6 Ապրիլ, Քառասնորդական պահքի Զ կիրակի
Անօթի էի եւ զիս կերակրեցիք» (Մտ․ 25.35)։ Քրիստոս ինքզինք անօթիին մէջ անօթի կը տեսնէ։ Քրիստոս անօթիին տրուած կերակուրը իրեն տրուած կը նկատէ. «Որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք» (Մտ. 25.40)։ Բայց զգո՜յշ։ Աստուած մեր նիւթական հացին պէտք չունի։ Աշխարհի բոլոր հացերն ու հացագործները Աստուծոյ սեփականութիւնն են։ «Տիրոջն է երկիրն ու անոր լիութիւնը։ Տիրոջն է աշխարհն ու անոր բնակիչները» (Սղ. 24.1)։ Այլուր, Աստուած կ՚ըսէ. «Եթէ անօթենամ՝ քեզի պիտի չդիմեմ. որովհետեւ աշխարհն ու անոր լիութիւնը իմս է» (Սղ. 50.12)։
«Անօթի էի եւ զիս կերակրեցիք»։ Փորձենք հոգեւոր իմաստով մը բացատրել այս բառերը, մեր միտքը ամփոփելով չորս կէտերու մէջ.-
Հոգեկան կարօտութեան մէջ եղողները անոնք են՝ որոնք պարպուած են Աստուծոյ Հոգիէն, եւ իրենց կապը ամբողջովին խզած են երկինքին եւ երկինքի Բնակիչին հետ։ Անկարօտ Աստուծմէ հեռացողը անկասկած որ կարօտի մէջ կ՚իյնայ։ Մարդուն ստեղծիչը միայն կրնայ լեցնել մարդուն հոգիին մէջ գոյութիւն ունեցող դատարկութիւնը։ Ուրիշ ո՛չ ոք եւ ոչինչ կրնայ զանիկա լեցնել։
Տակաւին, հոգեկան կարօտութեան մէջ եղողները անոնք են՝ որոնք մեր գութին եւ կարեկցութեան, մեր գործին եւ գործակցութեան պէտք ունին, որպէսզի կարենան վերադառնալ Աստուծոյ, որուն կը պատկանէին նախապէս, ինչպէս Աստուած ի՛նք կ՚ըսէ. «Բոլոր հոգիները իմս են» (Եզ. 18.4)։
Այո՛, բոլոր հոգիները Աստուծոյ կը պատկանին։ Ճշմարիտ քրիստոնեայ մարդը ո՛չ մէկ հոգիի նկատմամբ պէտք է անտարբեր ըլլայ։ Ընդհակառակը, ան բոլոր հոգիներուն փրկութեան համար ժրաջանօրէն պէտք է աշխատի։ Քրիստոնեայ մարդը հոգեւոր բժիշկ պէտք է դառնայ կորսուած հոգիներուն համար։ Քրիստոսի արիւնով բժշկուած մարդը անպայման պիտի ուզէ որ ուրիշներն ալ ծանօթանան իր Բժիշկին՝ Յիսուսի։
4- Վերջապէս, անօթին կերակրել, կը նշանակէ օգնել անոր գործադրելու Աստուծոյ կամքը եւ իր լրումին հասցնելու Աստուծոյ կողմէ իրեն յանձնուած գործը, համաձայն Քրիստոսի խօսքին. «Իմ կերակուրս այն է՝ որ գործադրեմ զիս ղրկողին կամքը եւ լրումին հասցնեմ անոր գործը» (Յհ. 4.34)։
Ինքզինք Աստուծոյ կամքին չյանձնած մէկը չի կրնար ամբողջացնել այն գործը որ Աստուած իրեն յանձնած է։ Հետաքրքրական է որ Քրիստոս իր երկնաւոր Հօր կամքին կատարումը կը նկատէ իր կերակուրը։ Անոր ըսել ուզածը այն է, որ Աստուծոյ կամքին կատարումը մեր սնունդն է։ Աստուծոյ կամքին կատարումով է որ մենք հոգեպէս կ՚աճինք եւ կը մեծնանք։
Սիրելի՛ հաւատացեալ, երբ փրկութենէ հեռու եղող մը Փրկիչին կ՚առաջնորդես ո՛չ միայն զինք կերակրած կ՚ըլլաս, այլեւ՝ զՔրիստոս, որովհետեւ «անօթի էի եւ զիս կերակրեցիր» խօսքը, Քրիստոսի՛ նաեւ կը վերաբերի։ Քրիստոս կ՚ուզէ մարդիկը փրկել։ Քրիստոս մարդիկը իրմով իր Հօրը հետ հաշտեցնելու փափաքն ունի։ Քրիստոս անօթի է։ Զայն կշտացնելու համար պէտք է կորսուած հոգիները անոր բերել։
Բանա՛նք մեր հոգիներուն ականջը եւ լսենք Քրիստոսի ձայնը ուղղուած իւրաքանչիւրիս.
Անօթի՞ ես՝ զի՛ս կեր (Յհ. 6.51)։
Մե՞րկ ես՝ թեւերուս տակ մտիր (Ղկ. 13.34)։
Զո՞հ կ՚ուզես՝ յիշէ որ ես քեզի համար մեռայ (Ա. Թս. 5.10)։ Հիւա՞նդ ես՝ ես քեզ կը բժշկեմ (Մտ. 8.7)»։
Ծարա՞ւ ես՝ ինծի՛ եկուր եւ խմէ (Յհ. 7.37)։ Աղքա՞տ ես՝ ես քու գանձդ եմ (Եփ. 3.8)։
Յոգնա՞ծ ես՝ ես քեզի հանգիստ կու տամ (Մտ. 11.28)։ Մեղքի ստրո՞ւկ ես՝ ես կրնամ քեզ ազատել (Յհ. 8.36)։
Տնազո՞ւրկ ես՝ մի՛ մոռնար որ երկինքի մէջ քեզի համար տեղ պատրաստած եմ (Յհ, 14.2)։ Շուտով կու գամ եւ քեզ իմ քովս կ՚առնեմ, որպէսզի ըլլաս հոն՝ ուր ես կը գտնուիմ (Յհ. 14.3) եւ այնուհետեւ ինծի հետ միասին ըլլաս յաւիտեան (Ա. Թս. 4.17)։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից