28 Հունվար, Դշ. Առաջավորաց Պահքի Գ օր

Հաշտութիւն` Քրիստոսի մահուամբ փրկութիւն` Քրիստոսի կեանքով

«Եթէ Աստուած իր Որդիին մահովը մեզ իր հետ հաշտեցուց դեռ այն ատեն՝ երբ տակաւին թշնամի էինք իրեն, հիմա որ ա՛լ հաշտուած ենք՝ որքա՜ն աւելի վստահութեամբ կրնանք ըսել՝ թէ պիտի փրկուինք Քրիստոսի կեանքով» (Հռ 5.10)։ Այս համարին հիմնական երկու գաղափարներն են՝ (1) հաշտութիւն՝ Քրիստոսի մահուամբ, եւ (2) փրկութիւն՝ Քրիստոսի կեանքով։ Խօսինք ասոնց մասին առանձնաբար.-

Առաջին.- հաշտութիւն Քրիստոսի մահուամբ։ Հաշտութիւն որո՞ւն հետ։ Մեղքի իբրեւ արդիւնք գժտութիւն մը յառաջացաւ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ։ Գժտութիւն մը որ միայն Աստուծոյ Որդիին միջոցաւ կրնար իր լուծումը գտնել։ Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ Աստուծոյ Որդին ի՛նք կար։ Առանց Աստուծոյ Որդիին ո՛չ Աստուած կրնար կամ կրնայ գալ մարդոց եւ ո՛չ ալ մարդիկ կրնային կամ կրնան գալ Աստուծոյ։

Ինչո՞ւ Աստուծոյ Որդիին միջամտութիւնը անհրաժեշտ էր Աստուած եւ մարդ հաշտութիւնը իրականացնելու համար։ Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ թէ «Օրէնքին համաձայն՝ գրեթէ ամէն ինչ արիւնով կը սրբուի. մեղքերու թողութիւնն ալ առանց արեան հեղումի չ՚ըլլար» (Եբր 9.22)։ Եւ որովհետեւ «ցուլերու եւ նոխազներու արիւնը բնաւ չի կրնար մեղքերը ջնջել» (Եբր 10.4), այդ իսկ պատճառով, Որդին խօսքը ուղղելով մեր երկնաւոր Հօր՝ կ՚ըսէ. «Ահա կու գամ՝ ճիշդ ինչպէս Օրէնքներու գիրքին մէջ ինծի համար գրուած է՝ որպէսզի քու կամքդ ընեմ, ո՛վ Աստուած» (Եբր 10.7)։ Իսկ ի՞նչ էր Աստուծոյ կամքը եթէ ոչ վերցնել բոլոր նախկին զոհերը եւ անոնց տեղ Քրիստոսի զոհը հաստատել (Եբր 10.9)։

Գժտութիւնն ու խռովութիւնը սկսան մարդուն կողմէ ու մարդուն պատճառով, իսկ հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը՝ Աստուծոյ կողմէ եւ Աստուծոյ պատճառով։ Մարդիկ իրենք չխնդրեցին Աստուծոյ Որդիէն որ զիրենք հաշտեցնէր Աստուծոյ հետ։ Աստուած ի՛նքն էր որ կամեցաւ մարդիկը փրկել, իսկ Որդին ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնեց կատարելու Աստուծոյ կամքը։

Մարդիկ ո՛չ միայն հաշտութիւն չխնդրեցին, այլեւ իրենց նպաստն անգամ չբերին այդ հաշտութեան։ Աստուած չ՚սպասեց որ մարդիկ հրաժարին իրենց թշնամական վերաբերմունքէն եւ բարեկամական վերաբերմունք ցուցաբերեն որպէսզի հաշտուէր անոնց հետ, այլ՝ ինչպէս առաքեալը կը վկայէ, «Աստուած իր Որդիին մահովը մեզ իր հետ հաշտեցուց դեռ այն ատեն՝ երբ տակաւին թշնամի էինք իրեն»։

Քրիստոսի աշխարհ գալը մեր խնդրանքին, զղջումին կամ ապաշխարութեան արդիւնքը չէր, այլ՝ Աստուծոյ ազատ կամեցողութեան եւ սիրոյն արտայայտութիւնն էր։ Աստուած ի՛նքն էր որ կամեցաւ որ այդպէս ըլլայ, որպէսզի փրկութիւնը ամբողջապէս աստուածային ձրի պարգեւ մը նկատուի։ Եթէ Աստուած մօտեցաւ մեզի իրեն թշնամի եղած ատեննիս, հիմա որ հաշտուած ենք իրեն հետ ու դարձած բարեկամ իրեն՝ որքա՜ն աւելի պիտի մօտենայ մեզի եթէ կամենանք։

Երկրորդ.- փրկութիւն Քրիստոսի կեանքով։ Մեր արդարացումը կատարուեցաւ Քրիստոսի արիւնով (Հռ 5.9), հաշտութիւնը՝ անոր մահուամբ (10-րդ համար), իսկ փրկութիւնը՝ անոր կեանքով (10-րդ համար)։ Ի՞նչ կը հասկնանք «Քրիստոսի կեանքով փրկուիլ» ըսելով։ Քրիստոսի կեանքով կը փրկուինք եթէ թոյլ տանք որ Քրիստոս գայ եւ իր կեանքը ապրի մեր կեանքերուն մէջ, իր շունչը դնէ մեր հոգիներուն մէջ, իր սէրը զեղու մեր սիրտերուն մէջ։

Քրիստոս կը պատուիրէ կատարեալ ըլլալ մեր երկնաւոր Հօր նման (Մտ 5.48)։ Նման կատարելութիւն կարելի է ձեռք ձգել միայն այն ատեն՝ երբ հրաւիրենք Քրիստոսը որ ապրի իր Հօրը կատարելութիւնը մեր կեանքերուն մէջ։ Կատարեալ մարդը առանց մեղքի եղող մարդը չէ, այլ՝ իր նմանին հանդէպ կատարեալ սէր ու գուրգուրանք ունեցող մարդն է։

Պօղոս առաքեալի ըսել ուզածը այն է՝ որ չի բաւեր արդարանալ Քրիստոսի արիւնով, հաշտուիլ Քրիստոսի մահուամբ, այլեւ պէտք է ընկալողները ըլլալ Քրիստոսի կեանքին։ Փրկութիւնը սկսաւ Քրիստոսի արիւնով ու մահուամբ եւ կրնայ շարունակուիլ մի՛այն ու մի՛այն իր կեանքով։ Ուստի, առաքեալին պատուէրն է մեր կեանքերը միաձուլել եւ նոյնացնել Քրիստոսի կեանքին հետ, ապրիլ Քրիստոսի հետ եւ ապրեցնել Քրիստոսը մեր սիրտերուն մէջ։

Երբ կը հաստատենք թէ փրկութիւնը ձեռք կը ձգենք Քրիստոսի կեանքով, կամ երբ կը խօսինք Քրիստոսի կեանքին ընկալողները ըլլալուն մասին, Քրիստոսի ո՞ր կեանքին մասին է որ խօսած կ՚ըլլանք. Իր երկրաւո՞ր կեանքին մասին, թէ՝ այն կեանքին մասին, որ ան ունեցաւ իր յարութենէն յետոյ։ Եթէ երբեք նկատի առնենք որ Պօղոս առաքեալ կը խօսի Քրիստոսի արիւնին մասին, ապա մահուան մասին, եւ ի վերջոյ կեանքին մասին, յստակ կը դառնայ որ ակնարկութիւնը այն կեանքին է, որ իր յարութեան յաջորդեց։

Առաքեալին սորվեցուցածը մեզի այն է՝ որ մենք մեր ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացնենք ո՛չ միայն այն կեանքին վրայ որ Քրիստոսինը եղաւ երբ ան մարմինի մէջ էր, այլ նաեւ ու յատկապէս, այն կեանքին վրայ՝ որ Քրիստոսինն է ներկայիս՝ երկինքի մէջ։ Իսկ ներկայիս Քրիստոսի ունեցած կեանքը երկինքի մէջ, մարդուն համար ապրուած բարեխօսի ու միջնորդի կեանք մըն է, մարդապաշտպանութեան կեանք մըն է։ Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ թէ «Քրիստոս կենդանի ըլլալով՝ տեւաբար բարեխօս կ՚ըլլայ» մեզի համար (Եբր 7.25)։

Քրիստոս իր ներկայ կեանքով, մեր պաշտպանն ու փաստաբանն է։ Փորձութեանց դիմաց մեզի նեցուկ կանգնողն է։ Ահա՛ թէ ինչո՛ւ մենք «կը փրկուինք Քրիստոսի կեանքով»՝ մարդապաշտպան կեանքով։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

 

24.12.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․