Աստուծոյ խօսքը իբրեւ կրակ եւ մուրճ

«Միթէ իմ խօսքս կրակի պէս չէ՞, կ՚ըսէ Տէրը, կամ ապառաժը կոտրտող մուրճի պէս չէ՞» (Եր 23.29)։ Երեմիայի մարգարէութեան 23.9- 32 համարները կը խօսին ստախօս եւ կեղծաւոր մարգարէներու մասին, որոնց խօսքը դատարկուած է զօրութենէ եւ ազդեցութենէ։ Ան որ կը խօսի Աստուծոյ անունով առանց Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ըլլալու՝ ո՛չ մէկ ձեւով կրնայ ճշմարտութեան եւ հոգեւոր զարթօնքի առաջնորդել իր ունկնդիրը։ Երբ Աստուած ըլլայ մեզ ղրկողը, երբ Աստուած ըլլայ իր խօսքը մեր բերնին մէջ դնողը ինչպէս դրաւ Երեմիային բերնին մէջ (Եր 1.9), այն ատեն, մեր խօսքը կը դառնայ «կրակի» պէս զօրաւոր եւ «մուրճի» պէս կոտրտող։

Այստեղ «կրակը» խորհրդանիշ է մաքրութեան եւ սրբութեան։ Աստուծոյ խօսքին կրակը կրնայ այրել մեր սիրտին մէջ գտնուող մեղքի փուշերն ու տատասկները եւ մաքրել, սրբել ու սրբացնել մեզ։ Այդ կրակը կրնայ փարատել անհաւատութեան խաւարը մեր հոգիներէն։ Աստուծոյ խօսքը կրակ մըն է որ կարող է ջերմացնել ցրտահար մեր էութիւնը։ Աստուծոյ խօսքին կրակով է որ մենք կրնանք կրակէ յարաբերութեան մէջ մտնել Աստուծոյ հետ։

«Մուրճը» Աստուծոյ խօսքին զօրութիւնն է որ կը պատկերացնէ։ Աստուծոյ խօսքը զօրութիւնը ունի ո՛չ միայն ներթափանցելու մարդուն սիրտէն ներս, այլեւ այլակերպելու զանիկա։ Աստուծոյ խօսքին զօրութեան դիմաց ընդդիմաբանող լեզուները կը պապանձին եւ քարացած սիրտերը կը փշրուին։ Երբ Աստուծոյ խօսքին հետ միասին գործէ նաեւ Աստուծոյ շնորհքը, այդ խօսքը կը դառնայ մուրճ. այնպիսի մուրճ մը՝ որ կարող է փշրել անհաւատութեամբ ժայռացած ամէն սիրտ։

Մտաբերենք որ Պենտէկոստէի օրը Սուրբ Հոգին հրեղէն լեզուներու կերպարանքով երեւցաւ եւ հանգչեցաւ առաքեալներուն վրայ (Գրծ 2.3-4)։ Հրեղէն լեզուներու կերպարանքով երեւցաւ ցոյց տալու համար Աստուծոյ խօսքին անդիմադրելիութիւնը, անհակաճառելիութիւնը, եւ բացարձակ զօրութիւնը։ Աստուծոյ կողմէ ղրկուող մարդուն լեզուն հրեղէն լեզու մըն է։ Այդ լեզուին ո՛չ սուտ մարգարէն եւ ո՛չ ալ սուտ քարոզիչը, ո՛չ Չարը եւ ո՛չ ալ չարագործը կրնան դէմ դնել եւ հերքել։

«Կրակ», «մուրճ» եւ «հրեղէն լեզու» բառերով, Աստուած կ՚ուզէ մեր ուշադրութեան յանձնել այն՝ որ իր խօսքը չի նմանիր մարդուն խօսքին, այն՝ որ իր խօսքը կը պարունակէ այլակերպիչ եւ սրբարար զօրութիւն, այն՝ որ իր խօսքին դիմաց ելլող արգելքները կը խափանուին։ Սիրելի՛ ընթերցող, եթէ տակաւին թոյլ չես տուած որ Աստուած իր խօսքին մուրճով փշրէ քարացած սիրտդ եւ իր կրակով մաքրէ զանիկա, հիմա առիթն է թոյլ տալու։ Աստուծոյ խօսքին մրճահարումէն (դատաստանէն) ազատելու համար՝ պէտք է խոնարհիլ այդ մուրճին առջեւ։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

 

07.03.26
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․