«Ահա ես դրան առջեւ եմ ու կը բաղխեմ»

Մաս 1-ին

«Ահա ես դրան առջեւ եմ ու կը բաղխեմ: Եթէ մէկը իմ ձայնս լսէ եւ դուռը բանայ՝ ներս պիտի մտնեմ եւ անոր հետ պիտի ընթրեմ, ան ալ՝ ինծի հետ» (Յյտ․ 3.20): Սիրելի՛ ընթերցող, քեզմով հետաքրքրուող եւ քեզ անհունօրէն սիրող Փրկիչիդ հրաւէրն է քեզի ուղղուած՝ բանալ սիրտիդ դուռը իր առջեւ։ Երկինքին Իշխանն է կանգնած երկրաւորէն իշխուածիդ սիրտին դրան առջեւ։ Թագաւորդ է որ իր քաւչարար ձեռքը կերկարէ ապստամբ հոգիիդ։ Մարդկութեան Ճամբան է որ ճամբայ կորոնէ մուտք գործելու սիրտէդ ներս։ Աշխարհի Կերակուրն է որ արտօնութիւն կը խնդրէ կերակրելու քաղցած հոգիդ։

Քրիստոսի պատրաստակամութիւնը մեզ փրկելու

«Ահա…»։ Առաջին բառն իսկ մեզի կարեւոր բան մը կը սորվեցնէ որ մեր ուշադրութենէն պէտք չէ վրիպի։ Ի՞նչ արդեօք։ «Ահա…» բառը ցոյց կու տայ Քրիստոսի պատրաստակամութիւնն ու փափաքը մեզ փրկելու։

«Ահա…» բառով կարծէք Յիսուս ըսել կուզէ. «Ահաւասիկ ես հո՛ս եմ, ձեր կողքին եմ, ձեր սիրտերուն մօտիկ եմ, եւ պատրաստ եմ մուտք գործելու ձեր սիրտերէն ներս եւ ձեզ առաջնորդելու հոգեւոր յեղափոխութեան»։

«Ահա ես…» բառերով, Քրիստոս իր ներկայութիւնն է որ կը յայտարարէ եւ կապացուցանէ։ Ան բացակայ չէ մեր կեանքերէն։ «Ահա…» ան ներկայ է մեր կեանքերուն մէջ (Մտ․ 28.20)։ Ան անգիւտ Աստուած մը չէ։ Ան գտնուող Աստուած է, համաձայն Եսայի բառերուն. «Տէ՛րը փնտռեցէք, քանի որ անիկա կը գտնուի» (Ես․ 55.6)։

Մեզմէ քանինե՞ր Աստուծոյ նման կրնան ըսել. «Ահա ես…»։ Քանինե՞ր Դաւիթի նման կրնան ըսել. «Սիրտս պատրաստ է, ո՛վ Աստուած, սիրտս պատրաստ է» (Սղ․ 57.7)։ Աստուած չի մտներ մեր սիրտերէն ներս երբ մեր սիրտերը պատրաստ չեն ըսելու «Ահա ես…»։

Աստուած պատրաստակամ սիրտեր կը փնտռէ։ Աստուած պատրաստ է ինքզինք շնորհելու բոլոր անոնց՝ որոնք պատրաստ են իր շնորհքը ընդունելու։ Աստուած մի՛շտ պատրաստ է։ Դրան առջեւ կայնած ըլլալը իր պատրաստ եւ պատրաստակամ ըլլալն է որ կարտայայտէ։ Կարելի չէ պատկերացնել որ Աստուած պատրաստ չըլլայ մեզ ընդունելու երբ իրեն դիմենք։ Կարելի չէ երեւակայել որ Աստուծոյ գանք եւ ան մեզի ըսէ. «Անյարմար ժամու մը եկաք։ Հիմա շատ զբաղած եմ եւ չեմ կրնար ձեզ ընդունիլ»։ Ան մարդէն զատ ուրիշ բանով մը չի զբաղիր։ Անոր «զբաղմունքը» մե՛նք ենք։ Ան մեր փրկութեամբ զբաղած Աստուած է։ Աստուծոյ ամենօրեայ «գործը» կորսուած հոգիները փրկութեան առաջնորդելն է։ Աստուած երբե՛ք պիտի չթողու իր այս գործը եւ ուրիշ գործով մը զբաղի։ Աստուած մնայուն կերպով իր ծառաները կը ղրկէ աշխարհի չորս կողմերը ապրող մարդոց, որպէսզի անոնց ըսեն. «Ամէն ինչ կազմ ու պատրաստ է. հրամմեցէ՛ք հարսանիքի» (Մտ․ 22.4, 8)։

Այստեղ հարսանիքը խորհրդանիշ է փրկութեան։ Փրկութիւնը մի՛շտ պատրաստ է շնորհուելու ոեւէ մարդու որ դարձի կու գայ Աստուծոյ։ Փրկութիւն բառին հոմանիշ է արքայութիւն բառը։ Ե՞րբ պատրաստուեցաւ արքայութիւնը։ Մատթէոս աւետարանիչ կը պատասխանէ ըսելով. «Արքայութիւնը… աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է» (Մտ․ 25.34)։ Ահա՛ թէ ինչպէս, Աստուած մի՛շտ պատրաստ եղած է եւ մի՛շտ պատրաստ է։

Աստուած անձնապէս կը հետապնդէ մեր փրկութիւնը

«Ահա ես…»։ Այո՛, Տէրը ի՛նքն է սիրտիդ դուռը բաղխողը եւ ո՛չ թէ ուրիշ մէկը։ Տէրը ի՛նքն է ներս գալ ուզողը եւ ո՛չ թէ ուրիշ մէկը։ Տէրը ի՛նքն է քեզի ընթրիք խոստացողը եւ ո՛չ թէ ուրիշ մէկը։ Հրեշտակ մը կամ հրեշտակապետ մը չէ սիրտիդ դրան առջեւ կանգնողն ու զայն բաղխողը, այլ Անձ մը, որուն կը ծառայեն հրեշտակներն ու հրեշտակապետները (Մտ․ 4.11)։ Մարգարէ մը կամ մարգարէի մը որդին չէ սիրտիդ դուռը բաղխողը, այլ Մէկը, որ հանդիսացաւ լրումը մարգարէներուն մարգարէութեանց։ Առաքեալ մը չէ սիրտիդ դուռը թակողը, այլ Ան, որ առաքեալներուն ճամբով եւ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ ամբողջ աշխարհին պիտի ծանուցուէր եւ հռչակուէր իբրեւ փրկութեան  մէկ  եւ  միակ ճանապարհ։

«Ահա ես…»։ Այդ «ես»ը ցոյց կու տայ երկու բան. առաջին.- որ Աստուած  ինք  անձա՛մբ  կը  հետապնդէ  մեր  փրկութիւնը։  Ան  մեր փրկութիւնը ուրիշին չի վստահիր։ Աստուծմէ զատ ո՛չ ոք կրնայ փրկել մարդ արարածը։ Սաղմոսագիրն ալ նոյն բանը կը հաստատէ երբ կըսէ. «Մէկը բնաւ չի՛ կրնար փրկել իր եղբայրը, ո՛չ ալ անոր փրկանքը Աստուծոյ հատուցանել» (Սղ․ 49.7)։ Տակաւին, ո՛չ միայն չենք կրնար փրկել մեր եղբայրները, այլ նաեւ մենք զմեզ ալ չենք կրնար փրկել, ահա թէ ինչո՛ւ Եթան կըսէ. «Ո՞վ է այն մարդը, որ կրնայ ապրիլ եւ երբեք մահ չտեսնել եւ իր անձը դժոխքին ձեռքէն կրնայ փրկել» (Սղ․ 89.48)։ Քրիստոսէ զատ ո՛չ ոք կրնայ մեզ փրկել յաւիտենական մահէն եւ դժոխքէն, որովհետեւ Քրիստոսէ զատ ո՛չ ոք «մահուան ու դժոխքի բանալիները» իր ձեռքին մէջ ունի (Յյտ․ 1.18)։ Մեզ կրնայ փրկել ա՛ն միայն, որ մեր մեղքերը կրնայ սրբել, իսկ արարածներուս մեղքերը կրնան սրբուիլ Արարիչին արիւնով միայն (Ա.Պտ․ 1.19, Ա.Յհ․ 1.7, Յյտ․ 1.5, Հռ․ 5.9)։

Երկրորդ.- Այդ «ես»ը ցոյց կու տայ, որ Աստուած ի՛նքն է մեր փրկութեան  աշխատանքին  նախաձեռնողը։  Պօղոս  առաքեալ  կըսէ. «Աստուած մեզի հանդէպ իր սէրը յայտնեց անով՝ որ երբ տակաւին մեր մեղքերուն մէջ էինք՝ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ» (Հռ․ 5.8)։ Քրիստոս, մեղքին դէմ մղած մեր պայքարը տեսնելով չէր որ երկինքէն երկիր եկաւ։

Մեր  խնդրանքին  ընդառաջելով  չէր  որ  մարմնացաւ  ու  մարդացաւ։ Աստուած դէպի երկիր նայեցաւ երբ ո՛չ ոք դէպի երկինք կը նայէր։ Հետաքրքրուեցաւ մեզմով երբ մեզմէ ո՛չ ոք կը հետաքրքրուէր իրմով։ Այցելեց մարդկութեան երբ ո՛չ ոք կը սպասէր իր այցելութեան։ Աստուած սէր է (Ա.Յհ․ 4.8)։ Իսկ սէրը մի՛շտ կը նախաձեռնէ։

Քրիստոս մեր օգուտին համար է որ մեզի գալ կուզէ

«Ահա ես դրան առջեւ եմ ու կը բաղխեմ»։ Քրիստոս չի՛ նմանիր մուրացկանի մը, որ քեզմէ բան մը առնելու համար է որ սիրտիդ դուռը կը բաղխէ եւ ո՛չ ալ կը նմանի ընկերի մը, որ իր անձնական շահի համար է որ քեզի կու գայ։ Քրիստոս քու օգտիդ համար է որ քեզի գալ կուզէ։ Քիչ է թիւը այն մարդոց որոնք քու օգտիդ համար է որ քեզի կը մօտենան։ Քրիստոս այդ քիչերէն է։ Սիրտիդ դուռը մի՛ փակեր քեզի բարիք ընել Ուզողին առջեւ (Եր․ 32.41)։ Մի՛ վիրաւորեր հոգիիդ վէրքերը իր սեփական վէրքերով Բժշկողը (Ես․ 53.5)։ Մի՛ փորձեր փախչիլ Բժիշկէդ։ Մի՛ տրտնջան անոր դէմ։ Մի՛ դաւաճաներ զանիկա։ Որքա՜ն կը ցաւի Քրիստոսի սիրտը երբ կը դաւաճանուի իր արեան գինը եղող իր սիրելիներէն։ Ցաւդ Փարատողին ցաւցնողը մի՛ ըլլար։

Քրիստոս՝ փակ դրան առջեւ

«Դրան առջեւ եմ ու կը բաղխեմ»։ Պարզ է որ այստեղ Քրիստոս կը խօսի մեղքի բանալիով փակուած դուռի մը մասին։ Եթէ երբեք դուռը փակ չըլլար, Քրիստոս պէտք պիտի չունենար կանգնելու դրան առջեւ եւ զանիկա բաղխելու։ Քրիստոս որ դուռն է հաւատացեալներուն (Յհ․ 10.7), հիմա ի՛ր կարգին կը սպասէ սիրտիդ դրան քով։ Մի՛ փակեր սիրտիդ դուռը Մեծ Դուռին դիմաց։ Մի՛ փակեր սիրտիդ դուռը սիրտիդ սիրով յագենալ եւ սիրտդ սիրով յագեցնել փափաքող Աստուծոյ դիմաց (Սղ․ 107.9)։ Քրիստոս ի՛նքն է փրկութեանդ դուռը, ի՛նքն է երջանկութեանդ դուռը, ի՛նքն է քեզ յաւերժ ուրախութեան առաջնորդող դուռը։ Ան որ ըսաւ. «Խնդրեցէ՛ք Աստուծմէ եւ պիտի տայ ձեզի» (Մտ․ 7.7), հիմա ի՛ր կարգին կը խնդրէ քեզմէ, որ սիրտդ տաս իրեն (Առ․ 23.26)։ Պատրա՞ստ ես իր խնդրանքը կատարելու։ Քրիստոս պատրաստ ըլլալու կոչ մը չէ՞ր որ ուղղեց երբ ըսաւ. «Պատրաստ եղէք… որպէսզի երբ տէրը գայ եւ դուռը զարնէ՝ անմիջապէս բանաք դուռը» (Ղկ․ 12.35-36)։

Դուն ալ անմիջապէս դուռը բացողներէ՞ն ես թէ դուռը բանալու գործողութիւնը ձգձգողներէն։ Բաներ կան որ կարելի է յետաձգել իսկ բաներ ալ կան որ կարելի չէ յետաձգել։ Ապաշխարութիւնը անյետաձգելի է։ Ապաշխարութեան յետաձգումը Սատանային մղումով միայն կըլլայ։ Անհամար է թիւը այն մարդոց որոնք յետաձգած են իրենց ապաշխարութիւնը եւ անհետ կորսուած են։ Մեզմէ ո՞վ է այն մարդը որ երբ իմանայ թէ մահացու հիւանդութեամբ մը վարակուած է, բժիշկի երթալու գործը կը ձգձգէ։ Ինչպէս մահացու հիւանդութեամբ բռնուած մարդը բժիշկի կը վազէ, այնպէս ալ մեղքի սէրէն բռնուած մարդը պէտք է իսկոյն Քրիստոսի դառնայ, քանի որ մեղքն ալ մահացու է (Ա.Կր․ 15.56)։

Պատրաստ ըլլալ դուռը բանալու Տանտիրոջ առջեւ

Քրիստոս վերեւ յիշուած իր խօսքով. «Պատրաստ եղէք… որպէսզի երբ տէրը գայ եւ դուռը զարնէ՝ անմիջապէս բանաք դուռը», իր տանտիրութիւնն է որ կը հռչակէ։ Ինչպէս իր տիրոջ հանգամանքը չճանչցող ծառան կը հեռացուի իր պաշտօնէն, այնպէս ալ Քրիստոսի Տէր ըլլալուն հանգամանքը չճանչցող մարդուն ձեռքէն պիտի խլուի յաւիտենական կեանքին պարգեւը։ Մեզմէ ո՞վ պիտի չբարկանար իր ծառային եթէ երբեք ան մերժէր տան դուռը բանալ իր առջեւ։ Ճիշդ չէ որ ծառաներս մեր Տանտիրոջ առջեւ մեր սիրտին դուռը փակենք։ Յիշենք որ մեր անձերուն տէրը Տէրը ի՛նքն է եւ ո՛չ թէ մենք։ «Գիտցէք որ դուք չէ՛ք ձեր անձերուն տէրը, այլ Աստուած՝ որ փրկագինով ձեզ գնեց» (Ա.Կր․ 6.19): Եթէ  Աստուած մեզ փրկագինով գնեց, կը նշանակէ որ  մենք Աստուծոյ սեփականութիւնն ենք: Ուրեմն, սեփականութիւնը մե՛նք ենք, իսկ սեփականատէրը՝ Աստուած: Կարելի՞ բան է որ սեփականութիւնը ըմբոստանայ իր սեփականատիրոջ դէմ: Միթէ Աստուած իրաւունք չունի՞ իր ունեցածին հետ իր ուզածին պէս վարուելու (Մտ․ 20.15):

Քրիստոս չէ նստած, այլ ոտքի կանգնած է

«Դրան առջեւ եմ ու կը բաղխեմ»։ Քրիստոս մեր սիրտին դրան առջեւ չէ նստած, այլ ոտքի կանգնած է։ Մէկը կրնայ մտածել թէ ի՛նչ տարբերութիւն կընէ եթէ Քրիստոս ոտքի կանգնած կը ներկայացուի կամ նստած։ Հոգեւոր հայեացք ունեցող մարդուն համար տարբերութիւնը մեծ է։ Ինչպէ՞ս մեզ փնտռող Փրկիչը նստած վիճակով մը կրնայ ներկայացուիլ։ Ո՞վ կրնայ պատկերացնել զՔրիստոս նստած, երբ անդին, իր արիւնով «գնուած» մարդիկ, իրենք զիրենք աշխարհին ծախած են։ Նստիլը անգործ ըլլալու տպաւորութիւնը կը ձգէ։ Յաճախ չե՞նք լսեր երիտասարդներուն բերնէն. «Գործ չկա՛յ, նստած ենք»։ Քրիստոսի համար մի՛շտ գործ կայ սակայն, որովհետեւ կորսուածներ մի՛շտ եղած են եւ պիտի ըլլան։ Ան չի՛ կրնար նստիլ եւ սպասել որ գործը իրե՛ն գայ։ Ան նախաձեռնող Աստուած է։ Ոտքի կանգնած ըլլալը ցոյց կու տայ իր տագնապիլը, ինչպէս նաեւ այն աշխատանքն ու զոհողութիւնը, այն ճիգն ու ջանքը, զոր Քրիստոս ի գործ կը դնէ ի խնդիր մեր փրկութեան։

Քու Սիրելի՛դ է դրան առջեւ կանգնած

«Դրան առջեւ եմ ու կը բաղխեմ»: Սիրելի՛ ընթերցող, պատկերացուր պահ մը, որ տունիդ դրան առջեւ կանգնողն ու բաղխողը քու ամենասիրելի բարեկամներէդ մին է. պիտի կրնայի՞ր անտարբեր գտնուիլ անոր բաղխումին դիմաց։ Քանի՞ անգամ ներողութիւն պիտի խնդրէիր անկէ եթէ երբեք ժամերով զինք սպասեցուցած ըլլայիր տունիդ դրան առջեւ՝ անձրեւին տակ։ Կամ պատկերացուր որ քու երկրիդ թագաւորն է որ կը բաղխէ տունիդ դուռը. իսկոյն դուռը պիտի չբանայի՞ր անոր եւ ամէն բան պիտի չընէի՞ր անոր հաճութիւնը շահելու համար։ Ինչո՞ւ Քրիստոսի հետ նոյն ձեւով չես վերաբերիր։ Ինչո՞ւ մարդոց նկատմամբ աւելի սէր եւ երկիւղածութիւն ցոյց կու տաս քան Քրիստոսի նկատմամբ։ Միթէ Քրիստոս չյայտարարե՞ց թէ ով որ սիրէ ոեւէ մարդ իրմէ աւելի, արժանի չէ իրեն (Մտ․ 10.37)։

Քրիստոս դրան սեմին է եւ ո՛չ թէ դռնէն հեռու

«Դրան առջեւ եմ ու կը բաղխեմ»։ «Առջեւ եմ» բացատրութիւնը ցոյց կու տայ, որ Քրիստոս ճի՛շդ դուռին քովն է եւ ո՛չ թէ տասը կամ քսան մեթր անդին։ «Անիկա մօտ է» մեր սիրտերուն (Ես․ 55.6), բայց կարծէք տակաւին մեր սիրտերուն մէջ չէ։ Բաղխելու գործողութիւնը մեր սիրտերէն ներս մուտք գործելու իր վառ փափաքին արտացոլացումն է։

Աստուած հետեւաբար, մեզմէ հեռու եղող Աստուած մը չէ։ Աստուծոյ համար գործածուած «մօտ է» բացատրութիւնը, կը պարզէ որ Աստուած քաջատեղեակ է մեր բոլոր տեսակի նեղութիւններէն։ Երբ նեղութեան մէջ ենք, յիշենք որ Աստուած «մօտ» եղող Աստուած մըն է եւ ո՛չ թէ հեռու եղող Աստուած մը։ Նեղութեան ընթացքին օգնութեան կանչէ զԱստուած եւ ան պատասխան պիտի տայ քեզի (Սղ․ 81.7)։

Քրիստոս՝ մնայուն բաղխողը

«Դրան առջեւ եմ ու կը բաղխեմ» բացատրութիւնը յստակ կը դարձնէ, որ Քրիստոս ժամանակ առ ժամանակ չէ որ մեր սիրտին դրան առջեւ կը կանգնի, այլ՝ միշտ։ Մեր սիրտին դրան առջեւ յարատեւօրէն կայնիլը ցոյց կու տայ Քրիստոսի ցուցաբերած ներողամտութիւնն ու համբերատարութիւնը մեզի հանդէպ։ Քրիստոս լոկ մեր սիրտին դրան առջեւ կայնող մը չէ սակայն, այլեւ՝ զանոնք անդուլօրէն բաղխող մը։ Եթէ երբեք մեր սիրտին դրան առջեւ յարատեւօրէն կայնիլը ցոյց կու տայ անոր համբերատարութիւնն ու ներողամտութիւնը, միւս կողմէն սակայն, բաղխելու գործողութիւնը ցոյց կու տայ անոր անչափ սէրն ու գուրգուրալից վերաբերմունքը մեզի հանդէպ։

Քրիստոս Սուրբ Հոգիով է որ կը բաղխէ մեր սիրտին դուռը։ Սուրբ Հոգին ի՛նքն է որ մեր մեղքերուն պժգալիութիւնը կը յայտնէ մեզի որպէսզի մեզ առաջնորդէ Քրիստոսի։ Անոնք որոնք կը յամառին փակ պահել իրենց սիրտին դուռը Սուրբ Հոգիին արթնութեան կոչերուն առջեւ, անոնք կը վտանգեն իրենց յաւիտենականութիւնը (Մր․ 3.28-29)։ Երբ մնայուն կերպով կը մերժենք Սուրբ Հոգիին ձայնին ուշադրութիւն դարձնել, Քրիստոս ստիպուած կը սկսի քիչ մը աւելի զօրաւոր կերպով բաղխել մեր սիրտին դուռը, այսինքն, կը սկսի տարբեր միջոցներու դիմել մեր ուշադրութիւնը գրաւելու համար։ Այդ տարբեր միջոցները միշտ ալ հաճելի միջոցներ չեն ըլլար։ Այդ տարբեր միջոցներու շարքին են հիւանդութիւնը, դրամական կորուստները, անակնկալ աղէտները եւ տեսակ-տեսակ դժբախտութիւնները։ Աստուած կրնայ թոյլ տալ որ լուրջ դժուարութեան մը բաղխինք, անով մեր ուշադրութիւնը իրեն դարձնելու համար։

Քրիստոս մեր սիրտին դուռը չի բանար մեր կամքէն անկախ

Երբ կըսեմ թէ Քրիստոս տարբեր միջոցներու կը դիմէ մեզ իրեն դարձնելու համար, ըսել չեմ ուզեր հարկաւ, որ ան բռնի միջոցներով մեզ ապաշխարութեան կառաջնորդէ։ Քրիստոս յաւիտենապէս կորսուիլ ուզող մարդը փրկել «չի կրնար»։ Մեր սիրտին դուռը Քրիստոսի առջեւ բանալու եւ կամ փակուած պահելու գործողութիւնը մեր ազատ կամքին թողուած է։ Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոս եթէ- ի հարց մը կը դնէ մէջտեղ։ «Եթէ մէկը իմ ձայնս լսէ…»: Քրիստոս մեր կամքէն անկախ ալ կրնայ մուտք գործել մեր սիրտէն ներս, բայց այդպէս չըներ, որովհետեւ ան կը յարգէ մեր ազատ կամեցողութիւնը։ Ան կը սպասէ որ կամաւորաբար եւ սիրայօժար կերպով բանանք դուռը մեր սիրտին։ Ան չի՛ նմանիր մարդու մը որ կը սպառնայ դուռը կոտրել եթէ չբացուի։

Քանի որ Քրիստոս ինքզինք ոեւէ մէկուն չի՛ պարտադրեր, այդ չի՛ նշանակեր որ պէտք է անտեսենք զինք եւ դուրսը սպասեցնել տանք։ Պէ՞տք է արհամարհենք Աստուծոյ անչափ քաղցրութիւնը, ներողամտութիւնը եւ համբերատարութիւնը, երբ գիտենք որ Աստուծոյ քաղցրութիւնն է որ մեզ ապաշխարութեան կը բերէ (Հռ․ 2.4)։ Քրիստոսի անչափ սէրը մեզի հանդէպ կը ստիպէ զՔրիստոս ոչինչ ստիպելու մեզ։ Մեր անձերու փրկութեան համար Աստուած պէտք է ի՛ր բաժինը ընէ եւ մենք ալ մե՛ր բաժինը։ Եթէ ճի՛շդ է որ առանց մեր երկնաւոր Հօր ո՛չ ոք կրնայ Քրիստոսի գալ (Յհ․ 6.44), միւս կողմէն նաեւ ճի՛շդ է, որ եթէ ոեւէ մէկը ուզէ Քրիստոսի գալ, Քրիստոս զայն պիտի չմերժէ (Յհ․ 6.37)։

Լսող ականջներ ունենալու անհրաժեշտութիւնը

«Եթէ մէկը իմ ձայնս լսէ…»: Մեղքերով ինքնիր հոգեւոր ականջները բթացուցած մարդը չի՛ կրնար լսել Քրիստոսի ձայնը։ Շատ կարեւոր է լսող հոգեւոր ականջներ ունենալ։ Փարիսեցիները խուլ չէին բայց չկրցան լսել Քրիստոսի ձայնը եւ բանալ իրենց սիրտին դուռը, միւս կողմէն, կային մարդիկ որոնք իսկապէս խուլ էին, եւ սակայն, լսեցին Փրկիչին ձայնը (Մտ․ 11.5, Մր․ 7.32-33)։ Քրիստոս գիտէ որ նիւթական ականջ ունեցող ամէն մարդ չէ որ կը լսէ։ Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոս ըսաւ. «Ականջ ունեցողը թող լսէ» (Ղկ․ 8.8)։ Լսող ականջ չունեցող մարդը ընդառաջող սիրտ ալ չի կրնար ունենալ։ Դուռին բաղխումը չլսող մարդը ինչպէ՞ս կրնայ բանալ դուռը։ Եթէ երբեք լսող ականջներ ունինք, անպայման որ պիտի լսենք Քրիստոսի ձայնը որ կըսէ.- «Ո՛վ իմ քոյրս, իմ սիրուհիս, իմ աղաւնիս, իմ կատարեալս, բաց ինծի, քանզի իմ գլուխս ցօղով լեցուեցաւ ու վարսերս՝ գիշերուան շաղերով» (Երգ 5.2)։ Վերջին տողը յստակօրէն ցոյց կու տայ մեր Տիրոջ երկարատեւ սպասումը մեզմէ իւրաքանչիւրին դարձին։ Ան երկա՜ր ժամանակէ ի վեր դուրսը պահուած կը մնայ։ Ժամանակն է որ ներս առնուի։

Աստուած կը խօսի լսող ականջներուն

«Եթէ մէկը իմ ձայնս լսէ…»: Աստուած զինք լսել ուզող մարդիկ կը փնտռէ։ Երբ պատրաստակամութիւն յայտնենք զինք լսելու, այն ատեն պիտի սկսի խօսիլ մեզի իր սիրոյն եւ ծրագիրին մասին։ Տակաւին, եթէ լսելու փափաք յայտնենք, ան պիտի դառնայ մեր ուսուցիչը։ Ան մեզի պիտի սորվեցնէ ինքնիր մասին, մեր անձերուն մասին եւ մեր նմաններուն մասին։ Որքան դիպուկ է Կոռնելիոս հարիւրապետին խօսքը ուղղուած Պետրոս առաքեալին. «Պատրաստ ենք լսելու ինչ որ Տէրը հրամայած է քեզի» (Գրծ․ 10.33)։ Սիրելի՛ ընթերցող, դուն ալ Կոռնելիոս հարիւրապետին նման կրնա՞ս ըսել. «Պատրաստ եմ լսելու ինչ որ Տէրը հրամայած է»։ Չի՛ բաւեր պատրաստակամութիւն յայտնել լսելու, այլեւ պատրաստ պէտք է ըլլալ մեր սիրտին դուռը բանալու Քրիստոսի առջեւ։

Այնքան ատեն երբ չենք բացած մեր սիրտին դուռը իր առջեւ, ան դուրս կայնելով պիտի չխօսի մեզի։ Անարգա՛նք է խօսիլ մէկու մը հետ դրան մուտքին առանց զինք ներս հրաւիրելու։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից

 

30.07.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․