Աստուածաշունչը կը խօսի երկու անձերու մասին որոնք նաւուն մէջ կը քնանային երբ անդին ծովը փոթորկած էր, Յովնան մարգարէին մասին (Յվն 1.5) եւ Յիսուսի մասին (Մր 4.37-38)։ Երկուքին պարագան ամբողջովին տարբեր է։ Անոնց քնանալուն պատճառներն ալ տարբեր են։ Յովնան մարգարէն ամբողջ օր մը փորձեց փախչիլ Աստուծոյ կամքը կատարելէն։ Աստուած ուզեց զինք Նինուէ ղրկել որպէսզի ապաշխարութիւն քարոզէ, իսկ ինք Աստուծմէ փախչելու համար Յոպպէ իջաւ եւ հոն նաւ մը բարձրացաւ որպէսզի Թարսիս երթար (Յվն 1.1-3)։
Ճամբու ընթացքին աստուածային միջամտութեամբ մը սաստիկ փոթորիկ մը պայթեցաւ եւ նաւը խորտակուելու վտանգին դիմաց եղաւ։ Ամէն մարդ սարսափեցաւ եւ սկսաւ ինքնիր Աստուծոյն աղաղակել եւ օգնութեան կանչել։ Ո՞ւր էր Յովնան այս բոլորին մէջ եւ ի՞նչ կ՚ընէր։ Բնագիրը կը հաստատէ, թէ «Յովնան նաւուն խորշը իջնելով պառկեր էր ու խորունկ կը քնանար» (Յվն 1.5)։
Ինչո՞ւ Յովնան կը քնանար։ Իր քունը իր պարտականութիւնը կատարած եւ հոգեկան գոհունակութեամբ լեցուած մարդու մը քո՞ւնն էր։ Իր քունը ինքզինք ապահով եւ խաղաղ զգացող անձի մը քո՞ւնն էր։ Իր քունը միտքն ու սիրտը հանգիստ անհատի մը քո՞ւնն էր։ Անշուշտ ո՛չ։ Յովնանի քունը Աստուծոյ անհնազանդ եւ հոգեկան խռովութեամբ լեցուած մարդու մը քունն էր։ Յովնան տրտմութենէն եւ հոգեկան նեղութենէն քնացած էր։ Ղուկասու Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Յիսուս աշակերտներուն մօտ եկաւ եւ զանոնք իրենց տրտմութենէն յոգնած, քնացած գտաւ» (Ղկ 22.45)։
Եթէ Յովնան կը քնանար որովհետեւ յոգնած էր ամբողջ օր մը Աստուծմէ փախչելէն, ապա Յիսուս, կը քնանար որովհետեւ յոգնած էր ամբողջ օր մը Գալիլեայի մէջ Աստուծոյ արքայութեան աւետարանը քարոզելէն։ Եթէ Յովնան կը քնանար փախչելու համար Աստուծոյ կողմէ իրեն յանձնուած պարտականութենէն, ապա Յիսուս, կը քնանար Աստուծոյ կողմէ իրեն յանձնուած գործը լաւագոյնս կատարած մարդու մը յաղթական ու խաղաղ քունով։ Եթէ Յովնան կը քնանար կարծելով որ կրնար վրիպիլ Աստուծոյ աչքէն, ապա Յիսուս, կը քնանար որովհետեւ գիտէր թէ երբե՛ք պիտի չվրիպէր եւ պիտի չմոռցուէր Աստուծոյ կողմէ։ Յովնան կը քնանար Աստուծոյ ձեռքէն փախչելու համար, իսկ Յիսուս կը քնանար Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ։ Մարգարէին քունը տրտմութեան հետեւանք էր, իսկ Յիսուսի քունը՝ հոգեկան ուրախութեան։
Մենք բոլորս կա՛մ Յովնանին եւ կա՛մ Յիսուսի վիճակին մէջ կը գտնուինք։ Քաջ գիտնանք, որ կեանքի ի՛նչ նաւեր ալ գործածենք, կեանքի նաւերուն ամենախորունկ եւ ամենամութ խորշերն անգամ իջնենք՝ չենք կրնար փախչիլ Աստուծոյ ներկայութենէն։ Ո՛չ երկինք գացողը կրնայ ազատիլ Աստուծմէ եւ ո՛չ ալ մեռելներու աշխարհը գացողը։ Սաղմասագիրը այս իրողութեան գիտակից, կը յայտարարէ. «Չկա՛յ տեղ մը՝ ուր հեռու զգամ քու Հոգիէդ, չկա՛յ տեղ մը՝ ուր հեռու ըլլամ ներկայութենէդ։ Երկինք ելլեմ՝ հո՛ն ես դուն, մեռելներու աշխարը իջնեմ՝ դարձեալ հոն ես դուն» (Սղ 139.7-8)։ Ինչո՞ւ փորձենք փախչիլ Աստուծմէ երբ ան կու գայ մեզ պաշտպանելու կեանքի փոթորիկներուն դիմաց։ Երանի՛ անոր որ Յիսուսեան քունով կը քնանայ եւ ո՛չ թէ Յովնանեան քունով։ Յիսուսի քունը ինքզինք ապահով ու պաշտպանուած զգացող մարդու մը քունն է։ Դաւիթ մարգարէն կ՚ըսէ. «Ես կը պառկիմ, կը քնանամ, վստահ՝ որ գիշերն ամբողջ Տէրը զիս կը պահպանէ» (Սղ 3.5)։ Դաւիթ այս խօսքերը արտասանեց երբ իր որդին՝ Աբիսողոմ զինք կը հալածէր։ Ան գիտէր որ Տիրոջ պաշտպանութիւնը կը վայելէր, ըլլայ քնացած եւ ըլլայ արթուն վիճակի մէջ։ Ան մտահոգ չէր որ կրնար Աբիսողոմին ձեռքը իյնալ եթէ քնանար։
Տակաւին, Յիսուսի քունը Աստուծոյ կամքը կատարած եւ Աստուծոյ խօսքով սնանող մարդու մը քունն էր։ Յիսուսի քունը Աստուծոյ կողմը յարողներուն եւ Աստուծոյ փարողներուն քունն էր։ Աստուծոյ կամքէն շեղած եւ Աստուծոյ կամքը չճանչցող մարդուն համար, անկարելի է գիշերները խաղաղ քուն ունենալ։ Աստուծոյ խօսքը չկարդացող եւ այդ խօսքին մասին չխորհրդածող մարդը չի՛ կրնար անոյշ քուն ունենալ։
Աստուծոյ կողմը չյարողները եւ Աստուծոյ չփարողները չեն կրնար հանդարտ քուն մը վայելել։ Սողոմոն իմաստուն կը յորդորէ որ մարդիկ յարին Աստուծոյ կողմը եւ խորհին իր խօսքերուն մասին։ Այդպէս ընողներուն վերաբերեալ, ան կ՚ըսէ. «Եթէ պառկիս՝ պիտի չվախնաս եւ եթէ քնանաս՝ քունդ անոյշ պիտի ըլլայ» (Առ 3.18-24)։ Աստուծոյ զաւակները անվախ եւ անոյշ քունով մը կը քնանան։ Անվախ չ՚ըլլար քունը անոր՝ որ ապաստան չէ գտած Աստուծոյ մէջ։ Անոյշ չ՚ըլլար քունը անոր՝ որ լեցուած է մեղքի դառնութեամբ։
Սիրելի՛ եղբայր եւ քոյր, գիշերուայ քունդ ինչպիսի՞ քուն մըն է, Յիսուսեա՞ն, թէ՝ Յովնանեան. այլ խօսքով՝ խաղա՞ղ, թէ՝ խռովութեամբ լի, դա՞ռն, թէ՝ անոյշ։ Դառն յուսահատութիւնն ու անօգնական զգալը մեզ կ՚առաջնորդեն անձնասպանութեան եւ ինքնակործանումի։ Յովնան մարգարէն նաւուն մէջ եղողներուն ըսաւ. «Զիս վերցուցէք ու ծովը նետեցէք ու ծովը պիտի խաղաղի, որովհետեւ ես գիտեմ թէ այս մեծ փոթորիկը իմ պատճառովս եղաւ» (Յվն 1.12)։ Յովնանի այս առաջարկը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ կեանքէն յուսահատած եւ կատարելապէս յուսախաբ եղած մարդու մը խօսքը, որ ամէն գնով կ՚ուզէր վերջ դնել ինքնիր կեանքին։ Իր առաջարկը անձնասպանութեան առաջարկ մըն էր։ Տարօրինակ է մարդ արարածը, որ կը նախընտրէ անձնասպան ըլլալ քան ապաշխարել եւ խոնարհիլ Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ։
Ընթերցող բարեկամ, յանձնուէ Աստուծոյ, որպէսզի երբ Ֆիզիքապէս քնանաս, սիրտդ եւ հոգիդ արթուն մնան, ինչպէս էր պարագան Յիսուսի։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից