Դրախտն ու Աստուծոյ թագաւորութիւնը, դժոխքն ու դժոխային վիճակը

Նախորդ գլուխին մէջ հաստատեցինք որ երբ հաւատացեալ մարդը ննջէ, իր հոգին կը տարուի դրախտ եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ թագաւորութիւն։

Ասոր ապացոյցը Քրիստոս կու տայ երբ իրեն խաչակից եղող աւազակին կըսէ. «Վստահ եղիր, այսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ» (Ղկ․ 23.43)։ Հետաքրքրական է որ աւազակը կը խնդրէ Քրիստոսէ զինք յիշել երբ իր թագաւորութեամբ գայ, իսկ Քրիստոս ճշդում մը կը կատարէ, յիշեցնելով անոր որ զինք թագաւորութեան մէջ յիշելէ առաջ նախ դրախտին մէջ պէտք է յիշէ։ Ի՞նչ է տարբերութիւնը դրախտին եւ Աստուծոյ թագաւորութեան։ Ոմանք հաստատած են, որ դրախտը Աստուծոյ ներկայութիւնն է, իսկ թագաւորութիւնը՝ նոյնինքն Թագաւորը ինք՝ Աստուած։ Խորքին մէջ ե՛ւ դրախտը ե՛ւ թագաւորութիւնը Աստուծոյ ներկայութեան պատկերացումներն են։

Կարեւոր է սակայն հետեւեալը մեր միտքին մէջ ունենալ։ Հաւատացեալ մարդը, ինչպէս վերեւ հաստատեցինք, երբ ննջէ, իր հոգին կը տարուի դրախտ եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ թագաւորութիւն։ Աստուծոյ թագաւորութեան ժառանգորդները պիտի դառնանք միայն ա՛յն ատեն՝ երբ Քրիստոս երկրորդ անգամ ըլլալով Ֆիզիքապէս յայտնուի եւ իր թագաւորութիւնը հաստատէ երկրի վրայ։ Այլ խօսքով, երբ Թագաւորը յայտնուի, ա՛յն ատեն միայն կարելի պիտի ըլլայ ժառանգել Աստուծոյ թագաւորութիւնը։

Երբ կը խօսինք Աստուծոյ թագաւորութիւնը ժառանգելու մասին՝ խօսած չենք ըլլար Աստուծոյ թագաւորութեան անդամ դառնալուն մասին։ Թագաւորութիւնը ժառանգելը ուրիշ բան է եւ թագաւորութեան անդամ դառնալը՝ ուրիշ բան։ Թագաւորութեան անդամ դառնալը մեր երկրաւոր կեանքի ընթացքին է որ տեղի կունենայ երբ կը յանձնուինք Քրիստոսի, իսկ թագաւորութիւնը ժառանգելը՝ Քրիստոսի երկրորդ գալուստէն ետք է որ պիտի իրականանայ։

Քրիստոսի երկրորդ գալուստէն առաջ ո՛չ ոք կրնայ ժառանգել Աստուծոյ թագաւորութիւնը։ Թէպէտ հաստատեցինք որ Աստուծոյ թագաւորութեան անդամ դառնալն ու զայն ժառանգելը իրարմէ տարբեր բաներ են, եւ սակայն, պէտք է յիշեցնել որ անոնք զիրար ամբողջացնող եւ իրարմով պայմանաւորուած իրականութիւններ են, որովհետեւ, եթէ երբեք մեր երկրաւոր կեանքի ընթացքին չանդամագրուինք Քրիստոսի թագաւորութեան՝ պիտի չկրնանք ժառանգել այդ թագաւորութիւնը Քրիստոսի երկրորդ գալուստէն ետք։

Ոմանք կը խորհին ըսելով.- «Ի՞նչ տարբերութիւն կընէ դրախտին մէջ եղեր ենք թէ Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ»։ Կասկածէ վեր է որ անհուն տարբերութիւն կայ Քրիստոսի երկրորդ գալուստէն առաջ մահացող եւ դրախտ տարուող մարդուն վիճակին եւ Քրիստոսի երկրորդ գալուստէն յետոյ Աստուծոյ թագաւորութիւնը յաւիտենապէս ժառանգող հաւատացեալ մարդուն վիճակին միջեւ։ Այդ տարբերութեանց մասին երկա՜ր էջեր կարելի է գրել, բայց այդ մեր ծրագիրին մաս չի կազմեր։

Այս հանգրուանին միակ հաստատումը զոր կուզենք ընել, այն է, որ մահէն ետք դրախտ տարուող հաւատացեալ մարդուն հոգիին ուրախութիւնը, փառքը,  զօրութիւնը,   գեղեցկութիւնը   եւ անարատութիւնը, Քրիստոսի երկրորդ գալուստէն եւ Ֆիզիքական յարութենէն յետոյ ո՛չ միայն պիտի բազմապատկուի, այլեւ կատարեալ ու ամբողջական պիտի դառնայ։

Դրախտը ուր կը տարուի հաւատացեալին հոգին, կը ներկայացնէ «վիճակ մը»։ Վիճակ մը, ուր հաւատացեալին հոգին «կը զգայ» Քրիստոսի պաշտպանարար եւ ուրախարար սիրոյ ներկայութիւնը։ Քրիստոսի երկրորդ գալուստէն յետոյ, ատիկա կը դադրի վիճակ մը ըլլալէ, կը դադրի զգացումի կամ զգալու հարց ըլլալէ, եւ կը վերածուի հաւատացեալին էութիւնը համակող անբացատրելի ապրումի, հրաշափայլ եւ հրաշափառ կեանքի, անծայրածիր խինդի եւ խաղաղութեան, որուն մէջ կընկղմի հաւատացեալը եւ որով յաւիտենապէս «կարբի»։

Գալով դժոխային վիճակին եւ դժոխքին, անոնք իրարմէ տարբեր են անով, որ առաջինը Քրիստոսի երկրորդ գալուստէն առաջ եղող իրականութիւն մըն է, իսկ երկրորդը, Քրիստոսի երկրորդ գալուստէն ետք ըլլալիք իրականութիւն մըն է։ Աւելի պարզ բացատրութեամբ մը, երբ անհաւատ անձ մը մեռնի, իր հոգին կը մատնուի դժոխային վիճակի մը, իսկ Քրիստոսի երկրորդ գալուստէն, մարդկութեան յարութենէն եւ վերջին դատաստանէն ետք, ան ուղղակիօրէն դժոխք կը նետուի։

Անհաւատ մարդուն դժոխային վիճակը անտանելի կը դառնայ եւ սուր հանգամանք մը կը ստանայ Քրիստոսի երկրորդ գալուստէն եւ վերջին դատաստանէն ետք։ Կը կարծէ՞ք որ անհաւատին դժոխային վիճակը պիտի չսաստկանայ դատաստանի օրը հրապարակաւ նշաւակուելէ եւ խայտառակուելէ ետք։

Փորձենք օրինակով մը պարզել թէ ինչպէ՛ս մահէն ետք դժոխային վիճակի մը կը մատնուի անհաւատ մարդը, իսկ վերջին դատաստանէն ետք՝ դժոխքի։ Ենթադրենք պահ մը որ մարդասպան մը բանտ դրուեցաւ եւ իրեն ըսուեցաւ որ ամիս մը ետք պիտի կախուի։ Ի՞նչ հոգեվիճակէ կը կարծէք պիտի անցնի մահուան դատապարտուած մարդը այդ ամսուան ընթացքին։ Կասկած չկայ որ ան դժոխային վիճակ մըն է որ պիտի ապրի։

Այո՛, դժոխային վիճակ մըն է ատիկա եւ ո՛չ թէ նոյնինքն դժոխքը։

Բանտարկեալին համար «դժոխքը» վրայ հասած կըլլայ երբ մէկ ամսուայ բանտարկութեան ժամանակը իր աւարտին հասնի եւ ինք կախաղան բարձրանայ։

Մեր ըսել ուզածը հետեւեալն է, անոնք որոնք առանց դարձի գալու կը մեռնին, անոնց հոգիները «մէ՛կ տեղ» կը բանտարկուին եւ կը սկսին ապրիլ դժոխային եւ սպասողական վիճակ մը։ Այդ սպասողական վիճակը վերջ պիտի գտնէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստէն եւ վերջին դատաստանէն ե՛տք միայն։ Դատաստանի օրը,  դժոխային վիճակին դժո՛խքն է որ պիտի յաջորդէ։ Ինչպէս բանտարկեալը բանտի մէջ դժոխային վիճակ մը կապրի որովհետեւ գիտէ թէ ի՛նչ կը սպասէ իրեն, այնպէս ալ անապաշխարութեամբ վախճանած մարդը՝ կապրի դժոխային վիճակ մը, որովհետեւ գիտէ թէ անաչառ դատաստան մը կայ որ իրեն կը սպասէ։

Ի՞նչ է դժոխքը։ Բազմաթիւ բացատրութիւններ առաջարկուած են այս ուղղութեամբ, բայց այդ բոլոր բացատրութիւնները այստեղ յիշելը մեր նիւթի ծիրէն դուրս պիտի բերէ մեզ։ Այստեղ կուզեմ պարզապէս մէ՛կ բան յիշեցնել մեր ընթերցողներուն, որ իսկական դժոխքը անմար կրակներու եւ անմահ որդերու մէջ նետուիլը չէ, այլ զրկուիլն է Քրիստոսի  ներկայութենէն,  ինչպէս  առաքեալը  կըսէ.  «Այն  օրը, այդպիսիները յաւիտենական մահուամբ պիտի պատժուին, զրկուելով Տիրոջ ներկայութենէն եւ անոր փառաւոր զօրութենէն…» (Բ.Թս․ 1.9)։

Այս համարին համաձայն, յաւիտենական մա՛հ է Տիրոջ ներկայութենէն զրկուիլը։ Այո՛, մա՛հ ու դժո՛խք պիտի ըլլայ յաւիտենականութիւնը ամէն մարդու որ կընդդիմանայ Քրիստոսի կամքին եւ կը մերժէ խոնարհիլ անոր ամենակալ ձեռքին տակ։ Եթէ երբեք մահն ու դժոխքը Քրիստոսի ներկայութենէն զրկուիլն է, ապա ուրեմն դրախտն ու արքայութիւնը՝ Քրիստոսի ներկայութեան մէջ ընկղմիլն է։ Մի՛այն Քրիստոս կրնայ մեզ ազատել յաւիտենական մահէն եւ դժոխքէն, որովհետեւ միայն Քրիստոս յայտարարեց ըսելով. «Մահուան ու դժոխքի բանալիները իմ ձեռքս են» (Յյտ․ 1.18)։ Հետաքրքրական է որ Յայտնութեան Գիրքին մէջ մահն ու դժոխքը իրարմէ անբաժան կը ներկայանան (Յյտ․ 1.18, 6.8, 20.13, 20.14)։ Արդարեւ, մա՛հ է դժոխքին մէջ նետուիլը։ Դժո՛խք է յաւիտենական մահը։ Հոն ուր չիշխեր «Ե՛ս եմ կեանքը» յայտարարող կեանքի տէրն ու տուիչը՝ Քրիստոս, հոն մա՛հն է որ կը տիրապետէ, դժո՛խքն է որ կիշխէ։

Սիրելի՛ ընթերցող, ականջ մի՛ տար անոնց՝ որոնք կըսեն. «Դժոխքն ու արքայութիւնը հոս (աշխարհի մէջ) են»։ Մենք համաձայն ենք որ մարդ արարածը կրնայ իր կամքով ինքնիր կեանքը դժոխքի կամ արքայութեան վերածել, բայց այդ չի նշանակեր որ «դժոխքն ու արքայութիւնը հոս (աշխարհի մէջ) են»։ Ան որ կը մերժէ դժոխքին իրական ըլլալը՝ մերժած կըլլայ նաեւ արքայութեան իրական ըլլալը, որովհետեւ նոյն Սուրբ Գիրքն է որ կը խօսի երկուքին ալ մասին։ Մէկուն գոյութիւնը մերժողը միւսին ալ գոյութիւնը պէտք է մերժէ, որովհետեւ Քրիստոս երկուքին ալ գոյութեան   մասին   յստակ   հաստատումներ   կը   կատարէ։

Աստուածաշունչին մէջ ո՛չ ոք Քրիստոսէ աւելի խօսած է դժոխքին եւ յաւիտենական մահուան մասին։ Եկէք հաւատանք Քրիստոսի խօսքերուն եւ դարձի գանք, որպէսզի դառնանք զաւակները յաւիտենական Արքային։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից

 

12.08.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․