Ե՛ս եմ աշխարհի լոյսը։ Ով որ ինծի կը հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը որ կեանքին կ՚առաջնորդէ» (Յհ․ 8.12)։ Մե՛ղքն է որ խաւարով պատեց մարդուն կեանքը։ Մե՛ղքն է որ մարդուն սիրտին մէջ շիջեցուց արդարութեան լոյսը։ Մե՛ղքն է որ աղօտացուց լոյսը մեր հոգիներուն։ Մարդը կորսնցուց յաւիտենական կեանքին առաջնորդող ճամբան երբ կամովին մարեց այդ ճամբուն լոյսը։
Յաւիտենական կեանքին առաջնորդող լոյսը Քրիստոս ի՛նքն է։ Խզել մեր կապը Քրիստոսի հետ, կը նշանակէ մերժել մեզ կենսաւորող լոյսը։ Առանց Քրիստոսի խաւա՛ր է մարդուն կեանքը ու մեռա՛ծ է անոր հոգին։ Առանց Քրիստոս-Լոյսին մարդուն միտքը տարտարոսներուն մութին մէջ կը խարխափէ, մարդուն սիրտը իր խաղաղութիւնը կը կորսնցնէ, իսկ մարդուն հոգին առ յաւէտ աղիողորմ ճիչեր կ՚արձակէ։
«Ով որ ինծի կը հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ…»։ Արդարեւ, խաւարի մէջ չքալեցին Եգիպտոսէն ելլող Իսրայէլացիները որոնք «ամպին առաջնորդութեան եւ պահպանութեան տակ էին եւ բոլորն ալ Կարմիր ծովէն անցան, եւ Մովսէսի հետեւելով՝ բոլորն ալ մկրտուեցան ամպին եւ ծովուն մէջ» (Ա.Կր․ 10.1-2)։ Ամպը որուն մասին կը խօսի առաքեալը, ակնարկութիւն է անապատին մէջ Իսրայէլի ժողովուրդը առաջնորդող ամպի եւ կրակի սիւնին (Ել․ 13.21-22)։ Իսկ ամպի եւ կրակի սիւնին մէջ մենք Քրիստոսի ներկայութիւնն է որ կը տեսնենք։ Ինչպէս Քրիստոս անցեալին Իսրայէլի ժողովուրդը առաջնորդեց Սինայի անապատներէն ու Կարմիր ծովէն, այնպէս ալ այսօր, ան մեզ կ՚առաջնորդէ ներկայ կեանքի տաժանալից անապատներէն ու մրրկալից ծովերէն։
Սիրելի՛ բարեկամ, ինչպէս Իսրայէլացիները առանց անցնելու Սինայի անապատէն ու Կարմիր ծովէն պիտի չկրնային հասնիլ խոստացեալ Քանանու երկիրը, այնպէս ալ մենք չենք կրնար հասնիլ Աստուծոյ խոստացած թագաւորութեան եթէ նախ չանցնինք կեանքի անապատներէն ու ծովերէն։ Իսկ կեանքի անապատներէն ու ծովերէն կարենալ անցնելու համար՝ անհրաժեշտօրէն մեզի հետ ու մեր կողքին ունենալու ենք զՔրիստոս։
Կեանքի անապատն ու ծովը լեցուն են վայրի գազաններով ու անտեսանելի սողուններով։ Հո՛ն է Սատանան իր ծուղակներով ու հրապուրիչ երեւոյթներով։ Հո՛ն են չար ոգիները իրենց պատրաստած անհամար փորձութիւններով։ Առանց Քրիստոսի չե՛նք կրնար յաղթանակ տանիլ անոնց դէմ։ Պէտք ունինք Քրիստոս-Սիւնին որպէսզի իրեն կրթնինք, իրմով զօրանանք, իրմով ու դէպի իրեն առաջնորդուինք։ Չարին կողմէ նիւթուած չարաբնոյթ ծրագիրները միայն Քրիստոս- Լոյսին դիմա՛ց կը խափանուին, եւ Աստուծոյ փառաւոր ու փառաւորիչ լոյսը պայծառօրէն հանդէս կու գայ։
Մենք չենք երթար Քրիստոսի որպէսզի անկէ լոյս առնենք, այլ որպէսզի՝ զայն ընդունինք մեր կեանքերուն մէջ իբրեւ լոյս։ Ան ոչ միայն մեր հոգիները լուսաւորող է, այլեւ լոյսն է մեր հոգիներուն։ Քրիստոս- Լոյսն է որ արդարութեան ճամբան կը ցուցնէ։ Քրիստոս-Լոյսն է որ ճշմարտութիւնը երեւան կը բերէ։ Առանց Քրիստոս-Լոյսին ճշմարտութիւնը ծածկուած կը մնայ մեզմէ։ Քրիստո՛ս է ճշմարտութիւնը, եւ հետեւաբար, Քրիստոսէ հեռացողը ճշմարտութենէն է որ հեռացած կ՚ըլլայ։ Լոյսը ճշմարտութիւնն ու իրականութիւնը հանդէս բերելու յատկութիւնը ունի։
Արդարեւ, լոյսը չէ՞ որ ամէն բանի ինքնութիւնը, ամէն առարկայի ինչութիւնը, ամէն երեւոյթի իսկութիւնը երեւելի կը դարձնէ։ Ինչպէս երբ արեւը ծագի մութին ու խաւարին մէջ ծածկուած, անծանօթին ու անորոշին ետին պահուըտած բոլոր մարդիկն ու առարկաները երեւան կու գան իրենց ճշմարիտ պատկերով, այնպէս ալ երբ Քրիստոս իբրեւ լոյս ծագի մեր սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ, այն ատեն է որ մեր իսկական ինքնութիւնը պիտի բացայայտուի, պիտի անդրադառնանք որ կորսուած ենք մեղքի խաւարին մէջ եւ շուտով Քրիստոսի ոտքերուն պիտի փաթթուինք։
Առանց Քրիստոսի լոյսին մենք թշնամի կը մնանք երկինքին։ Առանց Քրիստոսի լոյսին մենք մնայուն կերպով վախի եւ անորոշութեան գիրկին մէջ կ՚ըլլանք։ Այո՛, խաւարին մէջ վա՛խն է որ կը հանգչի, խաւարին մէջ վտա՛նգն է պահուըտած, խաւարին մէջ Սատանա՛ն է դարանակալ նստած։ Մութին մէջ քալողը ո՛չ մխիթարութիւն ունի եւ ո՛չ ալ խաղաղութիւն, ո՛չ հանգիստ եւ ո՛չ ալ ապահովութիւն։
Քրիստոս ի՛նքն է որ այս բոլորէն մեզ ազատագրեց։ Ի՛նքն է որ մեզ անհաւատութեան խաւարէն դուրս բերաւ եւ հաւատքի որդիներ դարձուց։ Ի՛նքն է որ մեզ տգիտութեան ճիրաններէն ձերբազատեց եւ առաջնորդեց ճշմարիտ գիտութեան որ նոյնինքն աստուածգիտութիւնն է։ Ի՛նքն է որ մեզ խաւարին մէջ թաղուած մեռելոտի կեանքէն դէպի յաղթական կեանքի առաջնորդեց։
Կեանք ունենալ, կը նշանակէ ունենալ այն լոյսը «որ խաւարին մէջ կը փայլի» (Յհ․ 1.5)։ Այն Լոյսը փայլեցաւ ու կը շարունակէ փայլիլ ամբողջ աշխարհի մարդոց վրայ, որովհետեւ ամբողջ աշխարհի մարդոց վրայ տիրեց մեղքի խաւարը։ Այն Լոյսը միայն Հրեաներուն համար չեկաւ աշխարհ, այլ ողջ մարդկութեան համար (Յհ․ 12.46)։ Ինչպէս արեւը բոլորին վրայ կը ծագի, այնպէս ալ արեւին Ստեղծիչը պատրաստ է «մահուան աշխարհին ու շուքին մէջ ապրողներուն վրայ» ծագելու (Մտ․ 4.16)։
Սիրելի՛ ընթերցող, ինչպէս երբ արեւի լոյսը ծագի, աշխարհը պատող խաւարը կը փարատի, այնպէս ալ, թոյլ տուր որ Քրիստոսի լոյսը ծագի սիրտիդ մէջ, որպէսզի ցրուի էութիւնդ պատող անհաւատութեան մէգը։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից