28 Հունվար, Դշ. Առաջավորաց Պահքի Գ օր

Բացարձակ հնազանդութիւն Տէրերու Տիրոջ՝ Քրիստոսի

«Գացէք սա դիմացի գիւղը. հազիւ մտած՝ հոն կապուած աւանակ մը պիտի գտնէք, որուն վրայ ոչ ոք նստած է տակաւին։ Քակեցէ՛ք զայն եւ բերէ՛ք։ Եթէ ոեւէ մէկը հարցնէ՝ "Ինչո՞ւ կը քակէք աւանակը", իրեն ըսէք՝ "Տէրը անոր պէտք ունի", եւ անիկա անմիջապէս հոս պիտի ղրկէ զայն» (Մր 11.2-3)։ Այս երկու համարներուն վերաբերեալ հինգ կէտեր պիտի ընդգծեմ.-

1.- Դիւրին չէր այն երկու աշակերտներուն համար, հնազանդիլ Քրիստոսի խօսքին եւ երթալ անծանօթ գիւղ մը, անծանօթ մարդու մը մօտ, անծանօթ պատճառով, անոր աւանակը առնելու։ Մենք ընդհանրապէս  չենք ուզեր հնազանդիլ մէկու մը խօսքին առանց գիտնալու պատճառն ու հետեւանքը այդ խօսքին։ Յիսուս կ՚ուզէ որ հնազանդինք իրեն առանց հարցադրումներ կատարելու կամ արգելքներ մատնանշելու, ճիշդ ինչպէս աշակերտները ըրին։

Աստուծոյ հնազանդող մարդը՝ պատուած կ՚ըլլայ զԱստուած։ Աստուած կրնայ առաքելութեան մը համար երկիր մը ղրկել մեզ եւ կրնայ մեզի համար անյստակ ըլլալ թէ ի՛նչ փուլերէ ու հանգրուաններէ պիտի անցնինք։ Կարեւորը սակայն այդ բոլորը գիտնալը չէ, մեզի վստահուած առաքելութեան մանրամասնութիւնները գիտնալը չէ, այլ՝ Աստուծոյ առաջնորդութեան վստահելով՝ ճամբայ ելլելն է, այն քա՛ջ գիտակցութեամբ ու վստահութեամբ, որ Աստուած մեր ամէն մէկ քայլը պիտի առաջնորդէ։

2.- Երկու աշակերտները չխնդրեցին աւանակը ունենալ, այլ ուղղակիօրէն զայն առին եւ Յիսուսի բերին։ Առնելը ուրիշ բան է, խնդրելը՝ ուրիշ բան։ Աւանակը առնել առանց հրամանի եւ առանց խնդրելու, ցոյց կու տայ Քրիստոսի բացարձակ իշխանութիւնը ամէն անձի եւ ամէն բանի վրայ։ Աշխարհի մէջ ինչ որ կայ՝ Քրիստոսի կը պատկանի։ Քրիստոս ոեւէ մէկէն բան մը առնելու համար՝ ո՛չ խնդրանք ներկայացնելու կարիքը ունի եւ ո՛չ ալ արտօնութիւն առնելու։

Գիտնալ որ մեր ունեցածը՝ Աստուծոյ կը պատկանի, շատ կարեւոր է։ Մարդիկ թող չկարծեն որ երբ ողորմութիւն կու տան՝ Աստուծոյ բարիք մըն է որ կ՚ընեն։ Թող չխորհին որ երբ եկեղեցիին նիւթապէս կ՚օգնեն՝ զԱստուած պարտաւոր դարձուցած կ՚ըլլան իրենց նկատմամբ։ Ինչ որ կու տանք Աստուծոյ փառքին համար՝ արդէն ի՛րն է։ Բայց եթէ երբեք Աստուած կը պահանջէ բան մը, կը պահանջէ ո՛չ թէ որովհետեւ բանի մը կարիքը ունի, այլ որովհետեւ կ՚ուզէ որ տա՛լ սորվինք, ընծայե՛լ ու նուիրե՛լ սորվինք, մեր ունեցածէն չքաւորին բաժին հանե՛լ սորվինք։

3.- Ինչ որ Քրիստոս կը պահանջէ մեզմէ՝ պէտք է տանք առանց առարկութեան։ Երբ ոմանք հարցուցին աշակերտներուն թէ ինչո՛ւ կը քակեն աւանակը՝ անոնք ըսին ինչ որ Տէրը պատուիրած էր իրենց ըսել։ Մարդիկը իսկոյն թոյլ տուին որ աւանակը տարուի։ Քրիստոս իբրեւ բացարձակ թագաւոր, կ՚ուզէ ամէն ինչ իր տրամադրութեան տակ դրուած տեսնել։ Քրիստոս գիւղացիէն աւանակ ուզեց, մեզմէ կրնայ ուրիշ բան ուզել։ Օրինակ, կրնայ մեզմէ պահանջել որ մեր հարստութեան կէսը աղքատներուն տանք։ Կրնայ պահանջել որ որբ մանուկ մը մեր տունը առնենք եւ պահենք։

Յիսուսի պահանջածը մեզմէ հարկ է որ ընենք, եթէ ան Թագաւորն է մեր կեանքին։ Թագաւորի մը իրաւունքն է բացարձակ հնազանդութիւն պահանջել իր ծառաներէն։ Քրիստոս իբրեւ թագաւոր, ի՛նքն է որ պիտի ճշդէ թէ ի՛նչ բաներ պէտք է յանձնենք, տանք եւ ընենք, եւ ո՛չ թէ մենք։

4.- Քրիստոս մեզմէ չի պահանջեր մեր կարողութենէն եւ կարելիութենէն վեր բաներ տալ կամ ընել։ Գիւղացիէն իր պահանջածը աւանակ մըն էր եւ ո՛չ թէ ձի մը կամ այլ բան մը որ գիւղացին կրնար չունենալ։ Աստուած մեր կարողութենէն վեր առաքելութեան չի կանչեր մեզ։ Աստուած մեզմէ մեր չունեցածը չի պահանջեր։

Զգո՛յշ ըլլանք կարծելու որ Աստուած մեզմէ շատ բան պահանջեց կամ կը պահանջէ, միաժամանակ եւ յատկապէս, զգո՛յշ ըլլանք չընելու մեզմէ պահանջուածէն աւելի՛ն։ Ոմանք փափաք ունին աւելի՛ն ընելու եւ աւելի՛ն տալու։ Կան մարդիկ որոնք կ՚ուզեն աշխատիլ ու ծառայել, տքնիլ ու վազվզել Աստուծոյ փառքին ու փառաւորումին համար։ Բայց զգո՛յշ ըլլանք, ո՛վ Աստուծոյ զաւակներ։ Պէտք չէ ընել բան մը որ Աստուած մեզմէ չէ պահանջած։ Թոյլ չտանք որ մեր փափաքը հակադրուի Աստուծոյ կամքին։ Ինչ որ Աստուած կը կամենայ՝ ա՛յդ է որ պէտք է ընենք եւ ո՛չ թէ ինչ որ մենք կը փափաքինք։

Ամենէն վտանգաւոր ծուղակը որուն մէջ կրնայ իյնալ հաւատացեալ մը, այն է՝ որ ակնկալէ կամ սպասէ որ Աստուած իր ճամբով մեծամեծ ու զարմանալի գործեր կատարէ։ Լաւ է մեր անձերը եւ մեր ունեցածը դնել Քրիստոսի տրամադրութեան ներքեւ, բայց պէտք չէ սպասել որ Քրիստոս մեզմէ պահանջէ մեծ բաներ ընել իր փառքին համար։

Փոխանակ ակնկալենք մեծ բաներ ընել Յիսուսի անունով, փորձենք ընել այն ինչ որ կրնանք, այն ինչ որ մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ է, այն ինչ որ մեզմէ կը պահանջուի։ Երբ կը փափաքինք մեծ գործեր ընել՝ հպարտութիւնը կրնայ տեղ գտնել մեր սրտերուն մէջ, եւ կրնանք Քրիստոսի յատկացուելիք փառքը՝ մեր անձերուն յատկացնել, եւ այդ ձեւով հեռացնել Քրիստոսը մեզմէ։

5.- «Գացէք սա դիմացի գիւղը»։ Քրիստոս ի՛նք ճշդեց թէ ո՛ր գիւղը պէտք է երթան երկու աշակերտները, ի՛նք ճշդեց թէ ի՛նչ պէտք է բերեն հոնկէ, ի՛նք ճշդեց թէ ի՛նչ պէտք է ըսեն աւանակին վերաբերեալ հարցնողներուն։ Հոսկէ կը սորվինք մէկ բան, թէ՝ Աստուած ի՛նք պէտք է որոշէ իր զաւակներուն ընելիքը։ Մենք Սուրբ Հոգիի՛ն ներշնչածն է որ պէտք է քարոզենք եւ ո՛չ թէ մե՛ր ուզածը։ Աստուծո՛յ ուզած քաղաքը պէտք է երթանք եւ ծառայենք եւ ո՛չ թէ մե՛ր նախընտրած քաղաքը։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

 

19.12.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․