20 Մայիս, Գշ, Հինանց ԼԱ օր
Ինչո՞ւ աստուածսիրութեան եւ մարդասիրութեան պատուիրանները իրարմէ անբաժան կը ներկայացուին (Մր․ 29-31, Մտ․ 22.37-39, Ղկ․ 10.27)։
Աստուածասէր եղողը չի՛ կրնար մարդասէր չըլլալ։ Ան որ աստուածամօտ է, նաեւ մարդամօտ պէտք է ըլլայ։ Աստուածսիրութիւնն ու մարդասիրութիւնը միեւնոյն ճիւղին վրայ հասունցած երկու պտուղներ են։ Միեւնոյն երկնակամարին վրայ քով-քովի պսպղացող երկու աստղեր են։ Անոնք երկաթուղի զուգահեռ երկու գիծերուն նման զուգընթացաբար կ՚առաջնորդեն մէկ եւ նոյն տեղը՝ արքայութիւն։
Ինչպէս մարմինը կը մեռնի առանց շունչի, այնպէս ալ մարդկային մեր հոգիները կը մեռնին առանց սիրոյ։ Սէրն է որ կեանք կը պարգեւէ մեր հոգիներուն։ Ինչպէս արեւագունդին լոյսն ու կրակը իրարմէ չեն բաժնուիր, նմանապէս ալ այս երկու առաքինութիւնները իրարմէ չեն բաժնուիր։ Ամպը իրական ամպ ընողը անոր մէջի ջուրն է, իսկ աստուածսիրութիւնը իրական աստուածսիրութեան վերածողը անոր ետին կանգնող մարդասիրութիւնն է։
Ինչպէս իր ներսիդին առատ ջուր ունեցող ամպն է որ կ՚անձրեւէ եւ կ՚ոռոգէ ցամքած արտերը, այնպէս ալ Քրիստոսի առատ սիրով լիացածները միայն կրնան առատապէս յագեցնել ծարաւը կաթիլ մը սիրոյ պապակը ունեցողներուն։ Չնմանինք ամպերու որոնք կ՚որոտան եւ սակայն տեղացնելիք անձրեւ չունին։ Մեր եղբայրսիրութեամբ փաստենք որ լոկ որոտացող ամպեր չենք։
Մարդասէր ըլլալը մահէն կեանքի անցնիլ է։ «Մենք գիտենք՝ թէ մահէն կեանքի անցած ենք. ապացոյց՝ որ մեր եղբայրները կը սիրենք» (Ա.Յհ․ 3.14)։ Ամէն բան որ իր ապացոյցը ունի, վաւերական կը նկատուի։ Մեր եղբայրսիրութիւնը ապացոյց մըն է որ Քրիստոսով եւ Քրիստոսի մէջ յայտնուած նոր կեանքին ժառանգորդներն ենք։ Եթէ երբեք մեր նմանը սիրելը մահէն կեանքի անցած ըլլալու ապացոյց է, ուրեմն, մեր նմանը չսիրելը՝ մեր մեռած ըլլալուն ապացոյցն է։ Փաստե՛նք հետեւաբար, որ մահէն կեանքի անցած ենք՝ սիրելով մեր նմանը։ Անմարդասիրութիւնը մահասիրութիւն է։
Անմարդասիրութիւնը մահասիրութիւն ըլլալուն կողքին նաեւ մարդասպանութիւն է։ «Ով որ իր եղբայրը կ՚ատէ՝ մարդասպան մըն է» (Ա.Յհ․ 3.15)։ Կայէնին եղբայրատեցութիւնը չէ՞ր որ զինք առաջնորդեց իր եղբայրը սպաննելու (Ծն․ 4.8, Ա.Յհ․ 3.12): Օրէնքի ուսուցիչներուն եւ Փարիսեցիներուն ատելութիւնը չէ՞ր որ զիրենք մղեց Քրիստոսի մահը պահանջելու։ Սաւուղ ալ կ՚ատէր Դաւիթը եւ սպաննել կ՚ուզէր զանիկա։
Ի՜նչ ահաւոր բան է ատել մարդը որ Աստուծոյ գուրգուրանքին եւ սիրոյն առարկան է։ Ով գիտէ թէ որքա՜ն կը խոցոտենք Աստուծոյ քաղցր սիրտը երբ կ՚ատենք իր սիրով ու իր սիրոյն համար ստեղծուած մարդը։ Պէ՞տք է խոցոտել մարդը՝ որուն վէրքերը Աստուած իր վէրքերով բուժեց։ Պէ՞տք է անհանգստացնել մարդը որուն մէջ Աստուած հանգչիլ կ՚ուզէ։ Մեզմէ ո՞վ պիտի ուզէր որ իր սիրասուն զաւակը բոլորին ատելութեան առարկան դառնար։ Մեզմէ ո՞վ պիտի ուզէր որ իր ուրախութեան պատճառը եղող իր զաւակը՝ ուրիշներուն նախանձին պատճառը դառնար։
Ինչպէս որ մենք չենք ուզեր որ մարդիկ ատեն մեր սիրածները, այնպէս ալ Աստուած չ՚ուզեր որ ատենք մեր նմանները՝ որոնց հանդէպ անչափ սէր ունի ան։ Ահա թէ ինչո՛ւ ըսաւ. «Ինչպէս ես ձեզ սիրեցի՝ դուք ալ իրար սիրեցէք» (Յհ․ 13.34)։ Սա խօսքով, Քրիստոս կը թելադրէ որ իրար սիրենք այնքան եւ այնպէս՝ որքան եւ ինչպէս ի՛նք մեզ սիրեց։ Ան մեզ ա՛յնքան սիրեց՝ որ իր կեանքը զոհեց մեզի համար։ Հետեւաբար, Քրիստոսի ըսել ուզածը այն է, որ մենք ա՛յնքան պէտք է իրար սիրենք, որ պատրաստ ըլլանք մեր կեանքն իսկ տալու իրարու համար։
Միայն զԱստուած սիրողը չէ որ քրիստոնեայ է։ Քրիստոս միայն զԱստուած չէր որ սիրեց, այլեւ՝ մարդը։ Քրիստոս կատարեալ աստուածասէր եւ կատարեալ մարդասէր էր։ Ան կատարեալ աստուածսիրութեան եւ կատարեալ մարդասիրութեան ախոյեանը հանդիսացաւ։
Քրիստոնէութիւնը աստուածսիրութեան եւ մարդասիրութեան կրօ՛նք է։ Ա՛յս է նաեւ Նոր Կտակարանին ուսուցումը. «Ով որ զԱստուած կը սիրէ, պէտք է իր եղբայրն ալ սիրէ» (Ա.Յհ․ 4.21)։ 13-րդ դարու Վարդապետ՝ Յովհաննէս Երզնկացի, կ՚ըսէ. «Ամէն մարդ որ զԱստուած կը սիրէ՝ պէտք է սիրէ նաեւ իր եղբայրը, որովհետեւ մեր եղբայրը սիրելով է որ մեր սէրը յայտնած կ՚ըլլանք Աստուծոյ նկատմամբ»։
Մարդիկ իրե՛նք է որ մեր սիրոյն կարօտ են եւ ո՛չ թէ Աստուած։ Յովհաննէս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ով որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել զԱստուած՝ որ չի տեսներ» (Ա.Յհ․ 4.20)։ Անտեսանելիին հանդէպ մեր սէրը կ՚ապացուցուի տեսանելիին հանդէպ մեր ցուցաբերած սիրով։ Ի՞նչ է իմաստը «Ով որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ…» բառերուն։ Առաքեալին ըսել ուզածը այն է, որ եթէ չենք սիրեր գործնականօրէն օգտակար դառնալ մեր եղբօր որ կը տեսնենք կարօտեալ եւ թշուառ վիճակի մը մէջ, ինչպէ՞ս կը յանդգնինք մենք զմեզ աստուածասէր յայտարարել։
Արդարեւ, ի՞նչ օգուտ երբ սէր կը ցուցաբերենք Աստուծոյ հանդէպ որուն կարօտ չէ բնաւ, եւ սիրոյ ո՛չ մէկ կաթիլ մարդոց՝ որուն այնքան կարօտ են։ Ի՞նչ օգուտ երբ կը սիրենք զԱստուած բայց չենք սիրեր մարդը որուն սիրոյն համար Աստուծոյ սիրտը սրախողխող եղաւ խաչին վրայ։ Ինչո՞վ կ՚օգտուինք երբ սիրոյ անթիւ մարգարիտներ ունինք մեր սիրտի գանձանակին մէջ, մինչ մեր շրջապատը կը լեցնեն սիրոյ անթիւ մուրացկաններ։ Սիրոյ դրամներու կարիքը ունեցող մարդոց թիւը շա՛տ աւելի է քան ոսկեայ դրամներու կարիքը ունեցող մարդոց։
Ջանանք երկրի վրայ ձեռք ձգել աստուածասէր եւ մարդասէր ըլլալու վարժութիւնը, որովհետեւ յաւիտենականութեան մէջ մեր ժամանակը աստուածսիրութեամբ եւ մարդասիրութեամբ պիտի անցընենք։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից