի կատարուի, որովհետեւ Մարդու Որդիին յայտնուելէն առաջ, նախ անոր «նշանը պիտի երեւի երկինքի մէջ» (Մտ 24.30)։ Խա՛չը նախակարապետն է Քրիստոսի եւ կարապետը քրիստոնեային։

Խա՛չը, շարականագիրին բառերով, եղաւ «Կենաց այն փայտը որ մահացու պտուղին փոխարէն զՔրիստոս պտղաբերեց»։ Ինչպէս իւրաքանչիւր ծառ իրեն յատուկ պտուղը ունի, այնպէս ալ խաչը իբրեւ ծառ ունեցաւ իր պտուղը։ Քրիստոս ի՛նք եղաւ անմահութեան այն պտուղը, որ հասունցաւ խաչին վրայ։ Այդ պտուղէն ուտողը յաւիտեանս կ՚ապրի։ Խաչո՛վ վերցուեցան Կենաց ծառէն ճաշակելու արգելքները։

Խա՛չը եղա՛ւ այն սեղանը, որուն վրայ Աստուծոյ գառնուկը զոհուեցաւ աշխարհի մեղքը սրբելու համար (Յհ 1.29, Ա.Պտ 1.18-19)։ Եղա՛ւ այն սեղանը, որուն վրայ անհունը ամփոփուեցաւ, դատաւորը մահուան դատապարտուեցաւ, օրէնսդիրը անօրինաբար ծեծուեցաւ, բարին ու բարեխօսը չարագործի նման բեւեռուեցաւ, զօրաւորն ու զօրացնողը տկարի մը պէս մխուեցաւ, ազատարարը անշարժութեան դատապարտուեցաւ, ողորմածը անողորմաբար դրուեցաւ, կենդանին եւ կենդանարարը մահացուեցաւ։

Կեանքի Հացը խաչին վրայ էր որ պատրաստուեցաւ։ Խաչապարգեւ այդ հացէն ճաշակողները ալ բնա՛ւ չեն անօթենար։ Այդ Հացին եկող աղքատը հարստացած տուն կը մեկնի։ Իր ձեռքը այդ Հացին կարկառող խոնարհ մարդը՝ այդ Հացով կը բարձրանայ եւ Բարձրեալի զաւակ կը դառնայ։ Քրիստոս իր Հօրը մօտ բարձրանալէ առաջ, նախ խա՛չ բարձրացաւ, որպէսզի մեղքի խաչը բարձրացած մարդկութիւնը, իրմով բարձրացնէ իր Հօրը։ Խա՛չը ուրեմն, մեզ դէպի Բարձրեալն Աստուած բարձրացնող հրեղէն կառքն է։ Խա՛չը երկրաւորներս երկրայինէն վեր բարձրացնող աշտարակն է։

Խա՛չը եղա՛ւ արդարութեան խորան մը, ուր մարդիկ գացին արդարութիւն գտնելու։ Եղա՛ւ աստուածճանաչողութեան ճանապարհ մը, որուն վրայ մարդիկ զԱստուած ճանչցան։ Եղա՛ւ կեանքի եւ մահուան խորհրդանիշ. կեանքի խորհրդանիշ մեզի համար, իսկ մահուան խորհրդանիշ Սատանային համար։ Քրիստոս մահուա՛մբ յաղթեց մահուան իշխանին՝ Սատանային։ Քրիստոս թաղուեցաւ եւ իրեն հետ թաղեց Սատանային բոլոր յոյսերը. յարութիւն առաւ եւ իր յարութեամբ վերակենդանացուց մեր հոգիները։

Քրիստոս կապուեցաւ խաչին վրայ եւ իր կապանքներով մեր մեղքերուն կապանքները լուծեց։ Ան մեզ ազատեց խաչով. դժբախտութի՛ւն է տեսնել այսօր մարդիկ, որոնք կը փորձեն խաչէն ազատիլ փոխանակ խաչով ազատիլ։

Խա՛չը, շարականագիրին բառերով, եղա՛ւ այն սիւնը որ ճեղքելով այս աշխարհին կարմիր ծովը, մեզ կ՚առաջնորդէ փրկութեան նաւահանգիստ։ Մի՛ յանդգնիր առանց Քրիստոսի արիւնով թաթաւուն խաչին, նաւարկելու աշխարհի ծովուն մէջ։

Սիրելի՛ ընթերցող, եթէ կ՚ուզես հաւատքի անմոլոր առաջնորդ մը ըլլալ` խա՛չը առ ձեռքդ իբրեւ մական։ Եթէ կ՚ուզես հաւատքի ախոյեանութեան հասնիլ` մի՛ բաժնուիր Աստուծմէ որ քեզի «հետ է զօրաւոր ախոյեանի մը պէս» (Եր 20.11)։ Մէ՛կ ճանապարհ կայ՝ խա՛չը։ Մէ՛կ ճանապարհորդակից կայ՝ խաչեա՛լը։

Քալե՛նք այդ ճանապարհէն, քալե՛նք խաչեալի՛ն հետ, խաչեալի՛ն քայլերով, հասնելու համար հոն՝ ուր խաչեալն է այսօր (Յհ 17.24)։ Քալե՛նք հաւատքով, քալե՛նք յոյսով, քալե՛նք սիրով։

 

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

 

27.02.26
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․