Որքա՜ն մարդիկ կան, նոյնիսկ նուիրեալ քրիստոնեաներ, որոնք կը վստահին Աստուծոյ բայց ո՛չ ամէն բանի մէջ եւ ամէն ժամանակի համար։ Անոնք կ՚աշխատին դրամ դիզել իրենց ապագան եւ ծերութիւնը ապահովելու համար։ Ասիկա Աստուծոյ հանդէպ անվստահութիւն է։ Եթէ մենք ներկայիս Աստուծոյ նախախնամութիւնը կը վայելենք, ինչո՞ւ կը կասկածինք որ կրնանք զանիկա չվայելել մեր ծերութեան ատեն։ Աստուած չ՚ը՞սեր. «Մինչեւ ձեր ծերութիւնը ես նոյնն եմ» (Ես 46.4)։
Սարգիս շնորհալին կ՚ըսէ. «Կ՚ուզեմ քեզի հարցնել, ո՜վ մարդ, եւ պատասխանէ ինծի. ինչո՞ւ կը յոգնիս եւ կը քրտնիս հարստութիւն դիզելու համար։ Եթէ մարմնական այս կեանքի հանգստութեան, ծերութեան եւ հիւանդութեան կամ այլ տեսակի պէտքերու գոհացման համար է, ճիշդ ըրած չես ըլլար, որովհետեւ ատիկա կը նշանակէ թէ դուն վստահութիւն չունիս Քրիստոսի նախախնամութեան նկատմամբ, եւ թէ ան նախախնամութիւն չունի եւ մեր պէտքերը չի կրնար հոգալ, եւ թէ մեզի կարեւոր եղող բաները անծանօթ են իրեն եւ կամ ալ բաւարար միջոց չունի մեզ լիացնելու»։
Սարգիս Շնորհալին կը բացատրէ թէ Աստուած չի լքեր իր զաւակները երբ անոնք կարիքի մէջ իյնան, եւ միաժամանակ կոչ կ՚ուղղէ մեզի վստահելու եւ ապաւինելու Աստուծոյ նախախնամութեան թէ՛ մեր ներկայ ժամանակին համար եւ թէ՛ մեր ապագային համար։ Իսկ Աստուծոյ վստահող մարդը ա՛ն է՝ որ իր հոգը Աստուծոյ վրայ կը ձգէ։ Ահա թէ ինչո՛ւ Դաւիթ մարգարէն կ՚ըսէ. «Քու հոգերդ Տիրոջ վրայ ձգէ, եւ ինք պիտի հոգայ քեզ, բնաւ պիտի չձգէ որ արդարը սասանի» (Սղ 55.22)։ Հոգը միայն նիւթական կարիքը չէ, միայն ֆիզիքական հիւանդութիւնը չէ, այլ ամէն բան որ մեզ կը մտահոգէ եւ թոյլ չի տար որ բացարձակ վստահութիւն տածենք Աստուծոյ հանդէպ։ Օրինակ, մէկուն համար կրնայ հոգ ըլլալ այն՝ թէ ի՛նչպէս իր գործերուն մէջ առաւել յաջողութիւն կրնայ գտնել, թէ ի՛նչպէս կրնայ իր գործի սահմանները ընդարձակել, կամ թէ ի՛նչպէս կրնայ իր յաճախորդներուն թիւը շատցնել։ Ուրիշ մը կրնայ հոգ ընել իր զաւակներուն համար եւ մտածել թէ ի՛նչպէս անոնք պիտի կարենան մաքուր ապրիլ պղծութեամբ լի այս աշխարհին մէջ, եւ թէ ի՛նչպէս անոնք պիտի կարենան ղեկավարել իրենց կեանքերը։
Հազար տեսակ հոգ կայ զոր կարելի է յիշել։ Բայց հոգը որուն մասին կը խօսի Սաղմոսագիրը, առաջին հերթին հոգեկան խռովքն է։ Ան կը պատուիրէ որ մեր հոգեկան խռովութիւնները ինչպէս նաեւ մեր հոգին խռովեցնող երեւոյթները դնենք Աստուծոյ ձեռքին մէջ, այն ամբողջական վստահութեամբ որ ինք զանոնք օրհնութեան պիտի փոխակերպէ։
Անուրանալի իրականութիւն է որ հոգն ու մտահոգութիւնը մեզ հեռու կը պահեն Աստուծոյ օրհնութիւնները, պարգեւներն ու շնորհքները վայելելու գեղեցիկ առիթներէն։ Պէտք է Աստուծոյ վրայ ձգել ինչ որ մեզ կը հեռացնէ Աստուծմէ։ Անհրաժեշտ է Աստուծոյ յանձնել ինչ որ մեզ կը յանձնէ հոգին ու մտահոգութեան ճիրաններուն։ Թոյլ չտանք որ մանր մունր հոգեր մեզ զրկեն Աստուծոյ մեծամեծ օրհնութիւնները վայելելու պարգեւէն։ Չնմանինք այն հայրերուն կամ մայրերուն որոնք առաւօտուն քիչ մը ուշ արթնցած ըլլալով, արագօրէն իրենց զաւակները կը հագցնեն որպէսզի դպրոց հասցնեն, եւ իրենք զիրենք կամովին կը զրկեն պահ մը կանգ առնելու եւ իրենց մանուկներուն հրեշտակային ժպիտը վայելելու պարգեւէն։ Մանուկին ժպիտը Աստուծոյ պարգեւն է տրուած անոր հօր եւ մօր։ Այդ պարգեւը օգտագործել պէտք է գիտնալ։
Ասոր նման որքա՜ն պարգեւներ կան մեր կեանքին մէջ, մեր տան մէջ, մեր միջավայրին մէջ, մեր ընկերութեան մէջ, մեր եկեղեցիներուն ու դպրոցներուն մէջ, որոնք սակայն կը վրիպին մեր ուշադրութենէն մեր մտահոգ եւ մշտահոգ ըլլալուն պատճառով։ Մարդոց հոգերուն մեծ բաժինը կրնայ փարատիլ եթէ երբեք մարդիկ սորվին իրարու վստահիլ եւ իրենց հոգերուն ու տագնապներուն մասին իրարու պատմել։ Ճի՛շդ է որ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ համար, բայց ան ստեղծուած է նաեւ իր նմանին համար։ Մարդիկ ինչպէս Աստուծմով կրնան մխիթարուիլ, նոյնպէս ալ իրարմով կրնան մխիթարուիլ։ Ցաւալի՛ է տեսնել մարդիկ որոնք կը դառնան իրենց նմաններուն դժբախտութեան պատճառ, փոխանակ դառնալու անոնց ուրախութեան ու մխիթարութեան պատճառ։ Հոգը բեռ մըն է, ծանր բեռ մը, որ կը ճնշէ մեր սիրտերուն վրայ, կը կորսնցնէ մեր հոգիին խաղաղութիւնը, կ՚ալեկոծէ մեր միտքը, ժխտական կը դարձնէ մեր մտածելակերպը։ Միշտ ու ամէն բանի համար հոգ ընող մարդը, չի կրնար յստակատես ըլլալ եւ շուրջի իրականութիւնները տեսնել այնպէս ինչպէս որ են, չի կրնար պատահող դէպքերուն իսկական ինչութեան թափանցել, անկարող կ՚ըլլայ նեղութեանց եւ փորձութեանց ետին կանգնող աստուածային օրհնութիւնները տեսնել։ Մէկ խօսքով, հոգ ընող մարդը կը կուրնայ մտապէս եւ կ՚անդամալուծուի հոգեպէս։
Ձերբազատելու համար նման մտային կուրութենէ եւ հոգեկան անդամալուծութենէ, պէտք է մեր հոգերը նետենք Աստուծոյ վրայ, նետենք յոյսով ու վստահութեամբ, նետենք հաւատքով եւ դրական ակնկալութեամբ։ Նետենք ա՛յն ակնկալութեամբ, որ անոնք մեզի պիտի վերադարձուին իբրեւ օրհնութիւն ու փառք, իբրեւ պարգեւ ու շնորհք։ Առաքեալը կ՚ըսէ. «Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէք, որպէսզի երբ յարմար ժամանակը գայ՝ ձեզ բարձրացնէ։ Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէք, որովհետեւ ինքը կը հոգայ ձեր մասին» (Ա.Պտ 5.6-7)։
Սիրելի՛ ընթերցող, Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհիլը մեր հոգերը Աստուծոյ վրայ ձգելն է։ Խոնարհ մարդը Աստուծոյ վստահող մարդն է, իսկ Աստուծոյ վստահող մարդը, իր մտահոգութիւններն ու հոգերը Աստուծոյ ձգող մարդն է։ Ո՛վ հաւատակից եղբայր եւ քոյր, հոգատար Աստուծոյ զաւակներուս չի վայելեր հոգերով բեռնաւորուած ըլլալ։ Միթէ թագաւորի մը զաւակին կը վայելէ՞ թշուառութեան մէջ ըլլալ։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից