Յաւիտենական կեանքը

«Ի՞նչ» է յաւիտենական կեանքը զոր հաւատացեալը պիտի ժառանգէ երբ Քրիստոս վերադառնայ այս աշխարհ Ֆիզիքապէս։ Երբ կը խօսինք յաւիտենական կեանքին մասին, ուրիշ բանի մը մասին խօսած չենք ըլլար եթէ ոչ Քրիստոսի անձին մասին։  Յաւիտենական կեանքը Քրիստոսի անձէն տարբեր եղող իրականութիւն մը չէ։

Քրիստոս ի՛նքն է յաւիտենական կեանք խոստացողը եւ Քրիստոս ի՛նքն է խոստացուած յաւիտենական կեանքը։ Աստուած ի՛նքն է ժառանգութիւնը յաւիտենական կեանքի ժառանգորդներուն, համաձայն Դաւիթի խօսքին. «Տէրն է իմ ժառանգութիւնս եւ բաժակիս բաժինը» (Սղ. 16.5), ինչպէս նաեւ. «Դուն իմ բաժինս ես, ո՛վ Տէր» (Սղ. 119.57)։

Աստուա՛ծ է բաժին բաժնողն ու բաժնուած բաժինը։  Քրիստո՛ս է փրկութիւն շնորհողը եւ շնորհուած փրկութիւնը։

Յաւիտենական կեանքը Քրիստոսի խաչելութեամբ չսկսաւ։ Յաւիտենական կեանքը միշտ գոյութիւն ունեցած է որովհետեւ Քրիստոս ի՛նք միշտ գոյութիւն ունեցած է։ «Անիկա նոյնինքն կեանքն էր, որ յայտնուեցաւ» (Ա.Յհ. 1.2)։ Քրիստոս յայտնուելէ ետք չէր որ կեանք եղաւ կամ կոչուեցաւ, այլ՝ յայտնուելէ առաջ։ Առաքեալը չը՛սեր թէ Քրիստոս կեանք «եղաւ», այլ՝ կեանք «էր»։ Քրիստոս մարդ դարձաւ եւ ո՛չ թէ կեանք դարձաւ։ Քրիստոս կեանք էր նախքան մարդեղանալը։ Հետեւաբար, Քրիստոսի մարմնացումն ու մարդեղացումը նոյնինքն կեանքին մարմնացումն էր։

Քրիստոս Աստուծոյ կողմէ մեզի յայտնուած եւ տրուած յաւիտենական կեանքն է։ Ա՛յս է նաեւ վկայութիւնը Աստուածաշունչին. «Մենք լսեցինք, մեր աչքերով տեսանք եւ մեր ձեռքերով շօշափեցինք Որդին, Բանը, որ սկիզբէն իսկ կեանքի ստեղծիչն էր։ Անիկա նոյնինքն կեանքն էր, որ յայտնուեցաւ։ Մենք տեսանք եւ կը վկայենք, ձեզի պատմելով անոր մասին, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքին մասին, որ Հօրը հետ էր եւ այժմ մեզի յայտնուեցաւ» (Ա.Յհ. 1.1-2)։

Յովհաննէս առաքեալին գործածած «Լսեցինք, տեսանք եւ շօշափեցինք» բառերը, ցոյց կու տան այն խոր ու ջերմ յարաբերութիւնը որ առաքեալը ունէր Քրիստոսի անձին հետ։ Առաքեալը յաւիտենական կեանքի ժառանգորդը դարձած էր Քրիստոսով, եւ հետեւաբար ան չէր կրնար պատկերացնել կեանք առանց Քրիստոսի։ Քրիստոս մեզ չառաջնորդեց յաւիտենական կեանքին, այլ՝ իր անձին։ Ան իր անձով եւ իր անձին մեզ առաջնորդեց։

Քրիստոս ի՛նքն է յաւիտենական կեանքը, ի՛նքն է յաւիտենական կեանքին յայտնութիւնը, ի՛նքն է յայտնուած յաւիտենական կեանքը։ «Ով որ չունի Որդին՝ յաւիտենական կեանք ալ չունի» (Ա.Յհ. 5.12)։ Եւ հետեւաբար, ժառանգել յաւիտենական կեանքը, կը նշանակէ ժառանգել Քրիստոսի անձը, ըլլալ Քրիստոսի անձին հետ, հրապուրուիլ եւ արբենալ անոր սիրալիր դէմքով, անոր քաղցրաբորբոք ներկայութեամբ, անոր պաշտելի տեսքով։

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի իր Աղօթամատեանին 12-րդ գլխուն մէջ կըսէ. «Ո՛չ թէ տուրքին՝ այլ տուողին կարօտն ունիմ. փառքը չէ՛ որ անձկալի է ինծի, այլ փառաւորուածը՝ համբուրելի. ո՛չ թէ կեանքին փափաքովը, այլ կենարարին յիշատակովն է որ կը ճենճերիմ միշտ. ո՛չ թէ վայելքին տարփանքովը կը հեծեմ, այլ պատրաստողին տենչանքովը երիկամունքիս խորէն կը ճուամ. հանգիստը չէ որ կը փնտռեմ, այլ հանգչեցնողին երեսը կաղաչեմ. ո՛չ թէ հարսնարանին խնճոյքով՝ այլ փեսային անձկութեամբը կը մաշիմ»։

Շատ մարդիկ այն տպաւորութիւնը ունին, որ յաւիտենական կեանքը Քրիստոսի կողմէ մեզի տրուելիք կամ յանձնուելիք գանձ մը պիտի ըլլայ։ Քրիստոս իր գալստեան օրը մեզի յանձնելիք գանձ պիտի չունենայ։ Հաւատացեալ մարդուն գանձը Գանձաբաշխը ի՛նք պիտի ըլլայ։ Քրիստոս ինքզինք իբրեւ գանձ պիտի շնորհէ իր անձին նկատմամբ սաստիկ պապակ ունեցողներուն։ «Աներեւակայելի գանձ մըն է Քրիստոս» կը հաստատէ Պօղոս առաքեալ (Եփ 3.8)։

Հետեւաբար, Քրիստոս իր քովէն մեզի բան մը տալով չէ որ մեզ պիտի ուրախացնէ եւ կշտացնէ, այլ ինքզինք մեզի տալով։ Ո՞ր մէկը աւելի կը նախընտրենք. ընկղմիլ տեսակաւոր գանձերու շատութեան մէ՞ջ, թէ ընկղմիլ Քրիստոսի սիրտին ջերմ սիրոյն խորերը։ Եթէ երբեք Քրիստոսի կողմէ մեզի տրուածը բարի է, որքա՜ն աւելի բարի է տուողը ի՛նք՝ Քրիստոս։ Նիւթական գանձերը չեն կրնար յագեցնել մեր աննիւթական հոգիներուն ծարաւը։ Մեր Հոգիներուն ծարաւը մեր հոգիներուն Տէրը ի՛նք միայն կրնայ յագեցնել։

Սիրելի՛ ընթերցող, ինչո՞վ պիտի օգտուէինք եթէ Քրիստոս մեզի շնորհէր կեանք մը ուրկէ ինք բացակայ ըլլար։ Հոն ուր Քրիստոս չկայ, հոն ո՛չ կեանք կայ եւ ո՛չ ալ գանձ, ո՛չ ուրախութիւն կայ եւ ո՛չ ալ խաղաղութիւն։  Հոն ուր Քրիստոս չկայ, հոն դատարկութիւն է, դառնութիւն է, մահ է, դժոխք է։ Աստուած կուզէ որ մեր հայեացքը կեդրոնացնենք իր Որդիին վրայ եւ ո՛չ թէ իր Որդիին կողմէ մեզի տրուածին վրայ։ Քրիստոնեայ մարդուն սիրոյն եւ հետաքրքրութեան առարկան պէտք է բարերարն Աստուած ի՛նք ըլլայ եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ բարերարութիւնները։

ԶՔրիստոս իբրեւ յաւիտենական կեանք ժառանգող մարդը, ուրիշ ո՛չ մէկ բանի կարիքը պիտի զգայ։ Արքայութեան մէջ ազատութիւն պիտի չփնտռենք, որովհետեւ Ազատարարը պիտի ըլլայ իշխողը։ Խաղաղութիւն պիտի չաղերսենք, որովհետեւ Խաղաղարարը պիտի ըլլայ թագաւորողը։

Աւելի՛ն պիտի չուզենք, որովհետեւ Անբաւելին պիտի ըլլայ մեզ բաւարարողը։ Արդեօք Անբաւելին պիտի չբաւէ՞ մեզի։ Արդեօք անկարօտն Աստուած պիտի չկրնա՞յ մեր բոլոր տեսակի կարօտները գոհացնել։ Սիրելի՛ ընթերցող, Քրիստոսի յայտնուելուն կարօտը կը տանջէ՞ քեզ։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից

 

07.08.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․