13 Դեկտեմբեր, Շբ
«Եկէք երթանք ամայի տեղ մը, ուր առանձին կրնանք ըլլալ եւ հոն քիչ մը կը հանգչինք» (Մր 6.31)։ Բոլոր անոնք որոնք կը վազեն Աստուծոյ դաշտին մէջ, շատ կարեւոր է իրենց համար ժամանակ առ ժամանակ առանձնանալ եւ աղօթքի ու խոկումի նուիրուիլ։ Անդադար վազելը, յարատեւ աշխատանքը եւ չափազանց զբաղած ըլլալը, կրնայ յոգնեցնել մեզ ու տապալել։ Յիսուս չափազանց զբաղած մէկը չէր։ Ան յաճախ ժամանակ կը գտնէր առանձնանալու եւ աղօթելու։
Ինչպէս ինքնաշարժ մը կարիքը ունի ժամանակ առ ժամանակ կանգ առնելու եւ քարիւղով լեցուելու որպէսզի կարենայ իր ճամբան շարունակել, այնպէս ալ, հաւատացեալ մարդը պէտք է ժամանակ առ ժամանակ կանգ առնէ եւ աղօթքի նուիրուի, որպէսզի հաւատքի քարիւղով գօտեպնդուած՝ շարունակէ իր հաւատքի գնացքը։ Եւ ինչպէս հովիւը որ իր ոչխարները անջրդի անապատներէն կ՚առաջնորդէ, յաճախ կանգ կ՚առնէ ջրհորներուն քով եւ ջուր կը խմցնէ անոնց որպէսզի չնուաղին, այնպէս ալ, քրիստոնեայ մարդը պէտք չէ երկար ժամանակ քալէ կեանքի անապատներէն, այլ պէտք է յաճախակիօրէն կանգ առնէ աղօթքի ջրհորին քով եւ իր հոգին լիացնէ անոր կենսատու ջուրով։
Յիսուս առաքելութեան առաքած էր տասներկու աշակերտները, վերադարձին` «անոր պատմեցին ինչ որ կատարեցին եւ սորվեցուցին» (Մր 6.30)։ Աշակերտները ուրախութեամբ պատմեցին Յիսուսի թէ ինչպէս չար ոգիները կը հնազանդէին իրենց եւ թէ ինչպէս բժշկութիւններ կատարեցին իր անունով։ Աշակերտներուն համար ասիկա ուրախութիւն էր բայց միաժամանակ՝ անակնկալ։ Այս առիթով էր որ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Եկէք երթանք ամայի տեղ մը, ուր առանձին կրնանք ըլլալ եւ հոն քիչ մը կը հանգչինք» (Մր 6.31)։
Յիսուս ուզեց որ իր աշակերտները առանձնանային, ո՛չ միայն որպէսզի հանգիստ ընէին, այլ՝ որպէսզի իրենց կատարած գործերուն մասին մտածելու առիթ ունենային, խոկային, աղօթէին, եւ արքայութեան վերաբերեալ զանազան ճշմարտութիւններ սորվէին իրենց Տիրոջմէն։ Աշակերտները պէտք էր գիտնային որ Աստուծոյ հետ անցուած մենութեան պահ մը շատ աւելի կ՚արժէր, քան մարդոցմէ չար ոգիներ դուրս հանելը։ Անոնք պէտք էր իմանային որ իրենց անուններուն գրուիլը Կենաց Գիրքին մէջ շատ աւելի թանկարժէք բան մըն էր, քան Յիսուսի անունով իրենց կատարած բժշկութիւնները։
Անոնք այս բոլորը չէին կրնար գիտնալ առանց որոշ ժամանակի մը համար քաշուելու մարդոց կեանքէն։ Առանձնանալով եւ աղօթելով միայն կրնանք գիտնալ մեր կատարածներուն արժէքը։ Այնքան ատեն երբ տաղտուկի, իրարանցումի եւ խճողուածութեան մէջ ենք, ճշգրիտ կերպով չենք կրնար անդրադառնալ թէ ի՛նչ բաներ պակաս թողուցինք, ի՛նչ բաներ ըրինք ու ըսինք որ պէտք չէր ընէինք ու ըսէինք։ Ուստի, երբեմն-երբեմն առանձնանալը խիստ կարեւոր է։
Ինչպէս երբ մնայուն կերպով մեր մարմինները աշխատցնենք կրնանք զանոնք կործանել եւ մահուան առաջնորդել, այնպէս ալ երբ յարատեւօրէն գործի լծենք մեր սիրտը, հոգին եւ միտքը, կրնանք զանոնք կորսնցնել։ Մարմինին նման՝ հոգին ինք եւս հանգիստի պէտք ունի։
Աստուածաշունչը յախաճ կը խօսի հանգիստի մասին։ Ծննդոց գիրքին 2-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք թէ՛ աշխատելու եւ թէ՛ հանգիստի մասին։ Յիսուս կոչ ուղղեց իրեն գալու եւ իր մօտ հանգիստ գտնելու (Մտ 11.28)։ Բազմաթիւ անգամներ Ելից եւ Բ. Օրինաց գիրքերուն մէջ կրկնուած կը գտնենք վեց օր աշխատելու եւ եօթներորդ օրը հանգիստ ընելու պատուիրանը։ Պօղոս առաքեալ Եբրայեցիներուն նամակին մէջ կը խօսի հանգիստի մը մասին որ Աստուած վերապահած է իր ժողովուրդին։ Խօսեցայ հանգիստ ընելու կարեւորութեան մասին։ Զգո՜յշ սակայն, ես հանգիստ կեանք մը ապրելու մասին չէ որ խօսեցայ եւ ո՛չ հանգստաւէտ պայմաններ հետապնդելու մասին։ Խօսքս ծանր ու տաժանակիր հոգեւոր աշխատանքներէ ետք ունենալիք հանգիստին մասին է։ Հանգիստ մը՝ որ միայն աղօթքին միջոցաւ կը գտնենք։ Խղճալի ենք եթէ երբեք կ՚ուզենք քիչ մը աշխատիլ եւ երկա՜ր ժամանակ հանգիստ ընել։ Հանգիստին արժէքը կրնանք գիտնալ միայն ա՛յն ատեն՝ երբ լուրջ ու ծանր աշխատանք տարած ենք Աստուծոյ փառքին համար։
Դուք ըսէք, ծոյլ աշակերտ մը, ամավերջի քննութիւններէն ետք, կրնա՞յ ակնկալուած ձեւով հանգիստ ընել եւ ներքին գոհունակութիւն վայելել։ Ամբողջ օրը պարտէզի մէջ նստած պարտիզպանը որ բնա՛ւ չէ աշխատած, երբ տուն դառնայ՝ խիղճն ու սիրտը հանգիստ պատառ մը հաց կրնա՞յ ուտել եւ հանգիստ միտքով կրնա՞յ անկողին երթալ։ Ինչպէս ցերեկ ու գիշեր լուսցուցած եւ յամառօրէն աշխատած աշակերտը՝ իսկական հանգիստ մը կը վայելէ, այնպէս ալ, անոնք որոնք ամբողջ օրեր հաւատարմութեամբ աշխատած են Քրիստոսի փառքին համար, անոնք կ՚ըմբոշխնեն այն հանգիստը, այն խաղաղութիւնը, այն հրճուանքը՝ որ Աստուած կը շնորհէ իրենց առանձնութեան պահուն, աղօթքի պահուն։
Սիրելի՛ հաւատակից եղբայր եւ քոյր, անոնք որոնք ամբողջ օր մը պայքարած են զանազան փորձութիւններու դէմ եւ յաղթանակ տարած, անոնք օրուան աւարտին՝ կրնան վայելել աստուածապարգեւ իսկական հանգիստը։ Իսկ օրուան ընթացքին բազմիցս պարտուած ու զգետնուած մարդուն համար, գիշերային աղօթքի պահը՝ հոգեկան գոհունակութեան եւ խաղաղութեան պահ մը չ՚ըլլար, այլ՝ խռովքի պահ մը։
Ինչպէս պատերազմի դաշտէն յաղթական վերադարձողը՝ ներքին անսահման ուրախութիւն կ՚ապրի, այնպէս ալ, Յիսուսի անունով պայքարած ու Թշնամիին յաղթած մարդը՝ երկնապարգեւ հանգիստ մըն է որ կը վայելէ։ Դուն պատերազմէն յաղթական դարձող զինուորի մը ուրախութիւնը ունի՞ս սրտիդ մէջ։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից