Ինչպէ՞ս պատրաստուիլ Սուրբ Հաղորդութեան (Խոստովանութիւն եւ Աղօթք)

1. Խոստովանութիւն։ Մեղքերու խոստովանութեամբ պէտք է պատրաստենք մեր սիրտերը դառնալու բնակարան Անմեղին։ Չխոստովանուած մեղքեր արգելք են որ Քրիստոս մուտք գործէ մեր հոգիներէն ներս։ «Եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը, վստահ եղէք՝ թէ Աստուած, որ արդար է, պիտի ներէ մեր մեղքերը եւ մեզ պիտի սրբէ մեր բոլոր անիրաւութիւններէն» (Ա.Յհ․ 1.9)։ Շատ ողորմելի ենք եթէ երբեք խոստովանութեան ճամբով մեղքերու թողութիւն ստանալու առիթը ունինք, իսկ մենք մեր մեղքերուն բեռը մեր ուսերուն վրայ պահել կը շարունակենք։ Խոստովանիլը՝ մեղքերուն բեռը մէկդի ձգելն է։

Բարսեղ Մաշկեւորցի խօսելով խոստովանութեան մասին կ՚ըսէ. «Ինչպէս որ պղնձագործը ժանգոտած անօթը քուրայէն անցընելով՝ մուրճի հարուածներով զայն կը փայլեցնէ, նոյնպէս դուն եւս մեղքերով ժանգոտած հոգիդ խոստովանութեան քուրային մէջ նետէ, եւ ապա բարձրէն իջեցուր մուրճը, այսինքն՝ մեղադրանքի եւ յանդիմանական խօսքերը, որպէսզի հոգիդ վերստին պայծառանայ»։ Բարսեղին ըսել ուզածը այն է, որ քրիստոնեայ մարդը խոստովանութեան պահուն ինքնամեղադրութեան եւ ինքնայանդիմանումի ճամբան պէտք է ընտրէ, որպէսզի կարենայ մեղքի ժանգը մաքրել իր հոգիէն։ Ինչպէս երբ ծառի մը ճիւղերը յօտուին, ծառը իր զօրութիւնը կը վերագտնէ, այնպէս ալ երբ քրիստոնեայ մարդը կը խոստովանի իր մեղքերը՝ Սուրբ Հաղորդութեան միջոցաւ իր զօրութիւնն ու հոգեւոր պայծառութիւնն է որ գտնէ։

Սուրբ Հաղորդութիւնը դեղ է մեր հոգիին եւ մարմինին համար։ Այս դեղը մեզի օգտակար կ՚ըլլայ միայն ա՛յն ատեն՝ երբ խոստավանինք մեր մեղքերը։ Ինչպէս եթէ հիւանդ մարդը չխոստովանի եւ չհրապարակէ իր հիւանդութիւնը՝ դեղ չ՚ստանար եւ չի դարմանուիր, այնպէս ալ, ան որ Սուրբ Հաղորդութեան կը մօտենայ առանց խոստովանելու իր մեղքերը՝ թողութիւն եւ հոգիի խաղաղութիւն չի գտներ։

Սիրելի՛ հաւատացեալ, թոյլ չտանք որ Սատանան կամ մեր նման մարդիկ ամչցնեն մեզ եւ հեռու պահեն խոստովանութենէն։ 13-րդ դարու հեղինակ, Յովհաննէս Երզնկացի կ՚ըսէ. «Քահանային ներկայութեան ձեր ունեցած փոքր վախով ու ամօթով կը փրկուիք այն մեծ ամօթէն որ տիեզերական ահեղ հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ… երբ մարդոց բոլոր ծածուկ գործերը պիտի յայտնուին։ Այդ վախը եւ ամօթը շատ աւելի սաստիկ է, երբ երկինքն ու երկիրը ի մի պիտի գան եւ ոչ ոք պիտի կարենայ ծածկել իր մեղքերը, այլ պիտի յանդիմանուի, ամչնայ ու դողայ մեծ հրապարակին վրայ։ Ամօթէն ետք գեհենի հուրին եւ յաւիտենական տանջանքին պիտի մատնուի Սատանային հետ…, ուր աչքերը պիտի լան եւ ակռաները կրճտեն»։

2. Աղօթք։ Եթէ երբեք խոստովանութիւնը մեր մեղքերուն ճիւղերը յօտել է, ապա աղօթքը նոր ճիւղեր պատուաստել է։ Ճիւղեր՝ որոնց վրայ հաւատքի եւ հաւատարմութեան, սիրոյ եւ սրբութեան պտուղները միասնաբար կը հասուննան։ Չաղօթող մարդը կը նմանի անպտուղ ծառի մը՝ որուն ո՛չ թռչունները կը մօտենան, ո՛չ մարդիկը եւ ո՛չ ալ Աստուած՝ Սուրբ Հաղորդութեան ճամբով։

Աղօթքը մեր սիրտին դուռն ու ցանկապատն է։ Ինչպէս դուռ եւ ցանկապատ չունեցող պարտէզ մը, ամէն տեսակ կենդանի կրնայ մտնել եւ աւեր գործել, այնպէս ալ աղօթքը իբրեւ դուռ եւ ցանկապատ չունեցող սիրտ մը, յարձակումի կ՚ենթարկուի չար դեւերուն եւ ոգիներուն կողմէ։ Նման սիրտ մը չի կրնար պարուրուիլ Քրիստոսի մարմինով եւ արիւնով։

Աղօթքով պէտք է մաքրենք մեղքի թարախը մեր հոգիներէն։ Մեզմէ ո՞վ չի պժգար թարախոտած ձեռքով կերակուր ուտելու։ Եթէ երբեք թարախոտած ձեռքով ճաշ չենք ուտեր, հապա որքա՞ն աւելի զգոյշ պէտք է ըլլանք Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը մեղքերով թարախոտած մեր մարմիններուն մէջ առնելու։

Ինչպէս խի՛ստ պատիժի կ՚արժանանայ ան որ փշրուած ու կոտրուած գահ մը կու տայ իր երկրի թագաւորին եւ անկէ կը խնդրէ անոր վրայ բազմիլ, այնպէս ալ մեծապէս պիտի պատժուին բոլոր անոնք՝ որոնք Սուրբ Հաղորդութեամբ զՔրիստոս կը հրաւիրեն բազմելու մեղքով փշրուած ու կոտրուած իրենց սիրտի գահին վրայ։ Աստուծոյ կողմէ եւ Աստուծո՛յ համար մեր սիրտերուն մէջ դրուած այդ գահը, մի՛այն աղօթքով կրնայ նորոգուիլ։ Այդ նորոգութեան կը յաջորդէ Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը երբ կը ճաշակենք Քրիստոսի մարմինէն եւ արիւնէն։ Ուրեմն, աղօթե՛նք արարչագործութեան եւ արարածներուն Նորոգիչին եւ Վերանորոգիչին մերձենալէ առաջ Աստուծոյ մարմինին եւ արիւնին։

Աղօթե՛նք, որպէսզի մեր սիրտերը վերածուին սկիհի՝ պատրաստ իր մէջ առնելու Տէր Յիսուսի մարմինն ու արիւնը։ Աղօթե՛նք, որպէսզի կաւէ զանգուածներս չայրինք աստուածորդիին հրանման մարմինին եւ արիւնին առջեւ։ Աղօթե՛նք, որպէսզի մեր հոգիները դո՛ւրս շպրտեն իրենց ներսիդէն մահառիթ մեղքը եւ միանան կենսատու Նշխարին եւ առատահոս սրբարար Գինիին։

Աղօթե՛նք, որպէսզի կասեցնենք չար խորհուրդներուն հոսքը մեր կեանքերուն մէջ եւ Սուրբ Հաղորդութեամբ Աստուծոյ բազմապիսի բարերարութիւններով լի գետին ուղղութիւնը դարձնենք դէպի մեր կեանքերը։ Չաղօթող մարդը չի՛ բարերարուիր մեր Տիրոջ բարեգործ եւ բարեբաշխ մարմինէն եւ արիւնէն։ Սուրբ Հաղորդութիւնը կը կենագործէ երբ կ՚աղօթենք կեանքի Արարիչին ու Տուիչին։

Եկէ՛ք ինքնաքննութեան, ծոմապահութեան, խոստովանութեան եւ աղօթքի ճամբով, մաքրենք մեր սիրտերէն եւ հոգիներէն մեղքի տիղմը, որպէսզի փառքի թագաւորը՝ Քրիստոս, իր յաղթական մուտքը գործէ մեր կեանքերէն ներս, Սուրբ Հաղորդութեան միջոցաւ։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից

 

01.07.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․