Եթէ ոսկիին վստահիս՝ յիշէ որ անիկա կրնայ գողցուիլ։ Եթէ դրամին վստահիս՝ յիշէ որ անիկա կրնայ սպառիլ։ Եթէ մարդու վստահիս՝ յիշէ որ անիկա կրնայ դաւաճանել։ Եթէ լեռներու վստահիս՝ յիշէ որ անոնք կրնան սասանիլ։ Եթէ երկրաւոր թիկնապահներու ապաւինիս՝ յիշէ որ անոնք կրնան քեզմէ առաջ մեռցուիլ։ Եթէ գահերու կառչիս՝ յիշէ որ անոնք կրնան տապալեցուիլ։ Իսկ եթէ Աստուծոյ վստահիս եւ ապաւինիս՝ ան քեզ յուսախաբ պիտի չընէ, պիտի չլքէ, պիտի չմոռնայ, ընդհակառակը՝ պիտի պաշտպանէ ու պահպանէ, պիտի օրհնէ ու օծէ։
Բայց կարեւորը սիրտո՛վ վստահիլն է Աստուծոյ եւ ո՛չ թէ խօսքով։ Կը պատմուի որ երիտասարդ մը իր քաղաքի մարդոց կ՚ըսէ թէ ինք օր մը ետք մէկ շէնքէ դէպի միւս շէնքը երկարող պարանի մը վրայէն պիտի քալէ։ Յաջորդ օր բազմահազար մարդիկ կը հաւաքուին տեսնելու համար դէպքը։ Երբ երիտասարդը կը սկսի պարանին վրայէն քալել, ամբողջ բազմութիւնը կը սկսի ծափահարել եւ աղաղակել ըսելով.- «Կեցցէ՜, կեցցէ՜ այս երիտասարդը, ա՛յս է մեր թագաւորը, ա՛յս է իսկական քաջը, ա՛յս է իրական վստահելին»։ Երիտասարդը յաջողութեամբ կ՚անցնի աւելի քան յիսուն մեթր երկարութիւն ունեցող պարանին վրայէն։
Ան քաջալերուած ժողովուրդին ծափահարութենէն եւ վստահութիւն ներշնչող խօսքերէն, ուրիշ պարան մը առաւ, աւելի բարակ եւ դէպի աւելի հեռու շէնք մը կապեց եւ դարձեալ սկսաւ վրայէն քալել, եւ ժողովուրդը դարձեալ սկսաւ բացականչել. «Ապրի՜ մեր թագաւորը, հազա՜ր ապրի, առի՛ւծ է մեր թագաւորը, քա՛ջ է մեր թագաւորը, անպարտելի՛ է մեր թագաւորը»։ Երիտասարդը խանդավառուած ժողովուրդին խօսքերէն, յաջողութեամբ պարանին վրայէն քալելով միւս կողմը անցնելէ ետք, պատշգամ ելաւ եւ ըսաւ. «Քանի այսքան կը վստահիք ինծի, ձեզմէ ո՞վ կ՚ուզէ զինք իմ ուսերուս վրայ առնեմ եւ նոյն այս բարակ պարանին վրայէն քալելով միւս կողմը անցնիմ»։ Ժողովուրդին մէջ մեծ լռութիւն տիրեց։ Մէկը չուզեց։ Բոլորն ալ վախցան։
Սիրելինե՛ր, քննե՛նք մեր անձերը։ Արդեօք մենք եւս այս ժողովուրդի նման չե՞նք վերաբերիր Աստուծոյ հետ։ Հաւանաբար մենք եւս մէկ կողմէն կը յայտարարենք.- «Հզօ՛ր թագաւոր է Աստուած, մե՛ծ թագաւոր է Աստուած» բայց միւս կողմէն կը մերժենք վստահիլ այդ ՀԶՕ՛Ր ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ, ԱՅԴ ՄԵ՛Ծ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ։ Շատ կը հանդիպինք մարդոց որոնք երբ հանգիստ վիճակի մէջ են՝ կը յայտարարեն թէ կը վստահին Աստուծոյ, բայց երբ նեղ կացութեան մատնուին, կը տեսնենք որ կը դժուարանան վստահիլ Աստուծոյ, կը դժուարանան իրենց դատը դնել Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ, եւ կը փորձեն իրենց սեփական ոյժով եւ իմաստութեամբ լուծել ծագած դժուարութիւնները։
Աստուծոյ իսկական վստահող մարդը մի՛շտ պէտք է վստահի, ամէ՛ն ատեն, ամէ՛ն պարագայի մէջ, ամէն կացութեան դիմաց։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից