19 Փետրվար, Եշ, Մեծ պահքի Դ օր

Աւազակին հետքերով

Ո՞վ երբեք մտածած էր որ Քրիստոսի խաչակից եղող աւազակը՝ Քրիստոսի հաւատալու պարգեւը պիտի ստանար, եւ այն ալ՝ խաչին վրայ։ Որքա՜ն զարմանալի եւ մեծ է մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, որ խաչին վրայ անգամ ուրիշով կը զբաղէր եւ կը հետաքրքրուէր։ Անկասկած որ ոեւէ մարդ երբ դատապարտուի մահուան, իր հոգին աւանդելէ առաջ, աչքերը երկինք կը յառէ եւ կը բացականչէ՝ ըսելով. «Տէ՜ր, ներէ ինծի, ներէ մեղքերս, կ՚աղաչեմ»։

Քրիստոս սակայն այդպէս չըրաւ։ Քրիստոս մահուան վայրկեաններուն ինքնիր համար չաղօթեց, այլ ուրիշին համար. «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն» (Ղկ 23.34)։ Մահուան վայրկեանին ուրիշներն էին իր հետաքրքրութեան առարկան եւ ո՛չ թէ իր անձը։ Այդ «ուրիշներէն» էր դարձի եկած աւազակը, որ Քրիստոսի հետաքրքրութեան եւ սիրոյն առարկան դարձեր էր խաչին վրայ։

Քրիստոսի խաչակից աւազակը վայելեց Յիսուսի սէրը խաչին վրայ եւ ապա մեծ վկան դարձաւ այդ սիրոյն՝ ըսելով. «Գէշ բան մը չըրաւ», եւ ապա աւելցուց. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութեամբդ գաս» (Ղկ 23.41-42)։ Ոեւէ մէկը չի կրնար ըսել. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութեամբդ գաս», երբ Քրիստոսով չէ որդեգրուած երկնաւոր Հօր եւ անդամ չէ դարձած Աստուծոյ թագաւորութեան։

Մե՛ծ էր նորադարձ աւազակին հաւատքը, շա՛տ մեծ։ Եւ որպէսզի ստոյգ գիտնանք ասիկա, պահ մը հարց տանք մենք մեզի. եթէ մենք աւազակին տեղը ըլլայինք՝ պիտի կարենայի՞նք հաւատալ մեզի նման խաչ բարձրացած մէկու մը։ Մեզմէ ո՞վ կրնայ ապաւինիլ մահուան դատապարտուած անձի մը։ Ո՞վ կրնայ յուսալ անյոյս կերպով խաչուած մէկու մը։ Ո՞վ կրնայ դառնալ անձի մը եւ զայն. «Տէ՛ր…», կոչել երբ այդ անձը «Տէր» ըլլալու տպաւորութիւնը չունէր խաչին վրայ։ Ի՞նչպէս կարելի է անհատի մը ըսել. «Յիշէ՛ զիս…», երբ այդ անհատը ինքզինք լքուած ու մոռցուած կը զգայ «թէ՛ Աստուծմէ» եւ թէ՛ մարդոցմէ։

Աւազակը իր յոյսը կապեց անյոյս Անձի մը։ Մեզմէ ո՞վ կրնայ իր յոյսը կապել իրեն նման մահուան դատապարտուած մարդու մը, ինչպէս ըրաւ աւազակը։ Ան հաւատաց Տիրոջ երբ Տէրը նախատինքի մէջ էր եւ ո՛չ թէ փառքի մէջ։ Այսօր մեզմէ ո՞վ կրնայ հաւատք ընծայել անհատի մը որ անարգուած ու երեսի վրայ ձգուած է։ Բնական երեւոյթ է ցանկութիւնը ունենալ կողքին ըլլալու այնպիսի՛ անձի մը որ մարդոց փառաբանութեան, պաշտամունքին, սիրոյն ու մեծարանքին առարկան դարձեր է։ Նայեցէ՛ք սակայն հաւատացեալ աւազակին։ Ան տեսնելով հանդերձ Յիսուսի անարգուիլը, խոցուիլը, ծաղրուիլը, ցանկութիւնը ունեցաւ անոր հետ ըլլալու իր թագաւորութեան մէջ։

Աւազակը Յիսուսի Տէր ու թագաւոր ըլլալը խոստովանեցաւ ու յայտարարեց, երբ ըսաւ. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութեամբդ գաս»։ Սիրելի՛ ընթերցող, եթէ դուն աւազակին տեղը ըլլայիր, պիտի կարենայի՞ր Յիսուսի Տէր ըլլալը խոստովանիլ երբ տեսնէիր որ ան ստրուկի մը նման կը մեռնէր։ Պիտի կարենայի՞ր Յիսուսի թագաւոր ըլլալը հռչակել երբ տեսնէիր որ ան իր շուրջը չունէր մարդիկ կամ զինուորներ, որոնք պայքարէին իր անձին ազատութեան համար։ Աւազակը հաւատքի աչքերով նայեցաւ Յիսուսին եւ գիտցաւ որ իր թագաւորութիւնը երկրաւոր թագաւորութիւն մը չէր, այլ՝ երկնային։ Հաւատքով նայեցաւ Յիսուսին եւ անոր փշեպսակը իբրեւ թագաւորական թագ տեսաւ։ Հաւատքով նայեցաւ անոր քաղցր դէմքին, որմէ սէր բոցկլտաց եւ դժոխքի կայծերէն ու կայծակներէն զինք փրկեց։

Ան Քրիստոսի մէջ տեսաւ իրեն ցաւակցող եւ կարեկցող Փրկիչը։ Ան Յիսուսի աչքերուն մէջ տեսաւ զինք փնտռող ու սպասող Փրկիչին ներկայութիւնը։ Աւազակը պէտք ունէր Յիսուսի սիրոյ նայուածքին որպէսզի զինք հաւատքով արբեցնէր։ Շատ մարդիկ կան որոնք լոկ սիրոյ նայուածքով մը, քաղցր վերաբերմունքով մը, կրնան դարձի գալ եւ բոլորովին փոխուիլ։ Հաւատացեալը պէտք է աշխատի սիրոյ այդ նայուածքը ըլլալու իր շրջապատին մէջ։

Եթէ չընդունինք մեր կորսուած ըլլալը՝ Քրիստոս «չի կրնար» մեզ փրկել յաւիտենական կորուստէն։ Աւազակը ընդունեց իր մեղաւոր ըլլալը երբ յայտարարեց. «Մեր պատիժը իրաւացի է, որովհետեւ մենք մեր ըրածին արժանի հատուցումն է որ կը ստանանք» (Ղկ 23.41)։ Ան իր մեղաւորութեան կատարեալ գիտակցութիւնը ունէր եւ կ՚անդրադառնար թէ ինք պատիժի արժանի էր։ Այս իրողութիւնը զինք յուսահատութեան չմատնեց սակայն։ Ան թէպէտ ընդունեց իր կորսուած ըլլալը, բայց միւս կողմէն հաւատաց որ Քրիստոս իր նման կորսուածներուն Փրկիչն է։

Եթէ կ՚ուզենք փրկուիլ, աւազակի՛ն նման պէտք է հաւատալ Քրիստոսի։ Աւազակ մարդը եղաւ առաջին անձը որ դրախտ մտաւ Քրիստոսի սրբարար արիւնով։ Ան խնդրեց Յիսուսէն որ յիշէ զինք։ Հետաքրքրական է «յիշել» բառը։ Նորադարձ աւազակը յատուկ տեղ չպահանջեց թագաւորութեան մէջ, ո՛չ ալ պատիւ ու փառք ակնկալեց կամ խնդրեց։ Իր խնդրածը միայն ու պարզապէս յիշուիլն էր, չմոռցուիլն էր։

Ո՛վ աշխարհի մեծադիրք մարդիկ աւազակէն սորվեցէք խոնարհ ըլլալ, եւ չցանկալ փառքի ու պատիւի, այլ պարզապէս յիշուելու փափաք ունեցէք, չմոռցուիլ աղաչեցէք։

Միայն աւազակները չեն որ մարդասպան են։ Մարդասպան ու աստուածասպան են բոլոր անոնք՝ որոնք կ՚ապրին մեղքի կեանք մը եւ կը սիրեն այդ կեանքը։ Մեղքի կեանքը սիրող անզիղջ մարդը, անգամ մը եւս խաչ կը բարձրացնէ Քրիստոսը։ Աւազակը խաչահան մըն էր, բայց երբ դարձի եկաւ, դադրեցաւ խաչահան ըլլալէ ու դարձաւ խաչակից։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը կա՛մ խաչակից է Յիսուսին եւ կա՛մ՝ զայն խաչ հանող մը։ Սիրելի՛ հաւատացեալ աւազակ, բարեխօսէ՛ մեզի համար երկինքէն, եւ խնդրէ Յիսուսէն որ յիշէ մեզ երբ իր թագաւորութեամբ գայ։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

 

18.02.26
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․