28 Հունվար, Դշ. Առաջավորաց Պահքի Գ օր

Մօտիկ եղողներէն կրնանք հալածուիլ

Երբ օտարը կամ մեզ չսիրողը մեզ վշտացնէ՝ վիշտը կրնայ հասկնալի ու տանելի ըլլալ, բայց երբ մեզի ամենէն մօտիկ եղողները իրենք ըլլան մեզ խոցոտողները կամ դաւաճանողները՝ վիշտը կը դառնայ աւելի՛ անտանելի, եւ երեւոյթը՝ անհասկնալի։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ Աստուծոյ մարդիկը յաճախ իրենց ամենէն մօտիկ պարագաներէն է որ հալածուեցան։ Տանք քանի մը օրինակներ.-

1.- Աբէլ իր եղբօր՝ Կայէնին կողմէ սպաննուեցաւ։ Ինչո՞ւ Աբէլ սպաննուեցաւ Կայէնին կողմէ։ Ի՞նչ ըրած էր անոր։ Աստուածաշունչը ո՛չ մէկ յանցանք, սխալ խօսք կամ արարք կը վերագրէ Աբէլին։ Աբէլ սխա՞լ ըրաւ որ իր «ոչխարներուն անդրանիկներէն ու անոնց պարարտներէն բերաւ» Աստուծոյ (Ծն 4.4) եւ Աստուած ընդունեց իր ընծան։ Կայէն եթէ իր ունեցածին լաւագոյնը չընծայեց Աստուծոյ եւ Աստուած մերժեց զինք ու իր բերածը, ատիկա պէ՞տք էր պատճառ մը ըլլար որ իր եղբայրը սպաննէ։ Կայէն Աբէլի օրինակին պէտք չէ՞ր հետեւէր եւ ինքն ալ իր ունեցածին լաւագոյնն ու գեղեցկագոյնը պէտք չէ՞ր Աստուծոյ նուիրէր։

2.- Յովսէփ իր եղբայրներուն կողմէ կը հալածուէր ու կը չարչարուէր։ Ան ո՛չ մէկ ձեւով ցաւցուցած կամ անիրաւած էր անոնցմէ մէկը։ Երբ Յովսէփի եղբայրները իրենց հօտերը կ՚արածէին Դօթայիմի մէջ, Յովսէփ իր հօրը կողմէ ղրկուեցաւ անոնց մօտ որպէսզի իրենց որպիսութիւնը հարցնէր։ Երբ իր եղբայրները տեսան զինք որ իրենց կը մօտենար, իրարու ըսին. «Եկէք մեռցնենք զանիկա ու գուբի մէջ նետենք ու ըսենք թէ "չար գազան մը կերաւ զանիկա" եւ տեսնենք թէ անոր երազները ի՛նչ պիտի ըլլան» (Ծն 37.12-20)։ Տարօրինակ բան չէ՞ փորձել սպաննել մէկը որ կու գար իրենց որպիսութիւնը հարցնելու։ Անոնք թէեւ չսպաննեցին զայն, բայց զայն նետեցին գուբի մը մէջ եւ ապա անկէ դուրս հանեցին եւ ծախեցին Իսմայէլացիներուն մէկ կարաւանին որ Գաղաադէն կու գար ու Եգիպտոս կ՚երթար (Ծն 37.23-25)։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Յովսէփ իր եղբայրներուն նկատմամբ ո՛չ միայն ոխակալ չգտնուեցաւ, այլ ընդհակառակը, ծայր աստիճան սէր, ներողամտութիւն եւ գուրգուրանք ցուցաբերեց անոնց նկատմամբ (Ծն 45-50)։

3.- Եսաւ երկար տարիներով հետապնդեց ու հալածեց իր եղբայրը՝ Յակոբը, իր անդրանկութեան եւ օրհնութեան իրաւունքին յափշտակման համար։ Բայց մենք գիտենք որ Յակոբը չէր որ Եսաւին անդրանկութեան իրաւունքը յափշտակեց. Եսաւ ի՛նքն էր որ իր «անդրանկութեան իրաւունքը ծախեց Յակոբին» (Ծն 25.33)։ Գալով Յակոբի ստացած օրհնութեան, ատիկա եղաւ նախախնամութեամբը Աստուծոյ եւ կարգադրութեամբը իր մօր՝ Ռեբեկային։ Եսաւ որոշեց սպաննել Յակոբը իրենց հօրը կողմէն օրհնուած ըլլալուն համար (Ծն 27.41)։ Ռեբեկա գիտնալով իրողութիւնը, Յակոբը ղրկեց իր եղբօրը՝ Լաբանին քով։ Յիշենք նաեւ որ Յակոբ իր քեռիին՝ Լաբանին կողմէ ալ անիրաւուեցաւ։

4.- Մովսէսի դէմ խօսողները եղան իր եղբայրն ու քոյրը՝ Ահարոն եւ Մարիամ։ Աստուած բարկացաւ անոնց ըրածին համար եւ իսկոյն հրամայեց Մովսէսին, Ահարոնին եւ Մարիամին որ վկայութեան խորանը ելլեն։ Աստուած ամպի սիւնով վկայութեան խորանին դրան մօտ իջաւ եւ քովը կանչել տուաւ Ահարոնն ու Մարիամը եւ խիստ կերպով յանդիմանեց զիրենք Մովսէսի դէմ խօսած ըլլալնուն համար եւ նոյնիսկ բորոտութեամբ պատժեց Մարիամը (Թւ 12.1-15)։ Զգաստանանք եւ զգո՛յշ ըլլանք Աստուծոյ մարդոց դէմ խօսելէն։

5.- Սամփսոն իր կնոջ՝ Դալիլային կողմէ խաբուեցաւ։ Սամփսոն անչափ սէր ցուցաբերեց Դալիլային հանդէպ (Դտ 16.15), հակառակ ասոր, Դալիլա դաւաճանեց զինք եւ իր թշնամիներուն ձեռքը մատնեց։ Ինչո՞ւ կոտրենք սիրտ մը որ միայն սէր տածած է մեզի հանդէպ։

6.- Դաւիթ իր որդիին՝ Աբիսողոմին կողմէ քաղաքէ քաղաք հալածուեցաւ (Բ.Թգ 15-17)։ Երբ երկուքը իրենց բանակներով իրարու հանդիպեցան եւ պատերազմի պատրաստուեցան, Դաւիթ խստիւ պատուիրեց իր զօրավարներուն եւ զօրքին, որ իր սիրոյն համար խնայեն իր որդիին՝ Աբիսողոմին (Բ.Թգ 18.5)։ Ան երբ լսեց իր զաւկին մահուան մասին՝ աղիողորմ ճիչեր արձակելով սկսաւ լալ (Բ.Թգ 18.33)։

7.- Դեմաս սերտ գործակիցն էր Պօղոս առաքեալի։ Բայց Պօղոս անոր վերաբերեալ կ՚ըսէ. «Դեմասը այս աշխարհը նախընտրելով՝ զիս լքեց եւ Թեսաղոնիկէ գնաց» (Բ.Տմ 4.10)։ Առաքեալը ամէն ժամանակէ աւելի հիմա՛ էր որ Դեմասին եւ ուրիշներուն պէտք ունէր, որովհետեւ Հռոմ տարուած ու բանտարկուած էր, եւ ինքզինք կը զգար լքուած։ Հակառակ ասոր, առաքեալը յուսախաբ չեղաւ եւ յուսալքուած չզգաց։ Ան լքուած էր բայց ո՛չ յուսալքուած։ Քրիստոսի հաւատքը միշտ կենդանի մնաց իր կեանքին մէջ մինչեւ իր կեանքին աւարտը (Բ.Տմ 4.7-8)։

8.- Յիսուս գիտէր թէ Յուդա Իսկարիոտացին որ տասներկու աշակերտներուն խումբին մաս կը կազմէր, եւ որ անոնց հետ միասին ականատես եղաւ այն գուրգուրանքին որ ինք յայտնաբերեց հիւանդին, սգաւորին ու տառապեալին հանդէպ, եւ որ անձնապէս ալ պիտի վայելէր իր սիրալիր ներկայութիւնը՝ զինք պիտի մատնէր իր մահը փնտռողներուն ձեռքը, բայց ասիկա պատճառ մը չեղաւ որ հեռացնէր զինք իր աշակերտներուն խումբէն, կամ անտեսէր անոր ներկայութիւնը։ Նոյնիսկ այն վայրկեանը երբ Յուդա կը մօտենար Յիսուսի չարիք ընելու, Յիսուս զայն չարագործ չկոչեց, այլ՝ բարեկամ (Մտ 26-50)։

9.- Յիսուսը ուրացողը եղաւ նոյնինքն իր աստուածութիւնը հռչակող Պետրոս առաքեալը։ Բայց Յիսուս իր յարութենէն ետք չյանդիմանեց զինք իր ըրածին համար, այլ վերականգնեց զայն իր պաշտօնին մէջ։

10.- Յիսուսի ձերբակալութեան պահուն «աշակերտները բոլորն ալ ձգեցին զինք ու փախան» (Մր  14.50)։ Ոմանք նոյնիսկ իրենց ձկնորսութեան գործին վերադարձան (Յհ 21.1-3)։ Իր յարութենէն ետք, Յիսուս զիրենք դարձեալ հաւաքեց իրարու քով, մոռնալով անոնց ըրածը։

 

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

 

14.01.26
Օրհնությամբ ՝ ԱՀԹ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ․ Նավասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյանի
Կայքի պատասխանատու՝ Տեր Գրիգոր քահանա Գրիգորյան
Կայքի հովանավոր՝ Անդրանիկ Բաբոյան
Web page developer A. Grigoryan
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են Զորավոր Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի 2014թ․