16 Ապրիլ, Դշ, պահք
Ծարաւ էի եւ ջուր տուիք»։ Դարձի եկող մը Քրիստոսի ջուր տուող մըն է։ Եւ սակայն, Քրիստոսի ծարաւը յագեցնելու միակ կերպը անձնապէս Քրիստոսի դառնալը չէ միայն, այլ ուրիշներն ալ դարձի բերելն է։ Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոս ըսաւ. «Որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք» (Մտ․ 25.40)։ Այո՛, մարդկութեան ծառայողը Քրիստոսի՛ է որ ծառայած կ՚ըլլայ։ Եթէ երբեք նիւթական ջուր տալը ողորմութիւն կը նկատուի, որքա՜ն աւելի մեծ ողորմութիւն պիտի նկատուի երբ աննիւթական ջուրի Աղբիւրին առաջնորդենք մեղքի իբրեւ հետեւանք ծարաւցած մարդիկը։
Հետեւաբար, ծարաւին ջուր տալը, անոր նիւթական ջուր տալն է այո՛, բայց մանաւանդ, զայն աստուածճանաչողութեան առաջնորդելն է։
ԶԱստուած չճանչցող մարդուն հոգին ծարաւէն կը ցամքի։ «Իմ ժողովուրդս Տէրը չճանչնալով՝ գերի կ՚իյնայ ու անոր մեծամեծ մարդիկը սով կը կրեն, բազմութիւնը ծարաւէն կը ցամքի» (Ես․ 5.13)։ Եսայի մարգարէն Տէրը չճանչցող մարդոց բաժինը կը նկատէ գերութիւնը, սովն ու ծարաւը։ Արդարեւ, Ազատարարէն հեռացողը՝ գերի կը բռնուի Սատանային կողմէ։ Կեանքի Հացէն չուտողը՝ հոգեպէս սովամահ կը դառնայ։ Կենաց Աղբիւրէն չխմողը՝ յաւիտենապէս ծարաւ պիտի մնայ։
«Իմ ժողովուրդս Տէրը չճանչնալով… ծարաւէն կը ցամքի»։ ԶԱստուած ճանչցող մարդիկը անոնք են, որոնք սերտ եւ սիրոյ յարաբերութեան մէջ են Աստուծոյ հետ։ Անոնք են, որոնք կը վայելեն Աստուծոյ բարեկամութիւնը։ Խզել մեր յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ, պիտի նշանակէր սովի մատնել մեր հոգիները եւ ծարաւով տանջել մեր սիրտերը։ Մեր սիրտերը ստեղծուած են Աստուծոյ կողմէ եւ Աստուծոյ համար, եւ հետեւաբար, մի՛այն Աստուած կրնայ զանոնք լեցնել։
Ինչպէս ամէն օր պէտք ունինք նիւթական ջուրի եւ հացի որպէսզի կարենանք ապրիլ մեր երկրաւոր կեանքը, նոյնպէս ալ ամէն օր պէտք ունինք Քրիստոսապարգեւ աննիւթական ջուրին՝ Սուրբ Հոգիին, որպէսզի կարենանք երկրի վրայ երկնաւոր կեանք մը ապրիլ։ Ստանալու համար աննիւթական ջուրը՝ Սուրբ Հոգին, մեզմէ դրամ չի պահանջուիր, մեզմէ արիւն եւ քրտինք չ՚սպասուիր. մեզմէ ակնկալուածը կամեցողութիւնն է, զօրաւոր փափաքն ու վճռակամութիւնն է։ Սուրբ Հոգիին ջուրը ձրի կերպով մեզի կը տրուի։ Ասիկա Քրիստոսի խոստումն է. «Ես ծարաւին կեանքի ջուրի աղբիւրէն ձրի ջուր պիտի տամ» (Յյտ․ 21.6 Հմմտ․ Ես․ 55.1)։
Մեզմէ պահանջուածը ընդառաջելն է Քրիստոսի կոչին. «Ով որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ։ Ով որ ինծի հաւատայ, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ՝ անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին…։ Յիսուս ասիկա կ՚ըսէր Հոգիին համար, որ իրեն հաւատացողները պիտի ընդունէին» (Յհ․ 7.37-39)։ Հետաքրքրական է որ այստեղ Սուրբ Հոգին ջուրի խորհրդանիշով կը պատկերանայ։ Եսայի մարգարէութեան մէջ նաեւ ջուրը կը ներկայացուի իբրեւ խորհրդանիշ Սուրբ Հոգիին. «Քանզի ծարաւին վրայ ջուր պիտի թափեմ…։ Քու սերունդիդ վրայ իմ Հոգիս պիտի թափեմ…» (Ես․ 44.3)։
Ինչո՞ւ ջուրը կը ներկայացուի իբրեւ խորհրդանիշ Սուրբ Հոգիին։ Աշխարհի մէջ երկու տեսակ կրակ գոյութիւն ունի՝ նիւթական կրակը եւ մեղքի կրակը։ Նիւթական կրակը ջուրով կը շիջեցուի, իսկ մեղքի կրակը՝ Սուրբ Հոգիին ջուրով։ Ինչպէս ջուրը անբերրի արտերը կ՚որոգէ եւ զանոնք բերրի կը դարձնէ, այնպէս ալ Սուրբ Հոգին կ՚արգասաւորէ մեր անպտղաբեր հոգիները եւ կեանք կը շնորհէ մահամերձ մեր սիրտերուն։
Դարձեալ, ինչպէս երկիրը առանց անձրեւի ջուրին փուշ ու տատասկ բուսցնող անապատի կը վերածուի, նոյնպէս ալ երկրաբնակ մարդիկը առանց Սուրբ Հոգիի օրհնաբեր հեղումին՝ կեանքի ցօղէն զրկուած անապատներու կը վերածուին։ Ուրեմն, ծարաւ մարդուն ջուր տալ, կը նշանակէ առաջնորդել զինք հոգեւոր անպտղաբերութենէ դէպի հոգեւոր պտղաբերութիւն եւ անապատացեալ վիճակէ դէպի Եդեմական վիճակ։
Քրիստոս ի՛նքն է մեր անապատացեալ հոգիները դրախտանման դարձնողը։ Պօղոս խօսելով Մովսէսի առաջնորդութեամբ Եգիպտոսէն ելլող Իսրայէլացիներուն մասին, կ՚ըսէ. «Բոլորն ալ նոյն հոգեւոր ուտելիքը կերան եւ բոլորն ալ նոյն հոգեւոր ըմպելիքը խմեցին, որովհետեւ խմեցին հոգեւոր ժայռէ մը՝ որ իրենց հետ կ՚երթար. եւ այդ ժայռը Քրիստոս ինքն էր» (Ա.Կր․ 10.3-4)։
Ինչպէս Քրիստոս ի՛նքն էր անապատներուն մէջ Իսրայէլացիներուն ընկերացողն ու անոնց ծարաւը յագեցնող ժայռը, այնպէս ալ Քրիստոս ի՛նքն է այն ժայռը որ կ՚ընկերանայ մեզի ներկայ աշխարհի անապատին մէջ եւ կը յագեցնէ մեր հոգիներուն ծարաւը Աստուծոյ եւ աստուածայինին։ Հետեւաբար, ծարաւին ջուր տալ, կը նշանակէ անոր քայլերը ուղղել դէպի Քրիստոս-ժայռը՝ այդ ժայռէն ցայտող ջուրով յաւիտենական յագեցում եւ յաւիտենական կեանք ստանալու համար (Յհ․ 4.13-14)։
Քրիստոս միայն ջուր չէ որ կու տայ ծարաւ մարդուն, այլեւ՝ իր արիւնը (Յհ․ 6.54)։ Ուրեմն, ծարաւին ջուր տալը՝ զայն Քրիստոսի արեան պաշտպանութեան տակ բերելն է։ Աշխարհ մեզ իր ուտելիքն ու խմելիքը կը դարձնէ, իսկ աշխարհի ստեղծիչը՝ Քրիստոս, ինքզինք մեր ուտելիքն ու խմելիքը կը դարձնէ։ Այո՛, Քրիստոս մեզի համար զոհուող Աստուած է եւ ո՛չ թէ մեզ զոհող Աստուած մը։
Սիրելի՛ ընթերցող, չե՞ս ուզեր քիչ մը զոհողութիւն յանձն առնել Քրիստոսի սիրոյն, որ քեզ «փրկելու համար ինքզինքը Աստուծոյ ընծայեց որպէս անուշահոտ ընծայ եւ զոհ» (Եփ․ 5.2)։ Չե՞ս ուզեր ապաշխարութեանդ արցունքներով յագեցնել ծարաւը Փրկիչիդ։
Վերջապէս, դուն ալ կրնա՞ս Սաղմոսագիրին նման ըսել. «Հոգիս ծարաւի է Աստուծոյ, կենդանի Աստուծոյն. ե՞րբ պիտի գամ ու երեւնամ Աստուծոյ առջեւ» (Սղ․ 42.1-2)։ Պատրա՞ստ ես երեւնալու Աստուծոյ առջեւ եւ անկէ լսելու. «Ծարաւ էի եւ ջուր տուիր ինծի»։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից