Սուրբ Պատարագը՝ յիշատակ Քրիստոսի

Քրիստոս Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը հաստատեց Վերջին Ընթրիքի ընթացքին (Ղկ․ 22.14-23). այնպիսի ժամանակ մը՝ երբ ան կը պատրաստուէր իր աշակերտները ձգելով հեռանալ այս աշխարհէն Ֆիզիքապէս։ Ինչպէս երբ մարդ մը պիտի բաժնուի իր սիրելիներէն բան մը կու տայ անոնց որպէսզի անով միշտ յիշեն զինք, այնպէս ալ Քրիստոս երբ պիտի բաժնուէր իր աշակերտներէն, իրմէ բան մը տուաւ, աւելի ճիշդ՝ ինքզինք տուաւ անոնց եւ անոնց ընդմէջէն մեզի, որպէսզի միշտ յիշենք զինք, զօրանանք իր ներկայութեամբ եւ լեցուինք իր սիրով։

Քրիստոս հացն ու գինին օրհնելէ եւ իր աշակերտներուն տալէ ետք ըսաւ. «Ասիկա կատարեցէք իմ յիշատակիս համար» (Ղկ․ 22.19)։ Քրիստոս իր այս խօսքով, խնդրանք մը չէր որ կը ներկայացնէր, այլ՝ հրահանգ էր որ կու տար։ «Կատարեցէք» բացատրութիւնը մեզ կը դնէ պարտականութեան եւ պարտաւորութեան մը առջեւ։ Խորհուրդին կատարումը մեր ազատ կամքին թողուած չէ։ Մենք (եկեղեցականներս) չէ՛ որ պիտի որոշենք եթէ Սուրբ Պատարագ մատուցանել կ՚ուզենք կամ ոչ։ Սուրբ Պատարագ մատուցանելը ո՛չ նախնտրութեան եւ ո՛չ ալ նախասիրութեան հարց է, այլ աստուածային հրահանգ ու պահանջք է։

Այդ հրահանգը ի գործ դնողները առաջին հերթին առաքեալները իրենք պիտի ըլլային։ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին հաստատումով կ՚աւարտի Հին Կտակարանի քահանայական պատմութիւնը եւ սկիզբ կ՚առնէ Նոր Կտակարանի քահանայական պատմութիւնը։ Առաքեալները Հաղորդութեան խորհուրդին առաջին քահանաները եղան, զՔրիստոս ունենալով իբրեւ առաջին եւ յաւիտենական քահանայապետ։ Պէտք է յիշել նաեւ որ Աստուծոյ վերջնական նպատակն ու ծրագիրն ալ, մեզ քահանաներու թագաւորութեան մը վերածելն է (Ա.Պտ․ 2.9, Յյտ 1.6)։ Աստուած իր այս նպատակը պիտի յաջողցնէ երբ իր Որդին երկրորդ անգամ յայտնուի (Յյտ․ 20.6)։

«Յիշատակիս համար…» բացատրութիւնը, բնականօրէն չի՛ նշանակեր յիշատակումը անցեալին պատահած դէպքի մը եւ կամ անցեալին պատկանող դէմքի մը։ Քրիստոս մեր կողմէ յիշուիլ չէ որ կ՚աղաչէ։ Իր յիշատակը միշտ վառ պահել չէ որ խնդրէ։ «Յիշատակիս համար» բացատրութեամբ, Քրիստոս կը պահանջէ մեզմէ որ յիշենք եւ յիշեցնենք ամբողջ աշխարհին խաչելութեամբ իր իրագործած փրկութիւնը։ Ան կ՚ուզէ որ պատմենք իրարու իր անչափ սիրոյն մասին. այն սիրոյն մասին՝ որ զինք խաչ բարձրացուց։ Պօղոս առաքեալ նաեւ կը յանձնարարէ որ Տիրոջ մահը պատմենք ամէն անգամ երբ ուտենք սուրբ Հացէն եւ խմենք սուրբ Բաժակէն (Ա.Կր․ 11.26)։ Մեր կոչումն է սիրելի՛ ընթերցող, որ ամէն անգամ երբ հաղորդուինք Քրիստոսի մարմինով եւ արիւնով, յիշե՛նք եւ յիշեցնե՛նք ուրիշներուն նաեւ, որ Քրիստոս մեռաւ մեզի համար՝ մեզ դարձնելու համար որդիները Աստուծոյ զաւակները։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից

 

05.07.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․