Մարդը մարդէ աւելի՛ բան մըն է որովհետեւ ան կոչուած է օր մը հրեշտակի նման ըլլալու (Մտ 22.30)։ Ճիշդ չէ՛ մարդուն մէջ միայն մարդը տեսնել երբ Աստուած է որ կ՚ապրի մարդուն մէջ։ Սխա՛լ է մարդուն մէջ միայն մարդկայինը նշմարել երբ աստուածայինն է որ կը ղեկավարէ մարդկայինը։ Ինչպէս արծաթով լեցուած բաժակը տարբեր արժէք ունի եւ հողով լեցուածը՝ տարբեր, այնպէս ալ Աստուծոյ Հոգիով բնակուած մարդը բոլորովին տարբեր է աշխարհայինով բնակուած մարդէն։
Մարդը մարդէ աւելի՛ բան մըն է, որովհետեւ ան միայն մարմի՛ն չէ։ Առարկաներն ու անասուններն ալ մարմիններ ունին, բայց մարդը անոնցմէ աւելի՛ն է, անոնցմէ տարբե՛ր է, որովհետեւ մարմինի կողքին ան ունի աստուածատուր հոգի մը, որ զինք կը դարձնէ յաւիտենական, կը դարձնէ շքեղ ու փառաւոր, կը դարձնէ Աստուծոյ զաւակ եւ հրեշտակ։
Կենդանիներու աշխարհին համար չկա՛յ յարութիւն, չկա՛յ յաւիտենական կեանք, չկա՛յ հանդերձեալ կեանքին մէջ զԱստուած փառաբանելու հարց, բայց այս բոլորը կա՛ն եւ պիտի ըլլա՛ն մարդուն համար եւ մարդուն միջոցաւ։ Ասիկա ապացոյց մը չէ՞ որ մարդը միայն մարմին չէ, միայն մարդ չէ։
Այո՛, մարդը մարդէ աւելի՛ բան մըն է, որովհետեւ ան ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ (Ծն 1.27)։ Երբ Աստուած կը ստեղծէ մարդը ի՛ր ձեռքով, ի՛ր պատկերով եւ ի՛ր փառքով, արդէն ցոյց տուած կ՚ըլլայ որ մարդը մարդէ աւելի՛ն է։ Միթէ մարդը մարդէ աւելի՛ն չ՚ը՞լլար երբ Աստուած զանիկա կը զարդարէ իր փառքով եւ իմաստութեամբ, իր գիտութեամբ եւ սրբութեամբ, իր զօրութեամբ եւ լուսաւորութեամբ։
Մարդը չէ ստեղծուած միայն այս կեանքին համար։ Եթէ մարդը ստեղծուած ըլլար միայն այս կեանքին համար ան ո՛չ միայն մարդէ աւելի՛ բան մը պիտի չըլլար, այլեւ անասուններէն ո՛չ մէկ տարբերութիւն պիտի ունենար, որովհետեւ անասուններն են որ միայն այս կեանքին համար ստեղծուած են։ Թէ մարդը չէ ստեղծուած միայն այս կեանքին համար՝ ապացոյցները բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ են։ Մարդը չ՚ուզեր եւ չի սիրեր մեռնիլ, ասիկա փաստ մը չէ՞ որ մարդը միայն այս կեանքին համար չէ ստեղծուած։ Ո՞վ սորվեցուց մարդուն չսիրել մահը եթէ ոչ անմահն Աստուած որ իր անմահ պատկերով ստեղծեց զանիկա։
Մարդիկ ընդհանրապէս կը սիրեն լոյսը։ Երբ մարդիկ սենեակի մը մէջ նստած ըլլան եւ յանկարծ լոյսը երթայ, անհանգստութեան նշաններ եւ արտայայտութիւններ ցոյց չե՞ն տար։ Ո՞վ սորվեցուց մարդուն սիրել լոյսը եւ նեղանալ խաւարէն եթէ ոչ Աստուած որ իր լոյս բնութեամբ ստեղծեց մարդը։ Մարդը կը սիրէ լոյսը, անմահութիւնն ու յաւիտենականութիւնը, եւ այս բնական բան մըն է, որովհետեւ, լոյս Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդը խաւար եւ խաւարասէր չի՛ կրնար ըլլալ։
Աստուծոյ յաւիտենական պատկերով ստեղծուած եւ յաւիտենականութեան համար ստեղծուած մարդը ժամանակաւոր եւ ժամանակաւորով գոհացող մը չի՛ կրնար ըլլալ։ Անմահ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած եւ անմահութեան համար ստեղծուած մարդը, մահկանացու եւ մահը սիրող մը չի կրնար ըլլալ։ Խո՛րթ է մահը Աստուծոյ անմահութեան պատկերով ստեղծուած մարդուն համար։ Այս բոլորը փա՛ստ են որ մարդը մարդէ ու մարմինէ աւելի՛ն է։
Մարդը մարդէ աւելի՛ն չ՚ը՞լլար երբ կը դառնայ բնակարան Սուրբ Երրորդութեան, գործակից Աստուծոյ, պատուակից սերովբէներու, փառակից ու փառաբանակից քերովբէներու։ Ինչպէս թագաւորի մը սեղանակից եղողը ինքզինք ուրիշներէն աւելի՛ յարգուած եւ մեծարուած կը զգայ, այնպէս ալ Քրիստոսի սեղանակից եղողը՝ ինքզինք գերագոյն փառքի ու պատիւի արժանացած կը սեպէ։
Մարդուն մօտ կը գտնենք մեծնալու, տիրելու, իշխելու, հասնելու, իրագործելու, ընդարձակուելու, ունենալու, գիտնալու եւ գիտցուելու զօրաւոր փափաք։ Սա ճշմարտութիւնը կը հաստատէ որ մարդը մարդէ ու մարմինէ աւելի՛ բան մըն է։ Այս երեւոյթը մենք չենք գտներ կենդանական աշխարհին մօտ։
Մարդը աստուածակիր ըլլալու կոչուած է։ Մարդուն կարողութիւն տրուած է զԱստուած իր մէջ կրելու եւ ունենալու։ Աստուած մարդուն «ռնգունքներէն կենդանութեան շունչ» փչելով, կարծէք իրմէ, իր կեանքէն, իր բնութենէն, իր սրբութենէն, իր սէրէն բան մը դրաւ մարդուն մէջ։ Այո՛, Աստուած իր բնութենէն մասնիկ մը դրաւ մարդուն մէջ եւ ասոր փաստերը շատ են։ Օրինակ, Աստուած բնութեամբ բարի է, իսկ մարդը՝ բարեսէր եւ բարեգործ։ Աստուած լոյս է, իսկ մարդը՝ լուսասէր։ Աստուած սէր է, իսկ մարդը՝ սիրելու եւ սիրուելու ատակ։ Աստուած խաղաղութիւն է, իսկ մարդը՝ խաղաղասէր եւ խաղաղութեան որոնիչ։
Հարկաւ խօսքս Աստուծմէ հեռու գտնուող եւ զԱստուած չճանչցող մարդոց մասին չէ, այլ այնպիսի՛ մարդոց մասին՝ որոնք իսկապէս կը փորձեն աստուածահաճոյ կեանք մը ապրիլ Քրիստոսի շնորհքով։ Հրեշտակի նման ըլլալու կոչուած մարդը կրնայ հրէշի նման ըլլալ երբ հեռանայ Աստուծմէ։ Ամենէն մեղսալից կեանքը ապրող մարդն անգամ տեղ մը կու գայ երբ կ՚անդրադառնայ թէ ինք սխալ ընթացքի մէջ է։ Իր սխալին անդրադառնալը եւ ինքնասրբագրութեան դիմելը ինքնին ապացոյց մըն է, որ մարդը ստեղծուած է արդար կեանք մը ապրելու։
Անարդար եւ անողորմ ըլլալը, ճշմարտութեան խեղաթիւրումը, եւ բոլոր տեսակի բացասական երեւոյթները կ՚ընդվզեցնեն եւ կ՚անհանգստացնեն մարդ արարածը։ Այս ուրիշ բան ցոյց չի տար եթէ ոչ մարդուն Աստուծոյ կողմէ եւ աստուածային կեանք մը ապրելու համար ստեղծուած ըլլալու իրողութիւնը։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից