Փոքր մեղքերուն կործանարար բնութիւնը

Սատանան բնա՛ւ պիտի չուզէր որ գրէի «փոքր մեղքեր» հասկացողութեան մասին եւ ո՛չ ալ պիտի ուզէր որ դուն կարդայիր հետեւեալ քանի մը էջերը։ Եկո՛ւր եւ անոր չուզածը անոր ըրէ։ Սատանան ի՛նքն է որ մահաբեր մեղքերը իբր անվնասաբեր կը նկարէ մեր աչքերուն դիմաց։ Ա՛ն է որ կը փորձէ մեզ համոզել որ «փոքր մեղանչումներ» որեւէ ձեւով կործանարար չեն կրնար ըլլալ։ Արդեօք փոքր մեղքեր գործելը անմեղութեա՞ն կ՚առաջնորդէ մեզ, թէ՝ յաւիտենական կործանումի։

Մեզմէ ո՞վ չի գիտեր որ փոքր մեղքերը իրենք է որ կը հարթեն ճամբան մեծ մեղքերուն: Ո՞վ կրնայ ուրանալ թէ այսօրուան 6-7 տարեկան փոքրիկը որ կը համարձակի հաւկիթ մը գողնալ՝ վաղը կրնայ ամբողջ ագարակ մը կողոպուտի ենթարկել։ Ո՞վ կրնայ դրժել թէ այսօր լուցկիի տուփ մը գողցողը՝ հետագային կրնայ ամբողջ խանութ մը թալանել։ Ո՞վ կրնայ ժխտել որ այսօր խաղալիքէ ինքնաշարժ մը գողցողը՝ վաղը կրնայ իրական ինքնաշարժներ ալ գողնալ։

Մեղքը մե՛ղք է։ Ի՞նչ է տարբերութիւնը չորս տարեկան փոքրիկի մը որ իր մօրը սուտ կը խօսի, եւ չափահաս մարդու մը որ իր թագաւորին սուտ կը խօսի։ Սուտը սո՛ւտ է։ Իր մօրը կամ իր ընկերոջ խաբող մարդը՝ թագաւորին կամ իշխանին ալ կրնայ խաբել։ Միթէ այսօրուան ստախօսը վաղուան զրպարտողն ու բամբասողը պիտի չըլլա՞յ։

Քանի՜ մայրեր խոստովանած են թէ իրենց զաւակները ստախօս մարդիկ եղած են պարզապէս որովհետեւ անոնք իրենց փոքրութեան ժամանակ «պզտիկ-պզտիկ» սուտեր խօսելու սովորութիւն ունեցեր են։ Քանի՜ մայրեր սիրտի ցաւօք պատմած են թէ իրենց զաւակները զզուելի հայհոյողներ դարձած են որովհետեւ անոնք իրենց երկու-երեք տարեկանին իրենց անմեղունակ բերաններով «պզտիկ-պզտիկ» հայհոյութիւններ կ՚ընէին եւ իրենք (մայրերը), փոխանակ զանոնք սանձած ըլլալու, ընդհակառակը, անոնք սիրով մտիկ ըրած են թէ ինչպիսի «անուշութեամբ» (եղեր), հայհոյանքները դուրս կու գային անոնց բերաններէն։ Հայհոյութեան ի՞նչը անոյշ է, ո՛վ մայրեր։

Այս բոլորը գիտնալէ ետք, պէ՞տք է շարունակել անտարբեր մնալ, այսպէս կոչուած, փոքր եւ աննշան մեղքերու նկատմամբ: Պզտիկ կայծ մը չի՞ կրնար հսկայ անտառ մը հրդեհել (Յկ 3.5): Մեծ նաւ մը փոքրիկ ղեկով մը չ՚ա՞ռաջնորդուիր (Յկ 3.4): Ինչպէս որ շատ փոքր ծակ մը բաւարար է վիթխարի նաւ մը ջրամոյն ընելու, այնպէս ալ միակ փոքր մեղք մը բաւարար է մեզ դժոխամոյն ընելու: Միթէ պզտիկ որդ մը չի՞ կրնար մեծ ծառ մը ամբողջապէս չորցնել: Անշուշտ: Հետեւաբար, նոյնիսկ եթէ մէկ մեղք ունենանք, զանիկա եւս Քրիստոսի խաչին ներքեւ պէտք է դնենք, որպէսզի առաջքը առած ըլլանք անթիւ մեղքերու։

Յիշեցէ՛ք թէ Աստուած չսպասեց որ մարդկային ցեղը բազմանայ եւ մեղքերուն թիւը շատնայ որպէսզի փրկութեան խոստում մը տար, այլ տուաւ այն ատեն՝ երբ միայն Ադամ եւ Եւա մեղանչած էին իրեն դէմ (Ծն 3.15)։ Ադամին մեղքը փո՞քր մեղք մըն էր: Չմոռնանք որ ամբողջ աշխարհին յարումը դէպի մեղքը՝ Ադամին միակ մեղքով սկսաւ (Հռ 5.12)։ Պօղոս առաքեալ Ադամական մեղքը կ՚որակէ իբրեւ «անհնազանդութիւն» (Հռ 5.14), իսկ Աստուած, Ովսեայ մարգարէին միջոցաւ զայն կը նկատէ «Ուխտազանցութիւն եւ անհաւատարմութիւն» (Ովս 6.7):

Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Քիչ մը թթխմորը ամբողջ զանգուածը կը խմորէ» (Գղ 5.9, Ա.Կր 5.6): Թթխմորը խորհրդանիշ է չարիքի։ Թթխմորի օրինակը շատ գեղեցիկ կերպով ցոյց կու տայ թէ ինչպէս փոքր մեղքերը իրենք են որ մեզ կ՚առաջնորդեն մեծ մեղքերուն։ Ինչպէս թթխմորը անզգալաբար եւ անտեսանելիօրէն կը խմորէ ամբողջ զանգուածը, այնպէս ալ փոքր մեղքերը անզգալաբար կը խմորեն մեր ողջ էութիւնը՝ մինչեւ որ մեզ նոյնացնեն մեղքին հետ։ Թթխմորը որպէսզի խմորէ ամբողջ զանգուածը՝ պէտք է տարածուի։ Առաքեալը թթխմորին օրինակը կու տայ, ցոյց տալու համար, թէ ինչպէս մեղքը կրնայ տարածուիլ մեր կեանքերուն մէջ եւ կործանել մեզ, եթէ երբեք անոր առաջքը չառնենք։

Ինչպէս սերմը երբ տեղ գտնէ հողին մէջ կը ծլի, կ՚աճի եւ հետզհետէ հսկայ ծառի մը կրնայ վերածուիլ, այնպէս ալ փոքր մեղքը որ չար սերմ մըն է, անգամ մը որ տեղ գտնէ մեր սիրտերուն մէջ, կրնայ շուտով խոր արմատներով ծառի մը վերածուիլ: Դարձեալ, ինչպէս որ նոր տնկուած ծառ մը, մէկ-երկու կաթիլ քրտինքով կարելի է արմատախիլ ընել, իսկ խորունկ արմատներ ունեցող ծառ մը արմատախիլ ընելու համար՝ առատ քրտինք պէտք է թափենք, այնպէս ալ դիւրաւ կարելի է ձերբազատիլ մեր ներսիդին նոր բոյն դրած (փոքր) մեղքէ մը, իսկ ձերբազատուելու համար մեղքէ մը որ արդէն իսկ մեր էութեան մէջ խորունկ արմատներ նետած է՝ մեծ ճիգ եւ յորդահոս արցունք թափելու պէտք պիտի ունենանք:

Հետեւաբար, պայքարինք մեր մեղքերուն դէմ երբ տակաւին անոնք անզօր եւ անարմատ են։ Չմտածենք մեղքին փոքրութեան մասին, այլ` մտածենք այդ փոքրութեան յաջորդող մեծութեան մասին: Այն մեծութեան, որ մեծ տանջանքներու կրնայ առաջնորդել մեզ։ Փոքր մեղքերը աւելի վտանգաւոր են, որովհետեւ անոնք կը ծածկուին մեր տեսողութենէն եւ անոնց մահաբեր թոյնը կը վրիպի մեր ուշադրութենէն:

Փոքր հիւանդութիւնները քանի՞ հազարաւոր մարդոց հասցուցած են մինչեւ գերեզման։ Ինչպէս որ հիւանդութեամբ մը կրնանք բռնուած ըլլալ, եւ սակայն, չանդրադառնալ անոր, մինչեւ որ ցաւը ինքզինք չյայտնէ, այնպէս ալ կրնանք տեսակ-տեսակ փոքր մեղքերով վարակուած ըլլալ, եւ սակայն, չանդրադառնալ անոնց կործանարար բնութեան, մինչեւ որ մեզ չցաւցնեն: Ճշմարիտ ապաշխարութիւնն է որ մեղքին ճշմարիտ պատկերը կը բացայայտէ մեր մտահայեացքին դիմաց:

Ինչպէս եթէ անտարբեր ըլլանք փոքր ցաւի մը նկատմամբ, ան կրնայ մեզ մահուան առաջնորդել, այնպէս ալ եթէ անտարբեր գտնուինք մեր ունեցած փոքր թերութիւններուն նկատմամբ եւ զանոնք կոչենք «փոքր մեղքեր», անոնք կրնան մեր յաւիտենական կորուստին պատճառ դառնալ: Սատանան ի ՛նքն է որ «պզտիկ մեղքեր» բացատրութիւնը կը դնէ մեր բերաններուն մէջ։ Դո՛ւրս փսխենք մեր բերաններէն Սատանային կողմէ մեր բերաններուն մէջ դրուածը։

Սիրելիներ, ալ թոյլ չտանք որ Սատանան խաբէ մեզ եւ մահուան առաջնորդող մեղքերը ցոյց տայ մեզի իբրեւ «փոքր եւ անվնաս մեղքեր»։ Երբ կը խօսիմ «փոքր մեղքերէ» զգուշանալուն մասին, բնա՛ւ երբե՛ք մեղք չգործելուն մասին չէ որ կը խօսիմ։ «Եթէ «Մեղք չգործեցինք» ըսենք, ստախօս կը հանենք զԱստուած, եւ մեր մէջ իր խօսքը չկայ» (Ա.Յհ 1.10)։ Իմ ըսել ուզածս այն է, որ պայքարինք այն «փոքր մեղքերուն» դէմ, որոնց տիղմին մէջ տակաւին չենք մխրճուած։

Երբ տակաւին մեղքի տիղմը մէկ կամ երկու թիզով միայն մեր ոտքերը կը ծածկէ, կրնանք անկէ շուտով ձերբազատիլ, բայց եթէ երբեք հասած է մինչեւ մեր կոկորդը՝ երկար տարիներ պիտի խլէ մեզմէ այդ տիղմէն դուրս գալու համար։ Ինչպէս մեղքի մէջ մխրճուիլը աստիճանական կերպով տեղի կ՚ունենայ, այնպէս ալ մեղքէն դուրս գալը աստիճանական կերպով է որ տեղի պիտի ունենայ։ Ո՛չ ոք մէկ անգամէն մեղքերու մէջ թաղուած է եւ ո՛չ ոք մէկ անգամէն մեղքերէ կրցած է ձերբազատիլ։

Բոլորս ալ գիտենք որ երկար տարիներու ընթացքին է որ վատ սովորութիւն մը կամ բնաւորութիւն մը կը կազմուի։ Աստուած պէտք է գործէ մեր սիրտերուն մէջ որպէսզի կարենանք վատ բնաւորութենէ մը ազատագրուիլ։ Շատ մարդիկ որոնք Քրիստոսի ձեռքերուն մէջ դրած են իրենց անձերը, իրենց զարմանքը յայտնած են, թէ ինչո՛ւ երկար տարիներ տեւեց, իրենց այս կամ այդ գէշ բնաւորութենէն կամ սովորութենէն ամբողջապէս ազատագրուելու համար։ Ահա թէ ինչո՛ւ, բացարձակ անհրաժեշտութիւն է ապաւինիլ Աստուծոյ շնորհքին եւ մաքառիլ մեր վրայ յարձակող որեւէ «նորաբողբոջ» մեղքի դէմ, նախքան անոր ծլարձակիլն ու ընձիւղիլը, արմատանալն ու պտղաբերիլը։

Մերժե՛նք մեղքը եւ դո՛ւրս շպրտենք զանիկա մեր կեանքէն, երբ տակաւին «փոքր» է ատիկա, որովհետեւ շուտով կրնայ մեծնալ եւ դառնալ ըմբոստ ու ահարկու, դառնալ բզկտող եւ յօշոտող։ Ո՞վ է այն մարդը որ պիտի կերակրէր առիւծի կորիւն մը եթէ երբեք գիտնար որ այդ առիւծը հետագային իր յօշոտիչը պիտի դառնար։ Կամ ո՞վ է այն մարդ էակը որ սիրով հոգ պիտի տանէր օձի մը որ հետագային զինք խայթող մը պիտի ըլլար։

Ո՛վ ընթերցող, այսօրուան փոքր մեղքը վաղուան յօշոտող առիւծն ու խայթող օձն է։ Մի՛ մոռնաք որ Սատանան կոչուած է առիւծ (Ա.Պտ 5.8) եւ օձ (Յյտ 12.9)։ Զգուշանանք անկէ ինչպէս պիտի զգուշանայինք մռնչող առիւծէն եւ սուլող օձէն։ Մարդկային մեր ճիգերով չենք կրնար յաղթել անոր։ Պէտք ունինք Աստուծոյ նման թիկնապահի մը (Ես 52.12)։ Քեզ կը հրաւիրեմ որ այսօր զԱստուած հռչակես թիկնապահը կեանքիդ։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

 

08.11.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․