Սուրբ Պատարագի արմատները Հին Կտակարանի մէջ (Զատկական Գառնուկը եւ Քրիստոս)

Քրիստոսի պատարագումին կատարեալ նախապատկերացումն էր Հին Կտակարանին մէջ յիշուած զատկական գառնուկին զենումը։ Երբ Աստուած որոշեց ազատագրել Եբրայեցիները Եգիպտացիներուն ձեռքէն, հրահանգեց որ իւրաքանչիւր Եբրայեցի ընտանիք գառնուկ մը առնէ (Ել․ 12.3), զայն մորթէ եւ անոր արիւնէն քսէ իր տունին դրանը սեմին եւ երկու կողմի դրանդիքներուն վրայ (Ել․ 12.7), որպէսզի երբ սատակիչը Եգիպտոսէն անցընէր զարնելու համար Եգիպտացիներուն անդրանիկները, Աստուած թոյլ չտար անոր վնաս հասցնելու Եբրայեցիներու անդրանիկներուն (Ել․ 12.13, 23)։

Դիւրին է կապն ու յարաբերութիւնը տեսնել Հին Կտակարանի գառնուկին եւ Նոր Կտակարանի Գառնուկին։ Նոր   Կտակարանի Գառնուկը նոյնինքն Քրիստոս է։ Յովհաննէս Մկրտիչ երբ զայն Յորդանան գետի եզերքը տեսաւ, ըսաւ. «Ահաւասիկ Աստուծոյ գառնուկը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ» (Յհ․ 1.29)։ Իսկ Պետրոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Կորստական արծաթով կամ ոսկիով չէր որ փրկուեցաք ձեր հայրերէն ժառանգած ձեր ունայն կենցաղէն, այլ՝ անբիծ եւ անարատ Գառնուկին՝ Քրիստոսի թանկագին արիւնովը» (Ա.Պտ․ 1.18)։

Քիչ մը վերեւ, Հին Կտակարանի գառնուկը կոչեցինք «զատկական գառնուկ»։ Ի՞նչ կը նշանակէ «Զատիկ» եւ ուրկէ՞ եկած է այս բառը։ Գտնելու համար այս բառին ետին կանգնող ճշգրիտ իմաստն ու նշանակութիւնը, մեր հայեացքը պէտք է կեդրոնացնենք հետեւեալ համարին վրայ. «Տէրը այն դրանը վրայէն պիտի ԱՆՑՆԻ եւ պիտի չթողու սատակիչը՝ որ ձեր տուները մտնէ ձեզ զարնելու համար» (Ել․ 12.23)։ «Անցնիլ» բառը  Եբրայերէն  լեզուին  մէջ  Փեսախ  բառն  է,  որուն Գրաբարեան ձեւը Պասեք է։ Նոր Կտակարանին մէջ յաճախ Զատիկը կոչուած  է  Պասեք։  Հետեւաբար,  Զատիկ  բառը  ԱՆՑԸՆԵԼՈՒ գործողութիւնը խորհրդանշող բառ մըն է։

Եբրայերէն Փեսախ-անցնիլ բառը գործածուած է, խորհրդանշելու համար Աստուծոյ անցնիլը կամ Աստուծոյ զայրոյթին եւ հարուածին անցնիլը Եբրայեցիներու տուներուն վրայէն՝ առանց որեւէ վնաս հասցնելու անոնց։ Աստուած հարկաւ պէտք չունէր այդ երեւելի նշանին (տան դրան սեմին եւ անոր երկու դրանդիքներուն վրայ քսուած արիւնին), որպէսզի կարենար գիտնալ թէ ո՞ր ընտանիքները Եբրայեցի ընտանիքներ էին։

Եւ սակայն, Աստուած անպայման ուզեց եւ պահանջեց որ գառնուկը մորթուէր եւ անոր արիւնը քսուէր տան դրան սեմին եւ անոր երկու դրանդիքներուն վրայ, որովհետեւ ատիկա պիտի դառնար խորհրդանիշը եւ նախապատկերացումը այն փրկութեան, որ Աստուծոյ Գառնուկին՝ Քրիստոսի արիւնով պիտի իրագործուէր։ Առանց արիւնի չկա՛յ մեղքերու թողութիւն եւ փրկութիւն (Եբր․ 9.22, Եփ․ 1.7)։

Ինչպէս որ Հին Կտակարանին մէջ Եբրայեցիները գառնուկին արիւնը իրենց տուներուն սեմին քսելով, իրենցմէ հեռո՛ւ վանած եղան Աստուծոյ բարկութիւնն ու հարուածը, այնպէս ալ երբ մենք կ՚ապաւինինք Քրիստոսի արիւնին, Աստուած կը խնայէ եւ կը փրկէ մեզ։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Հիմա որ իր արիւնով արդարացած ենք՝ որքա՜ն աւելի վստահութեամբ կրնանք ըսել՝ թէ Քրիստոսով պիտի փրկուինք Աստուծոյ բարկութենէն» (Հռ․ 5.9)։ Այո՛, Քրիստոսի արիւնէն զատ ուրիշ ոչինչ կրնայ ազատագրել մեզ գալիք բարկութենէն։

Հին Կտակարանի զատկական գառնուկը, հետեւաբար, պիտի փոխարինուէր Քրիստոս-գառնուկով։ Առաքեալը կը վկայէ որ Քրիստոս ի՛նքն է մեր Զատիկին իսկական Գառնուկը որ մորթուեցաւ մեզի համար (Ա.Կր․ 5.7)։ Տակաւին նմանութիւնները բազմաթիւ են։ Յիշենք ոմանք։ Մովսէս զատկական գառնուկին համար կ՚ըսէ. «Անոր ոեւէ ոսկորը պիտի չկոտրէք» (Ել․ 12.46), Յիսուսի ալ ոեւէ ոսկորը չկոտրուեցաւ (Յհ․ 19.33, 36)։ Մովսէս կը պատուիրէ որ գառնուկը ըլլար «անարատ, արու եւ մէկ տարեկան» (Ել․ 12.5)։

Ինչո՞ւ զատիկի գառնուկը պէտք էր ըլլար «անարատ», այսինքն՝ մաքուր։ Պարզ այն պատճառով, որ ատիկա Աստուծոյ ընծայուած պիտի ըլլար։ Աստուծոյ ընծայուած որեւէ բան պէտք է կատարեալ ըլլայ։ Անշնորհք եւ խոտելի բան պէտք չէ տալ շնորհաբաշխ մեր Տիրոջ (Հմմտ Մղ․ 1.7-8)։ Քրիստոս ի՛նք նաեւ իբրեւ մեր Զատիկին իսկական Գառնուկը եղա՛ւ եւ է՛ անարատ, այսինքն՝ սուրբ եւ արդար (Գրծ․ 3.14), կատարեալ (Եբր․ 7.28), եւ անմեղ, համաձայն առաքեալի խօսքին. «Աստուած մեզի համար մեղքի պատարագ ըրաւ Քրիստոսը, ան՝ որ բնաւ մեղք չէր գործած…» (Բ.Կր․ 5.21)։ Ուրիշ տեղեր նաեւ կը յիշուի Քրիստոսի բացարձակապէս մեղք գործած չըլլալը (Յհ․ 8.46, Եբր․ 4.15, Ա.Յհ․ 3.5)։

Գալով «արու» բացատրութեան. ոմանք կ՚ենթադրեն որ գառնուկը պէտք էր արու ըլլար, որովհետեւ Աստուծոյ Գառնուկը՝ Քրիստոս ի՛նք, արու պիտի ըլլար։ Մենք ճիշդ չենք գտներ այս բացատրութիւնը։ Կենդանիներու աշխարհին մէջ արուն ընդհանրապէս նկատուած է ոյժի խորհրդանիշ։ Այդ ոյժն ու զօրութիւնը Քրիստոսի անձին մէջ կատարեալ իրականութիւն են (Մտ․ 24.30, Ղկ․ 5.17, Գրծ․ 10.38, Բ.Պտ․ 1.16)։

Իսկ «մէկ տարեկան» բացատրութեան վերաբերեալ, պարզապէս ըսենք, որ Հրեաներուն համար կենդանական աշխարհին մէջ մէկ տարեկանը իսկ մարդկային կեանքին մէջ երեսուն տարիքը կը խորհրդանշեն կատարելութիւն։ Մէկ տարեկան կենդանին պատրաստ պէտք էր ըլլար զոհուելու, իսկ երեսուն տարեկան մարդը, դարձեալ զոհողութեան կեանք մը պէտք է ապրէր՝ ազգային կեանքին մէջ պատասխանատուութիւն մը յանձն առնելով։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից

 

21.06.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․