Այն ծնողը որ կը սիրէ իր զաւակը՝ թող զայն մօտեցնէ Քրիստոսի

Եթէ երբեք կը կարծենք որ մեր սէրն է որ արտայայտած կ՚ըլլաք մեր զաւակներուն նկատմամբ տալով անոնց ինչ որ կ՚ուզեն ու կը փափաքին, ասիկա զանոնք սիրել չեղաւ, այլ զանոնք կործանել։ Ծնողներ իրենց զաւակներուն պէտք չէ տան ու արտօնեն ինչ որ անոնք կ՚ուզեն ու կը սիրեն, այլ պէտք է տան ու արտօնեն միայն այն՝ ինչ որ օգտակար է անոնց։ Պօղոս առաքեալ այս ուղղութեամբ կ՚ըսէ. «Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի, բայց ամէն ինչ օգտակար չէ…» (Ա.Կր․ 10.23 Հմմտ 6.12)։

Կեանքի մէջ շատ բաներ կան որ կրնանք ընել որոնք սակայն օգտակար չեն։ Եթէ մէկը ուզէ շատակերութիւն ընել՝ արգիլող չկա՛յ, բայց մեզմէ ո՞վ չի գիտեր շատակերութեան վնասները։ Եթէ մայր մը ուզէ իր զաւակին արգիլել որ եկեղեցի յաճախէ կամ Սուրբ Գիրք կարդայ՝ մէկը չի կրնար պահանջել իրմէ որ փոխէ իր վերաբերմունքը, բայց դարձեալ, ո՞վ չի գիտեր որ այդ մայրը դէպի ամբողջական կործանում կ՚առաջնորդէ իր զաւակը. ո՞վ չի գիտեր որ ան պատասխանատու է Աստուծոյ առջեւ, իր զաւակին առջեւ, եւ բոլոր այն մարդոց առջեւ՝ որոնց գայթակղութեան պատճառ դարձած է ու կը դառնայ։

Յիշեցէք Հեղի քահանային օրինակը։ Ան իր զաւակներուն՝ Ոփնիին ու Փենէհէսին նկատմամբ իր ցուցաբերած անտարբեր ու անհոգ վերաբերմունքին պատճառով՝ գայթակղութեան պատճառ դարձած էր ամբողջ ժողովուրդին համար (Ա.Թգ․ 2.22-24)։ Աստուածաշունչը կը պարզէ որ Հեղի քահանան երբեք խիստ չէ եղած իր զաւակներուն հանդէպ։ Ան նոյնիսկ չէ սանձած ու չէ յանդիմանած զիրենք երբ անոնք խախտած ու անարգած են աստուածադիր օրէնքներն ու պատուիրանները։ Ա՛յս է ինչ որ ցոյց կու տայ Աստուծոյ խօսքը ուղղուած Հեղի քահանային. «Իմ տանս համար պատուիրած զոհերս ու ընծաներս ինչո՞ւ կ՚անարգես եւ քու որդիներդ ինձմէ աւելի կը փառաւորես, որպէսզի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի ընտիր զոհերովը դուք ձեզ գիրցնէք» (Ա.Թգ․ 2.29)։

Հաւանաբար հայրական «սէրէ» մղուած, Հեղի քահանան չէ ուզած իր զաւակները հեռացնել քահանայական պաշտօնէն. բայց այսպիսի սխալներու լռելը սիրոյ կամ բարեացակամութեան արտայայտութիւն չէ, այլ՝ բացարձակ անպատասխանատուութեան եւ անտարբերութեան արտայայտութիւն։ Մայր մը կամ հայր մը պէտք չէ լռեն իրենց զաւակին սխալին, մանաւանդ եթէ երբեք այդ սխալը ուղղուած է Աստուծոյ դէմ։

Ոփնիին եւ Փենէհէսին սխալն ու մեղքը ուղղուած էր Աստուծոյ դէմ. նոյնինքն Հեղի այս բանը կը հաստատէ. «Եթէ մարդ մը մարդու դէմ մեղք գործէ, անոր դատաստանը Աստուած կ՚որոշէ, բայց եթէ մարդ մը Տիրոջը դէմ մեղք գործէ, անոր համար ո՞վ աղաչանք պիտի ընէ» (Ա.Թգ․ 2.25)։ Իր զաւակին աստուածանարգութեան նկատմամբ հադուրժողութիւն յայտնաբերող մայրը՝ անհանդուրժելի կը դառնայ Աստուծոյ համար։

Ծնողներ իրենց ծնողական պարտականութիւնը լիովին կատարած կ՚ըլլան միայն ա՛յն ատեն՝ երբ առաջնորդեն իրենց մանուկները մանուկներու մեծ սիրահարին՝ Յիսուսի մօտ. «Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց…» (Մտ․ 19.14)։ Ի՜նչ ցաւալի բան է հանդիպիլ այնպիսի՛ ծնողներու որոնք չեն ուզեր որ իրենց զաւակները իրենց կանուխ տարիքէն յանձնուին Քրիստոսի՝ այն տրամաբանութեամբ կամ առարկութեամբ, որ իրենց զաւակները պիտի չկրնան վայելել իրենց մանկութիւնը, իրենց երիտասարդութիւնը, իրենց կեանքերը։ Անոնք չեն անդրադառնար որ Քրիստոսի հետ ըլլալն ու ապրիլը մեծագոյն հաճոյքն է, գերագոյն վայելքն է։ Քրիստոսէ հեռու ոչինչ կրնայ հաճելի ըլլալ։

Ո՞վ ըսաւ որ Քրիստոսի յանձնուող մարդը կը դժբախտանայ։ Փորձառո՞ւ մէկը։ Քրիստոսի հետ ապրած ու անոր սիրոյն մէջ աճա՞ծ մէկը։  Ո՛չ  մէկ  անձ  որ  ապրած  է  Քրիստոսի  հետ  եկած  է  այն եզրակացութեան որ Քրիստոսի յանձնուիլն ու անոր հետ ապրիլը աղէտ է։ Եթէ կայ այդպիսի անձ մը, մեր ամուր համոզումը այն է, որ այդ անձը երբեք ալ չէ ընդունած զՔրիստոս իր սրտին եւ հոգիին մէջ։

Դիտեցէք մարդկային կեանքի փորձառութիւնը եւ պիտի տեսնէք, թէ բոլոր այն ծնողները որոնք յանձնուած են Քրիստոսի՝ քաջալերած են նաեւ որ իրենց զաւակները յանձնուին, իսկ անոնք որոնք չեն յանձնուած Քրիստոսի՝ փորձած են նաեւ արգելք հանդիսանալ իրենց զաւակներուն այդ քայլը առնելու։

Իսկապէս իր զաւակը սիրող մայրը կամ հայրը, ամէն բանէ առաջ պէտք է ապահովեցնէ յաւիտենականութիւնը իր զաւակին։ Իսկ զաւակին յաւիտենականութիւնը ապահովեցնելու միակ կերպը զայն Քրիստոսի ծանօթացնելն է։ Քրիստոսէ հեռու չկա՛յ ապահովութիւն։ Ոեւէ մայր կամ հայր իր սեփական ճիգերով թող ի զուր տեղ չփորձէ ապահովութեան եւ վստահութեան զգացում ներշնչել իր զաւակին։

Ապահովութեան զգացումը մեր զաւակներուն մօտ հանդէս չի գար երբ անոնց անունով մեծ գումարներ դիզենք դրամատուներու մէջ, ո՛չ ալ եթէ յարկաբաժիններ արձանագրենք անոնց անուններով։ Մեր զաւակներուն ապահովութիւնն ու յաջողութիւնը կախեալ չէ անոնց ունեցած նիւթականէն, կարելիութիւններէն, հանգստաւէտ պայմաններէն կամ  գործերու  առատութենէն։  Մեր  զաւակները  ապահովութեան զգացումով կը լեցուին միայն ա՛յն ատեն՝ երբ օգնենք անոնց իրենց սիրտերը բանալու Քրիստոսի շնորհքին առջեւ։

Սիրելի՛ ընթերցող մայր եւ հայր, «Տէրը իր սիրածը կը խրատէ, ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւակին կ՚ընէ» (Առ․ 3.12), ուստի, եթէ զաւակիդ  կը  սիրես,  հետեւէ  Տիրոջ  օրինակին  եւ  քաղցրութեամբ «խրատէ» ու յանդիմանէ զայն երբ սխալ ընթացքի մէջ ըլլայ։ Խրատելը անուշ-անուշ խօսիլը չէ միայն, այլ ի պահանջել հարկին պատժելն է նաեւ, քաղցրօրէն պատժելը։ Զաւակիդ սխալ ընթացքին դիմաց մնայուն կերպով ներողամիտ ըլլալովդ կրնաս անոր յաւերժ կորստեան պատճառ դառնալ։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից

 

04.06.25
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․