28 Հունվար, Դշ. Առաջավորաց Պահքի Գ օր
Աղօթելը լոկ խնդրանքներու շարք մը ներկայացնելը չէ։ Աղօթելը մեր ունեցած կարիքներուն, հարցերուն եւ դժուարութիւններուն համար աղաչանք մատուցանելը չէ միայն։ Աղօթելը պատահականութեան կամ «եթէ ժամանակ ունենամ»-ի արդիւնքը պէտք չէ ըլլայ։ Աստուած կը սպասէ որ Քրիստոս Յիսուսի միացած մարդիկ անդադար աղօթեն եւ ամէն բանի համար շնորհակալ ըլլան (Ա.Թս 5.17-18)։ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելը կախեալ պէտք չէ ըլլայ մեզ շրջապատող պայմաններէն եւ պարագաներէն։ Ասիկա հեթանոսական վերաբերմունք է։ Հեթանոսներէն ո՞վ փառաւոր վիճակի մէջ եղած ատեն Աստուծոյ փառք եւ գոհութիւն չի յայտներ։ Անողորմներէն ո՞վ ողորմութիւն առած պահուն չի յայտարարեր Աստուծոյ ողորմած ըլլալը։
Աստուած կը փառաւորուի եթէ շնորհակալութիւն յայտնենք իրեն երբ ցաւն ու թշուառութիւնը մեր դուռը կը բաղխէ։ Ինչպէս երբ պտղատու ծառը քարկոծուի, ան իր պտուղը կը թափէ զինք քարկոծողներուն, այնպէս ալ մենք երբ քարկոծուինք զրպարտութեան քարերով, գիտնա՛նք աղօթքով մեր շնորհակալական պտուղները թափել Աստուծոյ փառաց աթոռին առջեւ։ Առաքեալները ուրախացան երբ ծեծ կերան (Գրծ 5.40- 41)։ Ասիկա կ՚ապացուցանէ որ անոնք պտղատու ծառեր էին։ Դժուարին պահերն են որ կը փաստեն թէ մենք պտղատո՞ւ ծառեր ենք, թէ՝ անպտուղ։
Աղօթքի պահը միակ Բարիին եւ մեծ Բարերարին պահն է։ Պահ մը, որուն ընթացքին պէտք է յիշենք անոր բարերարութիւնները եւ շնորհակալ ըլլանք անոնց համար։ «Շնորհակալութիւն մատուցողը զիս կը փառաւորէ» (Սղ 50.23)։ Փառաւորե՛նք ուրեմն զԱստուած շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն։ Աղօթքի ընթացքին Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելը՝ կ՚ուրախացնէ Աստուծոյ սիրտը։ Աստուած կը հրճուի շնորհակալ սիրտ ունեցողներով։
Շնորհակալութիւն յայտնելու արարողութիւնը հոգին է աղօթքին, առանց որուն աղօթքի պահը չոր ու ցամաք պահ մը կը դառնայ։ Ինչպէս սիրտը առանց սիրոյ մեռած կը սեպուի, նոյնպէս ալ այն աղօթքը որուն մաս չի կազմեր շնորհակալութիւնը՝ մեռած աղօթք կը նկատուի։ Շնորհակալ ըլլալը՝ աղօթքը կենդանի եւ կենդանարար դարձնել է։
Շնորհակալ ըլլանք այն յոյսին համար որուն հրաւիրեց մեզ, եւ այն ճոխ ու փառաւոր խոստումին համար որուն ժառանգորդները պիտի ըլլանք մենք՝ ընտրեալներս (Եփ 1.18)։ Շնորհակալ ըլլանք այն յաւիտենական կեանքին համար որ մեզի վերապահուած է երկինքի մէջ (Կղ 1.5)։ Շնորհակալ ըլլանք որ Աստուած Քրիստոսի հետ մեզ ալ կենդանացուց. ներեց մեր բոլոր յանցանքները եւ իր իշխանութեամբ ջնջեց մեր օրինազանցութեան համար մեզի դէմ արձակուած դատապարտութեան վճիռը, զայն խաչափայտին գամելով (Կղ 2.13-14)։
Շնորհակալ ըլլանք Աստուծոյ որ խաղաղութեան կանչեց մեզ՝ մէկ մարմինի մէջ, որ Քրիստոսի եկեղեցին է (Կղ 3.15)։ Շնորհակալութիւն յայտնենք «Հօր Աստուծոյ, որ մեզ արժանի ըրաւ լոյսի թագաւորութեան մէջ բնակող իր ընտրեալներուն վիճակին մասնակից դառնալու։ Մեզ խաւարի իշխանութենէն զատեց եւ բերաւ իր սիրելի Որդիին իշխանութեան տակ։ Եւ Որդին մեզ փրկեց, իր զոհագործական մահուամբը թողութիւն տալով մեր մեղքերուն» (Կղ 1.12-14)։
Շնորհակալ ըլլանք որ մեղքի հոգիով լեցուածներս, Սրբութեան Հոգիով լեցուն տաճարներու վերածեց (Ա.Կր 3.16), որ մեզի իշխանութիւն տուաւ հաւատքի ճամբով Աստուծոյ որդիները ըլլալու (Յհ 1.12), որ մեզ բերաւ եւ Քրիստոսի միացուց (Ա.Կր 1.30), որ մեզ ընդունեց առանց որեւէ պայմանի, որ յոգնածներուս եւ բեռնաւորուածներուս հանգիստ շնորհեց եւ կը շնորհէ (Մտ 11.28)։
Սորվինք Տէր Յիսուսի նման աղօթել. «Հա՜յր, երկինքի եւ երկրի Տէր, շնորհակալ եմ քեզի, որ իմաստուններէն եւ գիտուններէն ծածկեցիր այն՝ ինչ որ յայտնեցիր պարզ ու համեստ մարդոց» (Մտ 11.25)։ Քննե՛նք մենք զմեզ. չըլլայ որ մենք ալ այն իմաստուններու շարքին ենք՝ որոնք զԱստուած չեն կրնար ճանչնալ (Ա.Կր 1.21)։ Քրիստոսի ոչխարները կը ճանչնան Քրիստոսը եւ կը ճանչցուին իր կողմէ (Յհ 10.14)։ Եթէ ոչխարներ ենք որոնք կը ճանչնան Տէր Յիսուսի սրինգին քաղցրահնչիւն ձայնը՝ շնորհակալ ըլլանք ատոր համար։
Երախտագիտութեամբ յիշե՛նք եւ յիշեցնե՛նք ամէն մարդու, Աստուծոյ շնորհած պաշտպանութիւնն ու պահպանութիւնը։ Փառաբանե՛նք անոր ամենահաս նախախնամութիւնը։ Օրհներգե՛նք անոր մխիթարար ներկայութիւնը։ Օրհնաբանե՛նք անոր անվրէպ առաջնորդութիւնը։ Փա՛ռք տանք իրեն իր փառքէն մերկանալուն եւ մեզ Ադամական մերկութենէն ձերբազատելուն համար։
«Կը գոհանամ քեզմէ, որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ» (Սղ 139.14)։ Այո՛, մեր ստեղծագործութիւնը զարմանալի կերպով տեղի ունեցաւ, որովհետեւ Աստուած աշխարհ ստեղծեց իր խօսքով, իսկ մեզ՝ իր ձեռքով։ Աստուած անկարօտ Աստուած է։ Ան մեզ ստեղծեց թէպէտ պէտք չունէր մեզի։ Կրնայինք երբեք գոյութիւն չունենալ։ Մեզ աննպատակ կերպով չստեղծեց։ Ան մեզ ստեղծեց ի՛ր հոգիով, ի՛ր ձեռքով, ի՛ր պատկերով, ի՛ր փառքով ու ի՛ր փառքին համար (Ես 43.7)։ Այս բոլորին համար շնորհակալ պէտք չէ՞ ըլլանք իրեն։
Մեր ամբողջ կեանքը շնորհակալական աղօթք պէտք է ըլլայ։ Մեր գործերն ու արարքները, մեր խօսքերն ու խորհուրդները, մեր ծրագիրներն ու փափաքները, մեր տենչանքներն ու իղձերը, ուրիշներուն հետ մեր ունեցած վերաբերմունքը, մեր կողմէ առ Աստուած բարձրացուած շնորհակալական աղօթքներ պէտք է ըլլան։ Մէկ խօսքով, աղօթք դարձած ներկայութիւն պէտք է ըլլանք մեր շրջապատին մէջ։ Շնորհակալ ըլլանք եթէ այդպիսին ենք։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից